Որոնել

Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում  (AFP or licensors)

Աւելի քան 4 ժամ տեւած Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումը պիտի շարունակուի 11 մայիսին

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է ոչ միայն խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու Ատրպէյճանի հետ, այլ նաեւ յառաջ երթալու երթեւեկային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հարցին մէջ, աւելցնելով, թէ այդ մէկը պէտք է տեղի ունենայ խնդրոյ առարկայ երկրներու ինքնիշխանութեան ներքեւ, «իսկ պետական սահմանի հատման բոլոր վարչական եւ մաքսային ընթացակարգերը կը համաձայնեցուեն երկկողմանի համաձայնութեամբ փոխադարձութեան սկզբունքին համաձայն»:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Ալմաթիի մէջ Ուրբաթ գիշեր աւարտեցին խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ աւելի քան 4 ժամ տեւած բանակցութիւնները, որոնք պիտի շարունակուին 11 Մայիսին։

Բանակցութիւններու մեկնարկին, Հայաստանի, Ղազախստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է ոչ միայն խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու Ատրպէյճանի հետ, այլ նաեւ յառաջ երթալու երթեւեկային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հարցին մէջ, աւելցնելով, թէ այդ մէկը պէտք է տեղի ունենայ խնդրոյ առարկայ երկրներու ինքնիշխանութեան ներքեւ, «իսկ պետական սահմանի հատման բոլոր վարչական եւ մաքսային ընթացակարգերը կը համաձայնեցուեն երկկողմանի համաձայնութեամբ փոխադարձութեան սկզբունքին համաձայն»:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը դիտել տուաւ, որ միացեալ ջանքերով արդէն աւարտին կը հասնին սահմանային սիւներու տեղադրման աշխատանքները Տաւուշի հատուածին մէջ: Պայրամովի համաձայն` վերջին բանակցութիւններէն ետք կարեւոր տարր է Ապրիլ 19ին ստորագրուած արձանագրութիւնը, որով հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի որոշ հատուածի սահմանազատման գործընթացին սկիզբ դրուեցաւ:

«Ուրախալի է, որ սոյն արձանագրութեան դրոյթները կատարուած են սահմանուած ժամկէտներու ընթացքին: Կատարուած են մեծ ծաւալի աշխատանքներ, պետական սահմանի համապատասխան հատուածներու ականազերծումը իրականացաւ միացեալ ջանքերով, ճշդուեցան աշխարհագրական համակարգման կէտերը, եւ աւարտին կը հասնի այս տարածքին մէջ սահմանային սիւներու տեղադրումը», յայտնեց ան։

Պայրամով Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպման ընթացքին վստահութիւն յայտնեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանազատման յանձնաժողովներուն միջեւ ձեռք բերուած վերջին պայմանաւորուածութեան լոյսին տակ կայացող բանակցութիւնները պիտի նպաստեն կարգաւորման գործընթացին: Իսկ հանդիպումէն առաջ ալ Պաքուն յայտարարեց, թէ կայանալիք հանդիպումը պիտի գումարուի «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին երկկողմ համաձայնագիրի»ին շուրջ քննարկում կատարելու։

Միրզոյեան, իր կարգին շեշտեց, որ բանակցութիւնները ղազախական հարթակին վրայ եւ մասնաւորապէս Ալմաթի քաղաքին մէջ կայացնելը խորհրդանշական բնոյթ ունի՝ նկատի առնելով սահմանազատման գործընթացին մէջ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին նշանակութիւնը:

«Կարեւոր է, որ վերջին երկու տարուայ ընթացքում ե՛ւ Հայաստանի վարչապետը, ե՛ւ Ադրբեջանի նախագահը տարբեր ձեւաչափերով մի քանի անգամ վերահաստատել են Ալմա Աթայի հռչակագրին յանձնառութիւնը, վերահաստատել են նաեւ Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը, ինչպէս նաեւ վերահաստատել են, որ սահմանազատման գործընթացը պէտք է իրականացուի հէնց Ալմա Աթայի հռչակագրի հիման վրայ», ըսաւ նախարար Միրզոյեան։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԵՒ ՊՐԻՒՔՍԷԼ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԵՆ

Ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն` խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները։

«Ալմաթին կարեւոր, խորհրդանշական վայր է», նշեց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով. «Ինչպէս բազմիցս նշած ենք, մենք ոգեւորուած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մինչ օրս արձանագրուած յառաջընթացէն եւ կ՛աջակցինք երկու երկիրներուն, երբ անոնք կը շարժին դէպի խաղաղ համաձայնագիր` ի շահ ողջ տարածաշրջանին»։

Եւրոպական Միութիւնը եւս ողջունեց եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն: Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոսը` անդրադառնալով ապահովական ոլորտին մէջ Հայաստան-Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան:

«Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ կը վկայէ այդ մասին։ Հայկական կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին առաքելութեան ներկայութիւնը օգնեց նուազեցնելու լարուածութիւնը եւ բարելաւելու ապահովութիւնը», ըսաւ ան:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2024, 08:02