Որոնել

Արցախի ղեկաւարները Արցախի ղեկաւարները 

Լեմքինի Հիմնարկը ստորագրահաւաք սկսած է՝ ազրպէյճանի նախագահին կոչ ընելով ազատ արձակելու Հայ գերիները

«Լեմքինի հիմնարկը խորապէս մտահոգուած է, որ ազրպէյճանի մէջ կը շարունակեն ապօրինաբար կալանաւորուած մնալ արցախցի քաղաքական բանտարկեալները։

Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը ազրպէյճանի նախագահ իլհամ ալիեւին կոչ ըրած է ազատ արձակելու պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները ու այդ առնչութեամբ ստորագրահաւաք սկսած է։ Ըստ Armenpress.am-ի, Լեմքինի հիմնարկը այդ մասին հաղորդագրութիւն տարածած է։

«Լեմքինի հիմնարկը խորապէս մտահոգուած է, որ ազրպէյճանի մէջ կը շարունակեն ապօրինաբար կալանաւորուած մնալ արցախցի քաղաքական բանտարկեալները։ Մենք կոչ կ՝ընենք անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու։ ազրպէյճանի նախագահին կոչ կ՝ընենք ազատ արձակելու բոլոր հայերը, որոնք ներկայիս կը պահուին պաքուի մէջ։ Անոնց կալանաւորումը միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում է»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Լեմքինի հիմնարկը կոչ կ՝ընէ ստորագրելու ազրպէյճանին պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու միջնորդութիւնը։

«Ստորագրելով այս միջնորդութիւնը՝ դուք կրնաք քայլ ընել պաքուի մէջ պահուող արցախահայերու, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ, որոնցմէ ոմանք ապօրինաբար այնտեղ կը պահուին տարիներով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2024, 08:55