Ռուսիոյ եւ Չինաստանի նախագահները երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը խորացնելու համաձայնութիւններ ստորագրեցին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը խորացնելու համաձայնութիւններ ստորագրեցին:
Չինաստանի նախագահը Փութինի հետ իր հանդիպումի սկիզբը յայտնեց, որ Չինաստան պատրաստ է Ռուսիոյ հետ կապերը ամրապնդելու, եւ «Չինաստանի ու Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները միայն երկու մեծ պետութիւններուն ի շահ չեն, այլ նաեւ խաղաղութեան նպաստաւոր»:
Փութին իր կարգին շեշտեց. «Չինաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները աշխարհի վրայ կայունութեան ազդակ են»:
Նշենք, որ Փութին 5-րդ նստաշրջանի համար նախագահ ընտրուելէն ետք արտասահման իր առաջին այցելութեամբ չորեքշաբթի օր հասած էր Փեքին:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ