Որոնել

2024.05.28 Stemma Repubblica Armenia

Մայիս 28, պատմարժէք եւ նշանակալից տօն

Մայիս 28-ը նաեւ խորհրդանիշն է մեր բռնագրաւուած պատմական հողերու վերատիրացումին: Ան ներշնչարանն է հայրենի հողի կանչին: Ան իմաստութեան կանչն է, որ ազատ ու անկախ հայրենիք կը կերտուի միայն ու միայն ժողովուրդի վճռական որոշումով, անսահման զոհողութիւններով եւ քաղաքական հասունութեամբ:

Մայիս 28-ը հայոց արդի պատմութեան ամէնէն նշանակալից եւ պատմարժէք տօներէն մէկն է: Ան Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան թուականն է, հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան, ինքնորոշումի եւ սեփական ճակատագրի տնօրինումին տօնն է:

Իր պետականութիւնը կորսնցնելէ շուրջ վեց դարեր ետք, 1918-ի մայիս 28-ին ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ հայ ժողովուրդը անցաւ պետութիւն ունեցող ազգերու շարքին: Ասիկա հայոց նորագոյն պատմութեան մեծագոյն նուաճումներէն մէկն էր, որովհետեւ 20րդ դարու մեր առաջին հանրապետութիւնը հիմնաքարը դարձաւ հայ ժողովուրդի ներկայ պետականութեան:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը իրականացումն էր երազի մը` երազելու իրաւունքէն զրկուած ժողովուրդի մը համար, որ մահուան մութ ձորի մէջէն կ՛անցնէր: Արդարեւ, արեւմտահայութիւնը իր բնաշխարհէն արմատախիլ ընելէ եւ Ցեղասպանութեան քրէական ոճիրը գործելէն ետք, 1918-ին թրքական պետութիւնը կը նկրտէր արեւելահայութիւնն ալ բնաջնջել եւ քարտէսի վրայէն ջնջել Հայաստանն ու հայ անունը:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան կը ստորագրուէր Պրեսթ-Լիթովսքիի հաշտութեան դաշնագիրը Թուրքիոյ եւ Դաշնակից պետութիւններու միջեւ, որով Ռուսիա, պարտաւորուած էր իր գրաւած արեւելեան Անատոլուի նահանգները պարպել, ինչպէս նաեւ` Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի շրջանները, եւ յանձնել զանոնք պատերազմի մէջ պարտեալ Թուրքիոյ:

Ռուսիոյ մէջ սկսած էր պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը եւ ռուս համայնավարներ թուրքերուն հետ կը ծրագրէին հաշտութիւն կնքել: Օգտուելով իրերու այս կացութենէն, թուրքեր շարժման մէջ դրին իրենց վերակազմեալ բանակը` հայութեան մնացորդացը ջարդելու եւ Հայաստանը գրաւելով` իրագործելու համաթուրանական իրենց երազը:

Մինչ Ռուսիա զբաղած էր իր ներքին քաղաքացիական կռիւներով, կովկասեան ազգերը` հայեր, վրացիներ եւ թաթարներ (ազերիներ), փետրուար 1918-ին կազմեցին Կովկասեան Դաշնակցային Հանրապետութիւնը (Սէյմը), որ դժբախտաբար քանի մը ամսուան մէջ պառակտուեցաւ եւ կազմալուծուեցաւ, որովհետեւ զայն կազմող երեք ազգերը իրենց շահերով եւ զգացումներով իրարու ներհակ` սկսած էին ծածուկ դաւեր նիւթել իրարու դէմ: Թաթարները կրօնով մահմետական ըլլալով` կը ջանային դիւրացնել թուրք բանակներու ներխուժումը դէպի Կովկաս` իրականացնելու համար համաթուրանական իրենց ծրագիրը: Վրացիները, թէեւ` կրօնակից հայերու, կը տենչային հողային գրաւումներ կատարել ի վնաս հայերուն: Անոնք կ՛աշխատէին ապահովել Թուրքիոյ դաշնակից Գերմանիոյ հովանաւորութիւնն ու ճանաչումը իրենց հիմնելիք նոր պետութեան: Ի տես այս կացութեան` թրքական բանակը կը յառաջանար եւ կը գրաւէր Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը (Գիւմրի): Մինչ այդ վրացիք անկախութիւն կը հռչակէին 26 մայիս 1918-ին: Օր մը ետք, մայիս 27-ին, Ազրպէյճան եւս կը յայտարարէր իր անկախութիւնը: Հայերը ստիպուած էին առանձին կռուելու թուրքերուն դէմ:

Թուրքերը ուրախ էին յայտարարուող այս ազգային անկախութիւններով, որովհետեւ այս ձեւով Կովկաս իր կապերը կը խզէր ռուսերու հետ, եւ Թուրքիա կրնար իր ուզածը ընել: Թուրք կառավարութիւնը կրնար նոյնիսկ կործանել Արեւելահայաստանը:

Թուրքերը գինովցած իրենց ռազմական յաջողութիւններէն` յառաջացան դէպի Երեւան: Անոնց թնդանօթները միայն եօթը քիլոմեթր հեռու էին մայրաքաղաքէն: Մեր թշնամին կոտորելէ ետք արեւմտահայութիւնը, իր գազանային բնազդի շղթայազերծումով, որոշած էր կոտորել նաեւ արեւելահայութիւնը: Օրհասական այս ճգնաժամի մէջ հայութիւնը բոլորովին ձգուած էր իր ճակատագրին: Հայ ժողովուրդին առջեւ ցցուած էր «լինել-չլինելու», կենաց եւ մահու գոյամարտը: Ան կը կռուէր թուրքերու դէմ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն վրայ:

Հայ ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով, մեծով ու պզտիկով, արհեստաւորով ու արհեստավարժով, բանուորով ու եկեղեցականով թիկունք կեցաւ հայոց տասը հազարնոց բանակին` դուրս շպրտելով իր դարաւոր թշնամին եւ իր պապերու հողերուն մէկ մասին վրայ հիմնեց հայկական պետութիւն մը: Մեր հերոսական ժողովուրդը իր մոխիրներէն յառնած ու իր մոխիրներուն վրայ աշխատեցաւ կերտել իր հայրենիքը: Ասիկա ոչ միայն հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը վկայող, այլ նաեւ հայութիւնը իր մեծ տեսլականով ներշնչող մղոնաքար մը հանդիսացաւ:

Արդարեւ, 28 մայիս 1918-ին Թիֆլիսի մէջ հայոց Ազգային խորհուրդը, որ աչալուրջ կը հետեւէր դէպքերուն, հռչակեց Հայաստանի անկախութիւնը` հանրապետական վարչաձեւով: Այսպիսով, պարտուած թշնամին կը ճանչնար Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութիւնը, նոյնպէս դրացի եւ հեռաւոր ազգեր կը ճանչնային հայոց նոր պետութիւնը: Այնուհետեւ Հայաստան կը դառնար ազգերու ընտանիքին մէկ անդամը:

Չափազանց դժուար երկունքով ծնած նորածին Հայաստանը նոյնքան դաժան մանկութիւն մը ունեցաւ` դիմագրաւելով ներքին եւ արտաքին թշնամիներ, սով, հիւանդութիւն, տնտեսական եւ ռազմական մարտահրաւէրներ: Բայց, ի հեճուկս այդ ամէնուն, հիւանդ ծնած երեխայի վիճակ ունեցող այս նորածին պետութիւնը շուրջ երկու տարուան մէջ երկիրը բարեշրջման ճամբու մէջ դրաւ: 28 մայիս 1918-ի ազատ եւ անկախ Հայաստանը 12.000 քառակուսի քմ տարածութիւն ունէր: Տարի մը ետք, 28 մայիս 1919-ը թուականին ան ունեցաւ 70.000 քմ տարածութիւն: Իսկ համաձայն 10 օգոստոս 1920-ին ստորագրած Սեւրի դաշնագրին, Հայաստանը պիտի դառնար շուրջ 160.000 քառ. քմ տարածութեամբ երկիր մը:

Աւելի՛ն. այդ դառն ու դժնդակ օրերուն, հայ ժողովուրդը եւ իր ղեկավարութիւնը կեանքի կոչեցին կրթական հաստատութիւններ` մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան. հիմնեցին մասնագիտական դպրոցներ` մանկավարժական, արհեստներու, երաժշտական եւ զինուորական ճիւղերու մէջ. ստեղծեցին շուրջ 12.000-նոց հայկական բանակ մը` ղեկավարութեամբ փորձառու եւ համալսարանաւարտ զինուորականներու:

Այո՛, այս նորափթիթ պետութիւնը որոշ չափով իրականացուց հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը, որն էր` ունենալ իր կորսնցուցած հայրենիքը, համախմբուիլ այնտեղ եւ սկսիլ ստեղծագործ աշխատանքի` իր բաժինը  բերելով մարդկային քաղաքակրթութեան եւ յառաջդիմութեան:

Ամէն տարի, մայիս 28-ին հայ ժողովուրդը կը տօնէ իր ազատութեան եւ անկախութեան տարեդարձը, իր ազատ եւ անկախ ըլլալու տեսլականը, որ կու գայ մեր անցեալէն, եւ որ` արմատացած է հայ հոգիներուն մէջ: Ան վկայութիւնն է հայ ժողովուրդի ազատ ապրելու եւ գոյատեւելու կամքին:

Մայիս 28-ը նաեւ խորհրդանիշն է մեր բռնագրաւուած պատմական հողերու վերատիրացումին: Ան ներշնչարանն է հայրենի հողի կանչին: Ան իմաստութեան կանչն է, որ ազատ ու անկախ հայրենիք կը կերտուի միայն ու միայն ժողովուրդի վճռական որոշումով, անսահման զոհողութիւններով եւ քաղաքական հասունութեամբ:

Այո՛, մայիս 28-ը խորհրդանիշն է հայուն ազատատենչ հոգիին եւ ներշնչման աղբիւրը` գալիք սերունդներուն:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2024, 08:27