Որոնել

Անհնազանդութեան շարժումներ եւ երթեր Երեւանի մէջ Անհնազանդութեան շարժումներ եւ երթեր Երեւանի մէջ  (AFP or licensors)

Անհնազանդութեան շարժումներ եւ երթեր` Երեւանի եւ Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ

Վայոց ձորի մէջ կատարուած շարժումներու ընթացքին ձեբակալուած է 4 հոգի, անոնցմէ երեքը չեն կատարած ոստիկանի օրինական պահանջը, մէկն ալ ոստիկանի նկատմամբ բռնութիւն կիրարկած է, ըստ ներքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան:

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսան անհնազանդութեան շարժումները Երեւանի մէջ: Բագրատ արք. Գալստանեան նախանցեալ օր համալսարաններուն կոչ ուղղած էր դասադուլի դիմելու: Երէկ առաւօտէն Երեւանի պետական համալսարանի խումբ մը ուսանողներ համալսարանին մէջ ցոյց իրականացուցին եւ սկսան շրջիլ տարբեր բաժանմունքներուն մէջ` կոչ ուղղելով միանալու Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժումին: Զուգահեռ, Բագրատ սրբազանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ երթ, որ սկսաւ շրջիլ Երեւանի տարբեր համալսարանները:

Առաւօտէն սկսած անհնազանդութեան շարժումներու 12 մասնակից ձերբակալուած է եւ տարուած ոստիկանական բաժիններ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Նարեկ Սարգսեան:

Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով` 8 մարդ ձերբակալուած է Երեւանի մէջ կատարուած անհնազանդութեան շարժումներուն ժամանակ: Անոնցմէ երկուքը ոստիկանատուն տարած են սառն զէնք` դանակներ, մէկը` չթոյլատրուած առարկայ պահելու համար: Երեւանի շարժումներու 5 մասնակից ալ ձերբակալուած է ոստիկանի օրինական պահանջը չկատարելու համար:

Վայոց ձորի մէջ կատարուած շարժումներու ընթացքին ձեբակալուած է 4 հոգի, անոնցմէ երեքը չեն կատարած ոստիկանի օրինական պահանջը, մէկն ալ ոստիկանի նկատմամբ բռնութիւն կիրարկած է, ըստ ներքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան:

Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեանը լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարեց, որ իրենց խմբակցութիւնը` 6 հոգի, անվստահութեան գործընթացին միանալու պատրաստակամութիւն յայտնած է:

Ըստ Աբրահամեանի, 35 պատգամաւոր ձեւաթուղթի տակ ստորագրելու պատրաստակամութիւն յայտնած է: Վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու Ազգային ժողովի որոշումի նախագիծը խորհրդարան ներկայացնելու համար առնուազն 36 պատգամաւորի ստորագրութիւն անհրաժեշտ է: Այս պահուն յայտնի չէ, թէ «Պատիւ ունեմ»-ի ցուցակով լիազօրագիր ստացած, իսկ հիմա ոչ մէկ խմբակցութեան մէջ ընդգրկուած Իշխան Զաքարեանը պիտի միանա՞յ գործընթացին, թէ՞ ոչ:

«Անվստահութիւն յայտնելու հոլովոյթը կեանքի կոչելու գործընթացը քննարկման փուլին մէջ է», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը` նշելով, որ խօսքը 36 պատգամաւորի ստորագրութիւն ապահովելու հարցին կը վերաբերի եւ նոր վարչապետի թեկնածուին:

«Իրաւական եւ թեքնիք հարցերուն հետագային պարզաբանում պիտի տրուի», նշեց Մանուկեան:

Երեկոյեան Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: «Անընդհատ զիս կը փորձեն երկրորդ նախագահին հետ կապել, որոշներն ալ կը փորձեն երրորդ նախագահին հետ կապել, անընդհատ ատոր մասին կը խօսին. ես չեմ հասկնար այս մարդիկ այդքան վախցա՞ծ են երկրորդ նախագահէն, թէ՞ ինձմէ վախցած են», այս մասին Հանրապետության հրապարակին մէջ տեղի ունեցող  հանրահաւաքին ըսաւ Բագրատ սրբազանը:

Բագրատ սրբազան անդրադարձաւ անոր, որ ինք հանդիպած է Ազգային ժողովի երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն հետ եւ քննարկած վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու հարցը. «Կ՛ըսեն` երկու նախագահներուն մէջ թեկնածուի հարցը չեն կրցած յստակեցնել: Ժողովուրդ ջան, որո՞ւն հետ պէտք է հանդիպէի: Երեք խմբակցութիւններն են այն օրինական ճանապարհը, որով անվստահութեան գործընթացը կ՛իրականացուի: Զանոնք ընտրած էք, անոնց հետ հանդիպած ենք: Երկու խմբակցութիւններն ալ հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` այդ գործընթացին սկսելու»:

Սրբազանը յայտարարեց, որ այսօր հանրահաւաք տեղի պիտի չունենայ:

«Տարբեր խումբերու հետ` մասնագիտական, փորձագիտական խումբերու հետ պիտի վերածրագրենք մեր յառաջիկայ ամբողջ ընելիքները: Անոնց մասին դուք պիտի իմանաք», նշեց ան` աւելցնելով. «Կիրակի օր երեկոյեան ժամը 6:00-ին կը հաւաքուինք, կը հանդիպինք ու յստակօրէն կը պայմանաւորուինք, թէ ի՛նչ պիտի իրականացնենք»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2024, 07:55