Որոնել

FILE PHOTO: Russian President Putin chairs a meeting on economic issues via video link in Moscow

Ռուսիա միջուկային զօրավարժութիւններ պիտի իրականացնէ ի պատասխան՝ Արեւմուտքի սպառնալիքներուն

Զօրավարժութիւններու ընթացքին կը նախատեսուի, ի թիւս այլնի, մշակել «ոչ ռազմավարական միջուկային զէնքի կիրառման հարցեր»։ Զօրավարժութիւնները պիտի կայանան՝ ի պատասխան «արեւմտեան պաշտօնեաներու սադրիչ յայտարարութիւններու եւ սպառնալիքներու»։

Ռուսիոյ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբը, նախագահ Վլատիմիր Փութինի կարգադրութեամբ, սկսած է յառաջիկային Հարաւային ռազմական օկրուգի եւ ռազմածովային ուժերու հրթիռային կազմաւորումներու զօրավարժութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները, յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Զօրավարժութիւններու ընթացքին կը նախատեսուի, ի թիւս այլնի, մշակել «ոչ ռազմավարական միջուկային զէնքի կիրառման հարցեր»։ Զօրավարժութիւնները պիտի կայանան՝ ի պատասխան «արեւմտեան պաշտօնեաներու սադրիչ յայտարարութիւններու եւ սպառնալիքներու»։

Նշենք, որ այսօր՝ մայիս 6-ին, ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի դեմոկրատական փոքրամասնութեան առաջնորդ Հաքիմ Ճեֆրիսը յայտարարած է, որ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան կրնայ միջամտութիւն պահանջուիլ, եւ չի բացառուիր ամերիկեան զօրքերու ուղարկումն Ուքրանիա։

Աղբիւրը` Արեւելք

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2024, 07:42