Երկու վեհափառ հայրապետներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին
Վեհափառ հայրապետները տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն շուրջ, մասնաւորաբար Տաւուշի մարզին մէջ ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ:
Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կապ հաստատելով Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ` իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց ժամեր առաջ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան գծով` Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան առնչուած:
Վեհափառ հայրապետները տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն շուրջ, մասնաւորաբար Տաւուշի մարզին մէջ ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ: Անոնք որոշեցին շարունակել իրենց խորհրդակցութիւնները` շեշտելով հայ եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը յուզող տագնապներու յաղթահարման գծով:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
08/05/2024, 08:17