Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (22)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այսօրուայ մեր հաղորդումով աւարտած կ՚ըլլանք Խրիմեան Հայրիկի նուիրուած եւ անոր գրական-ազգային ընդհանրական պատկերը ներկայացնող մեր հաղորդումը։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելի ունկնդիրներ այսօրուան մեր հաղորդումը եզրափակումն է այն շարքին, որ նուիրած էինք Մկրտիչ Խրիմեան՝ Հայոց Հայրիկին։

 Սկսեալ անոր գրական վաստակէն ու հասնելով մինչեւ «Երկաթէ շերեփ»ի շրջափուլ Խրիմեան Հայրիկը կարողացած է իր ստորագրութիւնը թողել Արեւմտահայոց Գրականութեան կարեւորագոյն փուլերէն համարուող «Զարթօնք»ի շրջանին վրայ։

 Այսօրուայ մեր հաղորդումը կը սկսինք Հայրիկի նշնակաւոր քարոզի եզրափակման փուլով ու ապա կ՚աւարտենք լոյսին բերելով անոր գրական-ստեղծագործական աւանդին հիմնական եւ առանցքային յատկանիշները։

Բարի ունկնդրութիւն

 Խրիմեան Հայրիկ՝ Պոլսոյ մէջ իր տուած քարոզը եզրափակելով մասնաւորապէս կ՚ըսէր՝ «Է՛հ, սիրելի ժողովուրդ հայոց, ես կրնայի՞ խարիսայի կաթսային մէջ խոթել իմ թուղթէ շերեփը, որ պիտի թրջուէր եւ հոն մնար: Հոն, ուր զէնքն խօսողը, ուր սուրերը կը շողշողան, հոն ի՞նչ գործ ունին խնդիրք եւ աղերսաթուղթեր:

Եւ յիրաւի տեսայ, որ ղարադաղցուն, պուլկարին եւ այլոց պատուիրակներուն քով կային քանի մը քաջեր, որոնց կողերէն կախուած սուրերէն արիւն կը վազէր... Յայնժամ դարձուցի երեսս եւ իբր թէ կը փնտռէի իմ Զէյթունցի, Սասունցի, Շատախցի եւ այլ լեռնեցի եւ դաշտեցի քաջերս, բայց ո՞ւր էին, ժողովուրդ հայոց, ըսէ՛ք ո՞ւր էին այդ քաջերը, պէտք չէ՞ր անոնցմէ մէկ երկու հոգի ալ իմ քովս գտնուէին, որ անոնց արիւնոտ սուրերը Վեհաժողովի քաղաքագէտներուն ցուցնելով գոչէի. տեսէ՛ք, ահա իմ երկաթեայ շերեփները, հո՛ս են, պատրա՛ստ: Բայց աւա՜ղ... միայն աղերսաթուղթ մ'ունէի, որ խարիսային մէջ թրջուեցաւ եւ մենք վերադարձանք դատարկաձեռն... Արդարեւ եթէ զիս բաղդատէին Վեհաժողովոյ պատուիրակներուն հետ, ես անոնցմէ աւելի բարձրահասակ էի, դէմքով ա՛լ աւելի գեղեցիկ, սակայն ի՜նչ օգուտ, ձեռքս թուղթի կտոր մը տրուած էր եւ ոչ թէ սուր. ահա այս պատճառով ալ զրկուած մնացինք խարիսայէն։ Այսուհանդերձ ապագայի տեսակէտով, անօգուտ չեղաւ Պերլինի Վեհաժողովին երթալն:

Ժողովուրդ հայոց, անշուշտ լաւ հասկցաք թէ զէնքը ի՛նչ կրնար գործել եւ կը գործէ, ուրեմն սիրելի եւ օրհնեալ հայաստանցինե՛ր, գաւառացինե՛ր, երբ հայրենիք վերադառնալու լինիք ձեր բարեկամաց եւ ազգականաց իբր պարգեւ՝ մէկ մէկ զէնք տարէք, զէ՛նք առէք եւ դարձեա՛լ զէնք: Ժողովո՛ւրդ, ամենէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո խելքին եւ բազուկին ո՛ւժ տուր, մարդ ինքնիրմէն պէտք է աշխատի որ փրկուի»։

Այս բոլորը նշելէ ետք հարկ է անպայման շեշտաւորել, որ Խրիմեան Հայրիկ կը համարուի «գաւառի հայ գրականութեան» հիմնադիրը։ Մինչեւ 1880ական թուականները արեւմտահայութեան մտաւոր ու գրական բոլոր շարժումները կեդրոնացած մնացին Պոլիս, ուր շատ քիչ կը հետաքրքրուէին գաւառով։ Խրիմեանն էր, որ Վարագայ վանքին մէջ հիմնեց տպարան եւ դպրոց, իբրեւ հիմնական մտահոգութիւն ունենալով գաւառացի հայ տղաքը մղել մտաւորական-գրական աշխատանքներու: Ինք մօտեցաւ գիւղացիին, ջանաց վեր հանել հայ մարդուն արժանապատուութիւնը, դրուատել անոր արժանիքները, խօսիլ անոր աշխատանքներուն, ցաւերուն եւ երազներուն մասին: Ան հրահրեց ազգային զգացումը եւ մանաւանդ ժողովուրդին փոխանցեց յեղափոխական շունչը, դառնալով հայ ազատագրական ոգիի ռահվիրաներէն մէկը։

Իր գործերը ունին կէս մը վիպային, կէս մը խրատական բնոյթ. անոնց մէջ կը գտնենք շատ ուշացաւ եւ կենդանի էջեր, գրուած բնածին տաղանդով, սրտանց, անկեղծութեամբ, ինքնայատուկ եւ մտերիմ ոճով։

Խրիմեան Հայրիկ Հայաստանը փոխադրեց մեր գրականութեան մէջ եւ ճամբայ բացաւ անոնց, որոնք իրմէ ետք պիտի գային գաւառի հայ կեանքն ու հայ գիւղացիները աւելի հիւթեղ եւ բազմակողմանի ձեւով ներկայացնելու ( Ինչպիսին են՝ Մշոյ Գեղամ, Թլկատինցի, Ռ. Զարդարեան, եւ ուրիշներ)։

Այսօրուայ մեր հաղորդումով   աւարտած կ՚ըլլանք Խրիմեան Հայրիկի նուիրուած   եւ անոր գրական-ազգային  ընդհանրական   պատկերը ներկայացնող   մեր հաղորդումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2024, 07:08