Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (21)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այսօրուան մեր նիւթը յատկացուցած են Խրիմեան Հայրիկի կողմէ հրապարակ հանուած «Երկաթէ շերեփ»ի թեմային։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելի ունկնդիրներ, ինչպէս անցնող հաղորդումին ալ նշեցինք, այսօրուան մեր նիւթը յատկացուցած են Խրիմեան Հայրիկի կողմէ հրապարակ հանուած «Երկաթէ շերեփ»ի թեմային։

 Ի՞նչ պայմաններու տակ Խրիմեան Հայրիկը այդ թեման առաջ բերաւ, ի՞նչ էին հանգամանքները եւ ի վերջոյ ի՞նչ պիտի ըլլային անկէ քաղուած դասերը։

 Ուրեմն Պերլինի մէջ գումարուած վեհաժողովէն (1878 թուական)իր դարձին Խրիմեան Հայրիկ կուտայ կարեւոր քարոզ մը, եւ այդ քարոզը կը դառնայ «Հայրիկեան մօտեցում»ի այլ խօսքով «Երկաթէ շերեփ»ի գաղափարը շեշտաւորող հիմնական սկզբնակէտը։

 Քարոզին մէջ հայրիկ կ՚ըսէր

«Օրհնեալ եւ սիրելի ժողովո՛ւրդ հայոց: Հիմա դուք ամենքնիդ ալ ականջնիդ սրած, անհամբեր եւ սրտատրոփ կը սպասէք թէ արդեօք Խրիմեան Հայրիկ ի՞նչ աւետիս բերած է մեզ Պերլինի վեհաժողովէն եւ ի՞նչ պիտի ըսէ 61րդ յօդուածի մասին, որ աշխարհի հզօր տէրութիւնք շնորհեցին մեր հայաբնակ գաւառներուն: Ինչ որ կ'ըսեմ լաւ մտիկ ըրէք, ըսածներուս իմաստը խորապէս ըմբռնեցէք եւ ամենքնիդ ալ գացէք աղէկ մը խորհեցէք ըսելիք խօսքերուս վրայ...

Գիտէք որ մենք Ներսէս պատրիարքի եւ Ազգային Ժողովոյ որոշմամբ իբր պատգամաւոր գացինք Պերլին Հայկական Դատը մեծ պետութեանց վեհաժողովին ներկայացնելու համար: Շատ մեծ յոյս ունէինք, որ վեհաժողովը աշխարհին խաղաղութիւն, իսկ փոքր եւ ճնշեալ ազգաց, ի թիւ որոնց նաեւ մեր ազգին՝ ազատութիւն պիտի շնորհէր: Վեհաժողովը բացուեցաւ, աշխարհի մեծ պետութեանց քաղաքագէտ պատգամաւորները շարուեցան կանանչ սփռոցով ծածկուած դիւանագիտական սեղաններուն բոլորտիքը, իսկ փոքր ու ճնշուած ազգաց պատգամաւորներս վեհաժողովէն դուրս կը սպասէինք: Վեհաժողովին մէջտեղը, կանանչ սփռոցով ծածկուած սեղանի մը վրայ, դրուած էր մեծ կաթսայ մը խարիսայ, ուրկից բաժին պիտի ստանային աշխարհիս մեծ ու փոքր ազգերն ու տէրութիւնք։ Ժողովականներէն ոմանք կը քաշէին Արեւելք, ոմանք կը քաշէին Արեւմուտք եւ այսպէս երկար վիճաբանելէ յետոյ, սկսան կարգաւ, մի առ մի, ներս կանչել փոքր ազգաց պատգամաւորները: Նախ պուլկարը ներս մտաւ, ապա սերպիացին, ղարադաղցին, որոնց կողերէն կախուած սուրերու չաքուրչուքոցը գրաւեց ժողովականներու ուշադրութիւնը: Բաւական խօսելէ յետոյ, այս երեք պատգամաւորները քաշեցին իրենց սուրերը եւ իբրեւ շերեփ խոթելով խարիսայի կաթսային մէջ, իրենց բաժին խարիսան առին եւ հպարտ ու համարձակ հեռացան։ Կարգն եկաւ հայոց պատգամաւորին. ես մօտեցայ եւ Ազգային Ժողովին կողմէ ձեռքս տրուած աղերսաթուղթը ներկայացուցի եւ աղաչեցի որ իմ ամանս ալ լնուն խարիսայ: Յայնժամ կաթսային գլուխ սպասող մեծաւորները ինձ հարցուցին. «Ո՞ւր է քո երկաթեայ շերեփը. յիրաւի հոս խարիսայ կը բաժնուի, բայց երկաթեայ շերեփ չունեցողն չէ կարող անոր մօտենալ, զայս իմացի՛ր, որ եթէ մօտ ատենէն այս խարիսան կրկին բաժնուի, յայնժամ առանց շերեփի չգաս, զի պարապ յետ կը դառնաս»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2024, 10:24