Որոնել

2024.05.15 Mostra dedicata a Sergei Parajanov

Փարաջանովի Շունչը` Գիւմրիի Սերգէյ Մերկուրովի Տուն–Թանգարանի յարկին տակ

Մինչեւ սեպտեմբեր Գիւմրիի մէջ ապրող արուեստասէր հանրութեան եւ քաղաքի հիւրերուն կարելիութիւն պիտի ընձեռուի լուսանկարներու միջոցով վայելելու բեմադրիչին ստեղծագործութիւններն ու ծանօթանալ անոր առօրեային:

Գիւմրիի Սերգէյ Մերկուրովի տուն-թանգարանի յարկին տակ 11 մայիսին սկսաւ գործելու  «Փարաջանով 100» խորագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէսը: Այս նախաձեռնութիւնը, որ կազմակերպուած է Փարաջանովի եւ Գիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարաններուն կողմէ միասնաբար, նուիրուած  է Սերգէյ Փարաջանովի 100-ամեակին:

«Միասին ցուցահանդէս կազմակերպելու գաղափարը յղացուած էր մէկ տարի առաջ, որ հանգամանքներու բերումով կարելի դարձաւ իրագործել այս տարի` բեմադրիչին 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շրջանակներուն մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ այս տարուան սեպտեմբերը», նշեց Գիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարաններու տնօրէն Անի Նազարեանը` տեղեկացնելով, որ ներկայացուած են Փարաջանովի անձնական լուսանկարներէն, լուսանկարներ` ժապաւէններէ, ինչպէս նաեւ` ժապաւէններու հագուստներու էսքիզներ:

Մինչեւ սեպտեմբեր Գիւմրիի մէջ ապրող արուեստասէր հանրութեան եւ քաղաքի հիւրերուն կարելիութիւն պիտի ընձեռուի լուսանկարներու միջոցով վայելելու բեմադրիչին ստեղծագործութիւններն  ու ծանօթանալ անոր առօրեային:

Աղբիւրը` Ազդակ

 

 

 

 

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2024, 08:49