Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (20)` պատրաստեց Սագօ Արեանը
Յարգելի ունկնդիրներ կը շարունակենք մեր հաղորդումները «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան խօսափողէն։ Եւ վերադառնանք Արեւմտահայ գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջանին նուիրուած մեր հաղորդման։ Նոյն ծիրէն ներս այսօր պիտի ներկայացնենք այդ շրջանի տիրական դէմքերէն հանդիսացող Մկրտիչ Խրիմեան, յայտնի «Հայոց Հայրիկ» անուանումով թողած գրական ժառանգութիւնը։ Այս առումով ալ մասնաւորապէս պիտի խօսինք անոր գրական ժառանգութեան ընդհանուր յատկանիշներուն մասին
Խրիմեան Հայրիկ հարազատ հայ մարդն է եւ հայ գրագէտը, պարզ, անկեղծ ու սրտալի: Գիտէ խօսիլ ժողովուրդին հետ, ժողովուրդի զգացումներով: Ինքնաշխատութեամբ որոշ զարգացումի հասած այս գաւառացին՝ օժտուած էր բանաստեղծի բնատուր շնորհքներով։ Հայրենասէրի մեծ սիրտ մը կը կրէր կուրծքին տակ եւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հանդէպ զգացած զօրաւոր սէրն էր, որ ներշնչած է իր բովանդակ գործն ու գործունէութիւնը: Եւ այդ երկուքը իրար լրացուցին միշտ։ Գրչով քարոզեց արթնութիւն, ազգային ինքնագիտակցութիւն եւ սեփական ուժի կազմակերպում («Երկաթէ շերեփ»): Իսկ իր գործունէութիւնը, պատրիարքական թէ կաթողիկոսական գահերուն վրայ եղաւ գործնական ապացոյցը դաւանած սկզբունքներուն։ Եկեղեցական գոյքերու գրաւման ատեն ինքն էր դարձեալ որ ծերունազարդ տարիքին ծառացաւ ցարական իշխանութեան դէմ եւ փրկեց հայ եկեղեցւոյ դարաւոր իրաւունքները (1903)։
Խրիմեան ԺԹ. դարու մեր ամենէն ցայտուն դէմքն է։ Թէեւ հաւատաւոր հոգեւորական, բայց նոյն ատեն ան ունեցաւ ժամանակի ամենէն ազատ մտածողութիւնը:
Խրիմեան Հայրիկի գրականութիւնը նման է աստուածաշնչական մարգարէներու գրականութեան.- Արթնութեան կոչ, յորդոր, յանդիմանութիւն, պատգամ եւ կեանքի լայն փորձառութիւն ունեցող նահապետի խօսք։ Իր գրեթէ ամբողջ գրականութիւնը ազգային վերականգնումի եւ հայրենի հողի պաշտամունքին նուիրուած մարգարէաշունչ հրաւէր մըն է։
Մեր յաջորդ հաղորդումի նուիրած ենք Խրիմեան Հայրիկի կողմէ հրապարակ հանուած եւ մեզմէ շատերուն քաջ յայտնի «Երկաթէ շերեփ»ի թեմային։
Հետեւեցէ՛ք մեր թողարկումներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ