Տաւուշի մարզերուն մէջ Դեբեդ, Աղստեւ եւ Տաշիր գետերու վարարման հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասաւ չորսի
Մայիս 26-ին տեղատարափ անձրեւէն Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ Դեբեդ, Աղստեւ եւ Տաշիր գետերու վարարման հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասաւ չորսի․ յայտնած է տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար, արագ արձագանգման շտաբի ղեկավար Գնել Սանոսեանը։
Ըստ արձագանգման շտաբի ղեկավարի՝ ընդհանուր առմամբ, 17 կամուրջ ունինք փլած: Ատոնց մէկ մասը համայնքային նշանակութեան փոքր կամուրջներ են, բայց առնուազն 5-6 կամուրջ կայ, որոնք բաւականին խոշոր կամուրջներ են:
«Գիշերը կարողացանք տեխնիկաները հասցնել Ախթալայի ուղղութեամբ, որտեղ 5 բնակավայրեր կտրուած են 2 կամուրջների փլուզման հետեւանքով։ Այնտեղ կայ դաշտային ճանապարհ, որտեղով կարողացել ենք բարձր մեքենայով յղի կնոջ տեղափոխել»,- յայտնած է Սանոսեանը։
Լոռիի մարզին մէջ 2 500 բնակիչ զրկուած է ելեկտրականութեան մատակարարումէն: Շուրջ 1 000 բնակիչ ալ Տաւուշի մարզի մէջ զրկուած է ելեկտրականութեան մատակարարումէն, յայտնած է Սանոսեանը։
Մինչդեռ ՀՀ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ որոնողափրկարարական եւ անյետաձգելի վթարավերականգնողական աշխատանքները կը շարունակուին, փրկարարներու եւ ներգրաւուած այլ ուժերու միջոցով Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ տարբեր բնակավայրերէ տարհանուած է 269, փրկուած` 120 մարդ, մասնաւորապէս, 347 մարդ՝ Լոռիի մարզի եւ 42 մարդ՝ Տաւուշի մարզի մէջ:
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ