Որոնել

2024.05.13 Lemkin Institute for genocide prevention

Լեմքինի Հիմնարկը քննադատած է Փաշինեանի յայտարարութիւնը

«Փաշինեանին կոչ կ՛ուղղենք` վերատեսութեան ենթարկելու իր յայտարարութիւնները եւ վերահաստատելու Հայաստանի յանձնառութիւնը` արդարադատութիւնը վերականգնելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ: Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ոչ թէ Հայաստանը, այլ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կը սպառնան, որոնք կը շարունակեն ցեղասպան հայատեացութիւն քարոզել ամբողջ աշխարհի վրայ», կ՛եզրափակէ Լեմքինի հիմնարկը:

Լեմքինի ցեղասպանութեան հիմնարկը շփոթած եւ անհանգստացած է 24 ապրիլ 2024-ին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութեան երեւոյթներով, ինչպէս նաեւ Փաշինեանի համախոհ Յովիկ Աղազարեան տուած վերջին հարցազրոյցով, որ կասկածի տակ կ՛առնէ Թուրքիան հետապնդելու Հայաստանի իրաւական հիմքը, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան զոհերու ցուցակի կազմութեան վերաբերեալ բանավէճերով: Այս մասին կը նշուի Լեմքինի հիմնարկի յայտարարութեան մէջ:

«Փաշինեանի ակնյայտ համաձայնութիւնը թրքական եւ ազրպէյճանական հռետորաբանութեան առանցքային կէտերուն, ինչպէս նաեւ անոր ակնյայտ ընդունիլը այդ երկիրներու պնդումները, թէ Հայաստանը խոչընդոտ է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, հայ հասարակութեան մէջ հաստատուն բանավէճերու տեղ տուած է: Ցեղասպանութեան մասին Փաշինեանի յայտարարութեան մէջ ամէնէն ուշագրաւը, թերեւս, նախայարձակի մասին որեւէ յիշատակման բացակայութիւնն էր», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Փաշինեանի թեզերը միաժամանակ կը ձայնակցին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումին, որ կ՛արդարացնէ զայն: Կրկնելով 1915-1923 թուականներու իրադարձութիւններու թրքական վարկածը` Հայաստանի վարչապետը, ըստ էութեան, Թուրքիան կ՛ազատէ Հայոց ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութենէն` նսեմացնելով ճանաչման ուղղուած բոլոր նախկին ջանքերը: Բացի ատկէ, ատիկա կրնայ զգալիօրէն բարդացնել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկելու շարունակական աշխատանքը», կ՛աւելցնէ Լեմքինի հիմնարկը:

«Փաշինեանի խօսքերը ուղղակիօրէն կը կրկնեն թրքական պաշտօնական տեսակէտը հայ ժողովուրդի` իբրեւ ապստամբ «դաւաճաններու», որոնք համագործակցած են թշնամական եւրոպական տէրութիւններու հետ` յանգեցնելու Օսմանեան կասրութեան փլուզման: Փաշինեանը կարծէք կը փորձէ համոզել, որ հայերը կրնան խուսափիլ ապագայ ցեղասպանութիւններէն միայն անձնատուութեան ենթարկուելով Թուրքիոյ այժմու բռնագրաւման մոլի ծրագիրներուն», կը նշէ միջազգային իրաւապաշտպան հիմնարկը:

«Փաշինեանին կոչ կ՛ուղղենք` վերատեսութեան ենթարկելու իր յայտարարութիւնները եւ վերահաստատելու Հայաստանի յանձնառութիւնը` արդարադատութիւնը վերականգնելու Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ: Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ոչ թէ Հայաստանը, այլ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կը սպառնան, որոնք կը շարունակեն ցեղասպան հայատեացութիւն քարոզել ամբողջ աշխարհի վրայ», կ՛եզրափակէ Լեմքինի հիմնարկը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2024, 09:09