Կիրանցիները կը քանդեն ու կը հրկիզեն իրենց սեփականութիւնը՝ Ատրպէյճանին յանձնելէ ակռաջ
Սահմանազատուած Կիրանցի մէջ բնակիչները սկսած են այրել իրենց գոյքն ու հողամասը այն հատուածին մէջ, որ պիտի անցնի Ատրպէյճանին:
Գիւղացիներուն համաձայն, նման միջադէպի մը ընթացքին իրաւապահ համակարգի ներկայացուցիչ մը փորձեց արգիլել եւ սկսաւ հրմշտուք. ոստիկանները միջամտեցին ու կրցան կողմերը հանդարտեցնել:
Իր ունեցուածքը քանդել փորձող այլ գիւղացիի մը փորձեց խանգարել ոստիկանութեան գնդապետ Արթուր Մկրտչեան:
Իրավիճակը գիւղին մէջ լարուեցաւ, երբ տեղեկութիւն տարածուեցաւ այն մասին, որ գոյք կորսնցնող գիւղացիներուն, մասնաւորաբար վակոն-խանութի սեփականատիրոջ մը, յորդորած են իր իրերը դուրս հանել:
Սեփականատէր Ռուդիկ Աւալեան ըսաւ, որ իրեն աւելի երկար ժամկէտ տուած էին: Աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ մէկ ամիս կայ գոյքերը հեռացնելու, դուրս գալու. նաեւ մէկ ամիսէն պիտի օգտագործուի Կիրանց տանող ճամբան:
«Ազատութիւն»ը կրցաւ նաեւ ծանօթանալ «Գոյքի դիմաց փոխհատուցում» դիմումին, զոր գոյք կորսնցնող կիրանցիները պէտք է ներկայացնեն կառավարութեան: Այս դիմումով, բնակիչները կը խնդրեն գոյքի դիմաց փոխհատուցում տրամադրել եւ կը հաստատեն, որ փոխհատուցում ստանալէ ետք կը հրաժարին գոյքի նկատմամբ իրենց իրաւունքներէն:
Ցարդ կառավարութենէն ոչինչ կ՛ըսեն փոխհատուցման մասին: Առայժմ նաեւ յայտնի չէ, թէ քանի՛ հողակտոր պիտի անցնի սահմանին միւս կողմը: Գիւղացիները աւելի կանուխ ըսած էին, որ 54 հողակտոր սահմանազատման պատճառով պիտի անցնի Ատրպէյճանին. անոնք կը պատկանին 30 բնակիչներու:
Արդէն 5րդ օրն ըլլալով փակ է Կիրանց տանող ճամբան: Կը շարունակուին այլընտրանքային շրջանցիկ ճամբու շինարարութեան աշխատանքները: Այստեղ տեսանելի հատուածին մէջ 23 Մայիսին աւելցաւ սահմանապահներուն թիւը, անոնք հերթապահութիւն կը կատարեն:
Յիշեցնենք, թէ Կիրանցի գիւղապետը ըսած էր, որ սահմանազատման իբրեւ արդիւնք Ատրպէյճանին կ՛անցնին 2 տուներ, 3 վակոն-տնակ, վառելանիւթի մէկ կայան, 5-6 տուն ալ կամուրջի յանձնման պատճառով պիտի ունենան ապահովական հարցեր:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ