Որոնել

Քոնկրես Քոնկրես 

66 քոնկրեսականներ քոնկրեսին կոչ ուղղած են 200 միլիոն տոլար յատկացնել Արցախի գաղթականներուն եւ Ազրպէյճանէն պաշտպանուելու համար օգնելու Հայաստանին

Նամակի համահեղինակները յատուկ մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանի դէմ նոր պատերազմ հրահրելու` Ալիեւի վարչակարգի մտադրութիւններուն վերաբերեալ:

Միացեալ Նահանգներու 66 քոնկրեսականներ Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնախումբի ղեկավարներուն կոչ ուղղած են 200 միլիոն տոլար յատկացնելու արցախցի գաղթականներուն, ընդլայնելու Միացեալ Նահանգներու զինուորական օգնութիւնը Հայաստանին դադրեցնելու Ազրպէյճանին զինուորական ու անվտանգային բոլոր յատկացումները եւ ուսումնասիրելու Ազրպէյճանի զինուորական յանցագործներուն դէմ պատժամիջոցներու կիրարկման հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Նամակը ուղարկուած է Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին գործողութիւններու գծով յատկացումներու ենթայանձնախումբի նախագահ Մարիօ Տիաս-Պալարթին եւ պատգամաւոր Պարբարա Լիին:

Ուղարկուած նամակին մէջ կոչ կ՛ուղղուի 200 միլիոն տոլար տրամադրելու Արցախէն տեղահանուածներու համար, կասեցնելու Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանին տրամադրուող զինուորական եւ անվտանգութեան օգնութիւնը: Նամակով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին կոչ կ՛ուղղուի գնահատելու ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու դէմ հաւանական պատժամիջոցներ կիրարկելու հարցը: Բացի ատկէ, կոչ կ՛ուղղուի 20 միլիոն տոլարի զինուորական ֆինանսաւորում յատկացնելու Հայաստանին եւ 10 միլիոն տոլար` միջազգային զինուորական կրթութեան եւ ուսուցման համար: Նաեւ կոչ կ՛ուղղուի 10 միլիոն տոլար տրամադրելու Հայաստանին իրաւական բարեփոխումներու համար եւ յաւելեալ 10 միլիոն տոլար` ժողովրդավարական բարեփոխումներու համար:

«Մենք կը միանանք Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավարութեան ու Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան վաթսուն գործընկերներուն` պահանջելով Ազրպէյճանին Միացեալ Նահանգներու զինուորական օգնութեան` շատոնց հասունցած արգելք, Ալիեւի վարչակարգի դէմ պատժամիջոցներ եւ Արցախէն տեղահանուածներու համար Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական օգնութեան զգալի ծաւալ: Հաշուի առնելով, որ տասնեակ միլիառաւոր ամերիկեան տոլարներ կ՛ուղարկուին աշխարհի ճգնաժամային գօտիներ, 20 միլիոն տոլարէն նուազ գումարը, որ նախագահ Պայտըն նախատեսած է, սակայն տակաւին չէ յատկացուցած տեղահանուած արցախահայութեան, իսկապէս խայտառակութիւն է», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը:

Կոչ ուղղելով` 200 միլիոն տոլարի օգնութիւն ցուցաբերելու Արցախէն տեղահանուած անձերու` Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրենք Փալոնն ու նամակի միւս համահեղինակները նշած են, որ Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային ընտանիքի արձագանգը Արցախի մէջ Ազրպէյճանի ցեղասպանական ցեղային զտման, ամբողջովին անբաւարար եղած է այդ ընտանիքներու կենսական կարիքները բաւարարելու համար: Հայրենիք վերադառնալու անոնց երաշխաւորուած իրաւունքը չապահովելը նոյնպէս սեւ կէտ կը մնայ միջազգային դիւանագիտական հանրութեան հեղինակութեան վրայ:

Նամակի համահեղինակները յատուկ մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանի դէմ նոր պատերազմ հրահրելու` Ալիեւի վարչակարգի մտադրութիւններուն վերաբերեալ:

«Անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանին լրացուցիչ օգնութիւնը օտարերկրեայ զինուորական ֆինանսաւորման եւ միջազգային զինուորական կրթութեան եւ վերապատրաստման տեսքով յատկապէս կարեւոր է, որովհետեւ հայ ժողովուրդը միջազգային օգնութիւն կը փնտռէ իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու համար` ի դէմս ազրպէյճանական մնայուն ծաւալապաշտութեան եւ շրջանին մէջ այլ մենատիրական վարչակարգերու կողմէ հաւանական սպառնալիքներու: Այդ պատճառով մենք պէտք է շարունակենք մեր ջանքերը` ապահովելու, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կայունանան», նշած են անոնք:

Աղբիւրը ՝Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2024, 08:25