Որոնել

Իսրայէլի եւ Պաղեսինի միջեւ բախումներ Իսրայէլի եւ Պաղեսինի միջեւ բախումներ  (ANSA)

Համաս ընդունեց առաջարկուած գործարքը, Իսրայէլ գրաւեց Ռաֆահի անցակէտի պաղեստինեան կողմը

Իսրայէլացի երեք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեց, որ Համասի առաջարկը ընդունիլը անակնկալի մատնած է իսրայէլեան կառավարութիւնը` նշելով. «Իսրայէլ միջնորդներէն պատասխանը ստացաւ Համասի` իր դիրքորոշումը հրապարակելէն միայն շուրջ մէկ ժամ ետք»:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը երկուշաբթի օր ընդունեց գերիներու փոխանակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման գործարքին շուրջ եգիպտական առաջարկը:

Համասէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Շարժումը համաձայն գտնուեցաւ առաջարկի մը, որ կը բաւարարէ կարգ մը պահանջներ, ներառեալ զինադադարը, վերակառուցումը, գաղթականներու տունդարձն ու գերիներու փոխանակումը»:

Կազայի մէջ Համասի ղեկավարի տեղակալ, Համասի պատուիրակութեան ղեկավար Խալիլ Հայէ յայտնեց. «Համաձայնութեան մէջ գաղթականներուն Կազայի բոլոր շրջաններ վերադարձին սահմանափակումներ չկան: Համաձայնութեան 2-րդ փուլը Կազայէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացում կը պարունակէ»: «Գնդակը այժմ իսրայէլեան դաշտին մէջ է, եւ կը կարծեմ համաձայնութիւնը բոլոր կողմերը կը գոհացնէ», աւելցուց ան:

«Զինադադարի հաստատման առաջարկը կը բաղկանայ երեք փուլերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին տեւողութիւնը 42 օր է», յայտնեց Հայէ:

«Հաարեց» հաղորդեց. «Առաջարկը, որուն Համաս համաձայն գտնուեցաւ, նման է այն առաջարկին, որուն Իսրայէլ համաձայն գտնուեցաւ, եւ այժմ գնդակը Նեթանիահուի դաշտին մէջ է»:

Պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Համասին համաձայն գտնուած առաջարկը Իսրայէլի եւ Ուաշինկթընի ներկայացուցած առաջարկին թեթեւօրէն բարեփոխուած տարբերակն է` նշելով. «Համասի պատասխանը լուրջ էր, եւ այժմ Իսրայէլի կը մնայ որոշել, եթէ համաձայնութիւն պիտի գոյացնէ»:

Իսրայէլացի երեք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեց, որ Համասի առաջարկը ընդունիլը անակնկալի մատնած է իսրայէլեան կառավարութիւնը` նշելով. «Իսրայէլ միջնորդներէն պատասխանը ստացաւ Համասի` իր դիրքորոշումը հրապարակելէն միայն շուրջ մէկ ժամ ետք»:

Ըստ իսրայէլեան կայքին, երբ իսրայէլացիները կարդացած են Համասի պատասխանը, «անակնկալի եկած են տեսնելով, որ անոր մէջ կան նոր կէտեր, որոնք Եգիպտոսի եւ Քաթարի շուրջ 10 օր առաջ Համասին ներկայացուցած իսրայէլեան առաջարկին մէջ չկային». «ատիկա ամբողջովին նոր առաջարկի նման թուեցաւ»:

Եգիպտացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու համաձայն, եգիպտացիները վերջին օրերուն Գահիրէի մէջ Համասի պատուիրակութեան նոր առաջարկ ներկայացուցած են, առանց Իսրայէլի հետ համակարգում կատարելու:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ուալլա»-ի յայտնեց». «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլը հրաւիրեցին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն, սակայն իսրայէլացիները որոշեցին պատուիրակութիւն մը Եգիպտոս չուղարկել»:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ նշած են, որ Իսրայէլի մէջ զգացումը այն է, որ ամերիկացիները, եգիպտացիները եւ քաթարցիները «մեզի խաբեցին»` երբ նոր գործարք բանաձեւեցին առանց Իսրայէլի հետ «թափանցիկութեամբ» վարուելու: Անոնցմէ երկուքը նշած են. «Իսրայէլի մէջ մեծ կասկած կայ, թէ Ճօ Պայտընի վարչակազմը, եգիպտացի եւ քաթարցի միջնորդներու ճամբով, Համաս շարժումին երաշխիքներ տուած է, թէ գործարքը պատերազմի դադրեցման պիտի յանգեցնէ»:

Ուաշինկթըն Իսրայէլը յորդորեց զինադադարի առաջարկին Համասի պատասխանէն ետք Ռաֆահի վրայ յարձակում չշղթայազերծելու: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր ըսաւ. «Մինչեւ չտեսանք իսրայէլեան ծրագիր մը, որ որեւէ զինուորական քայլէ առաջ քաղաքայիններու նկատմամբ կիրարկելի է»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, սակայն, յայտարարեց, որ Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը համաձայն գտնուած է Ռաֆահ քաղաքին մէջ գործողութիւնը շարունակելու եւ գերիներու ազատ արձակման ու պատերազմի մնացեալ նպատակներու իրագործման համար Համասի վրայ ճնշումը աւելցնելու:

Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Համասին համաձայն գտնուած առաջարկը Իսրայէլի պահանջները չ՛ապահովեր, Թել Աւիւ պատուիրակութիւն մը պիտի ուղարկէ` փորձելով ընդունելի համաձայնութեան հասնիլ:

Իսրայէլեան բանակը երկուշաբթի կէս գիշերին յայտարարեց, որ յարձակում կը գործէ Ռաֆահ քաղաքի արեւելեան բաժինին մէջ գտնուող Համասի պատկանող թիրախներու վրայ:

«Ժազիրա» երէկ առաւօտեան հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը ներխուժած է Ռաֆահի անցակէտ:

Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, որ իր վերահսկողութեան տակ առած է Եգիպտոսի եւ Կազայի միջեւ գտնուող անցակէտին պաղեստինեան բաժինը, եւ իր ուժերը շրջանը կը խուզարկեն:

Համաս ամերիկեան վարչակազմին ու միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի դադրեցնէ մագլցումը, «որ հարիւր հազարաւոր քաղաքայիններու կեանքերը կը վտանգէ»:

«Ռաֆահի անցակէտ ներխուժումը ոճիր մըն է, որ կը հաստատէ միջնորդական ջանքերը խանգարելու բռնագրաւումի մտադրութիւնը` ի շահ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի անձնական եւ անոր ծայրայեղական կառավարութեան շահերուն», ըսաւ պաղեստինեան շարժումը:

«Բռնագրաւումին Ռաֆահ մուտք գործելը վտանգաւոր մագլցում է ընդդէմ միջազգային օրէնքով պաշտպանուած քաղաքային կառոյցի մը, եւ անոր նպատակը մարդասիրական կացութիւնը վատթարացնելն է», նշեց Համաս:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա յայտնեց. «Իսրայէլեան բռնագրաւումի ուժերուն Ռաֆահի ցամաքային անցակէտը գրաւելը, քաղաքայինները պատսպարութեան կեդրոններէն եւ անոնց կեցութեան կեդրոններէն տեղահանել սպառնալը, ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներուն Կազա մուտք գործել արգիլելը, պատերազմական ոճիրներ են, որոնց համար բռնագրաւման պետութիւնը պէտք է հաշուետուութեան ենթարկուիլ»:

Ան Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին կոչ ուղղեց անմիջապէս միջամտելու` արգելք հանդիսանալու, որ Իսրայէլ Ռաֆահ ներխուժէ եւ բնակչութիւնը տեղահանէ, «մանաւանդ որ անոնց մեծամասնութիւնը Կազայի հիւսիսէն ու կեդրոնէն տեղահանուած են` երկար ամիսներէ ի վեր անոնց ենթարկուած ցեղասպանական պատերազմին պատճառով, մինչ անընդունելի միջազգային լռութիւն գոյութիւն ունի»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց Ռաֆահ քաղաքին մէջ իսրայէլեան գործողութիւնները, որոնց պատճառով վերահսկողութիւն հաստատեց Ռաֆահի անցակէտի պաղեստինեան կողմին վրայ:

«Ասիկա վտանգաւոր մագլցում մըն է, որ կը վտանգէ աւելի քան մէկ միլիոն պաղեստինցիի կեանքը, որոնք մեծապէս կախեալ են այս անցակէտէն` նկատի ունենալով, որ անիկա Կազայի կեանքի երակն է, եւ վիրաւորներու ու հիւանդներու դարմանման համար դուրս գալու անվտանգ ելքը, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ պաղեստինցի եղբայրներուն մարդասիրական ու փրկարարական օժանդակութիւններու մուտքի կէտը», նշեց նախարարութիւնը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իսրայէլեան կողմին կոչ ուղղեց` առաւելագոյն ինքնազսպում ցուցաբերելու, եւ հեռանալու «երկարատեւ հետեւանքներ ունեցող անդունդի եզրի քաղաքականութենէն, որ կը սպառնայ Կազայի մէջ մնայուն զինադուլի հասնելու համար թափուող ժրաջան ջանքերու ճակատագիրին»:

Նախարարութիւնը նաեւ բոլոր միջազգային կողմերուն կոչ ուղղեց` պէտք եղած ճնշումը բանեցնելու` վնասազերծելու ներկայ տագնապը, եւ դիւանագիտական ջանքերուն առիթ ընծայելու սպասուած արդիւնքները իրագործելու:

Աղբիւրը ՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2024, 08:34