Ինչպէ՞ս հաւատացեալ գիտնականները կը հաւասարակշռեն աշխատանքը եւ հաւատքը
Վերջին 20 տարիներուն ընթացքին Էլէյն Հովարտ Էքլունթ ուսումնասիրած է գիտնականներու վերաբերումը կրօնի նկատմամբ: Աւելի քան 40 հազար հարցումներու եւ գրեթէ 2500 խորհրդապահական հարցազրոյցներու միջոցով ան պարզած է, որ կան աւելի շատ հաւատացեալ գիտնականներ, քան բազմաթիւ մարդիկ կ՛ակնկալէին: Անոր ուսումնասիրութեան մասնակցած են գիտնականներ` ութ երկիրներէ, որոնց շարքին` Բրիտանիայէն, Հնդկաստանէն, Հոնկ Քոնկէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Աշխարհի բնակչութեան շուրջ 85 առ հարիւրը կը ճանչցուի որպէս հաւատացեալ: Էքլունթի հետազօտութիւնը նոյնպէս պարզած է, որ գիտնականները միշտ չէ, որ իրենց հաւատքին մասին բացէ ի բաց կը յայտնեն աշխատավայրին կամ կրթական միջավայրին մէջ: «Կը կարծեմ` երբեմն այն ընկալումը կայ, որ այլ գիտնականներ քեզի հետ լուրջ չեն վերաբերիր, եթէ խօսիս հաւատքիդ մասին», կ՛ըսէ Էքլունթ:
Խորհրդապահութիւնը իր ուսումնասիրած գիտնականներուն թոյլ տուած է աւելի ազատօրէն խօսիլ իրենց հաւատքին մասին: «Անոնք գրեթէ կը սպասէին խօսելու այդ մասին: Անոնք կը զգան, որ գիտական համայնքին մէջ խոր լռութիւն կը տիրէ կրօնի վերաբերեալ: Այժմ որոշ չափով թեթեւութիւն կը զգան անվտանգ միջավայրի մէջ կրօնի նկատմամբ իրենց սեփական մօտեցումին մասին խօսելով»:
Էքլունթ նաեւ պարզած է, որ բազմաթիւ գիտնականներ բաւական բաց են իրենց գործընկերներու համոզումներուն նկատմամբ: «Անաստուած գիտնականները շատ աւելի նուազ բացասական կը վերաբերին կրօնին, քան մենք կ՛ենթադրէինք եւ կը կարծէինք, թէ անոնք մեծամասնութիւն են: Օրինակ, 2016 թուականի ուսումնասիրութիւնս ցոյց տուած է հետեւեալը. Միացեալ Նահանգներու մէջ գիտնականներուն երկու երրորդը չի խորհիր, որ գիտութիւն-կրօն յարաբերութիւնները տագնապ կը յառաջացնեն», կ՛ըսէ ան:
Էքլունթ պարզած է, որ աշխատավայրին մէջ հաւատքի նկատմամբ վերաբերմունքը տարբեր է` ըստ երկիրներու: Ան կ՛ըսէ. «Հնդիկ գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ կրօնի մասին աւելի շատ քննարկումներ կ՛ըլլան գիտական ծիրին մէջ: Կ՛ենթադրուի, թէ գիտական աշխատանոցներու, տարրալուծարաններու մէջ աշխատողները կ՛ուզեն հանգստանալ հոգեւոր, կրօնական տօներուն»:
«Նէյչըր» կայքը խօսեցաւ հինգ հաւատացեալ գիտնականներու հետ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս անոնք աշխատանքի ընթացքին կը համադրեն գիտութիւնն ու հաւատքը: Անոնց փորձառութիւնները տարբեր են, բայց ոչ ոք զգացած է հակասութիւն` իր համոզումներուն եւ գիտութեան միջեւ: Թէեւ ոչ ոք իր կրօնի հիման վրայ որեւէ ուղղակի խտրականութեան ենթարկուած է, բայց ոմանք խոստովանած են, որ աւելի նուազ հանգիստ կ՛արտայայտուին իրենց հաւատքի վերաբերեալ որոշ մասնագիտական ծիրերու մէջ:
Շատերը կ՛ըսեն, որ գիտութիւնն ու կրօնը ներդաշնակ կը գործեն` որպէս աշխարհը հասկնալու ուղիներ: Անուրակ Չաուրասիան` Վարանասիի երկրագործական հետազօտութիւններու հնդկական խորհուրդի մասնագէտը, կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս իր դասընկերներուն հետ` որպէս աւարտական դասարանի ուսանողներ, ուղղութիւն ստանալու համար կը հետեւէին Փակաւատ Կիտայի հինտու գրութեան առաջնորդող սկզբունքներուն: Օրինակ, երբ փորձերը սխալ կ՛ընթանային, անոնց դասախօսը կը հրահանգէր. «Կարդացէ՛ք այս գիրքի առաջին ուղերձը. անշահախնդիր կատարէ՛ քու պարտականութիւնդ»: Այս ուղեցոյցը, կ՛ըսէ Չաուրասիան, սորվեցուց իրենց հաստատակամութիւն եւ թէ ինչպէս վարուիլ ձախողութեան հետ: Փակաւատ Կիտայի սկզբունքները նոյնպէս ձեւաւորեցին եոկայի խմբակային վարժանքները, որոնց շնորհիւ կը հանգստանային, հոգեկան առողջ վիճակի մէջ կ՛ըլլային եւ կը միանային` որպէս խումբ:
Վերաքննութիւն
Բրիտանիոյ Սաութհեմփթընի Սոլենտ համալսարանի կենսաբժշկական գիտութիւններու պատասխանատու Միքայէլա Լին կ՛ըսէ, որ իր ամուր քրիստոնէական հաւատքը կը յայտնէ իր աշխարհահայեացքը: «Թէ ես ինչպէ՛ս անձամբ կը մօտենամ գիտութեան, ատիկա Աստուած փառաբանելու եւ Անոր ստեղծագործութեան մասին աւելին գիտնալու միջոց է», կ՛ըսէ ան:
Մեծցած ըլլալով Քալիֆորնիոյ մէջ` որպէս աւետարանական, Լին զգացած է, թէ ինչպէ՛ս կրնայ աւելի պահպանողական համոզումներու շարք մը հակասութեան մէջ ըլլալ գիտութեան հետ: «Ես մեծցած եմ հաւատալով, որ Աստուած ստեղծած է աշխարհը: Եղափոխութիւնը տեսակ մը կեղտոտ խօսքի նման էր իմ եկեղեցիիս մէջ,- կ՛ըսէ ան: – Բայց ես նաեւ կը հաւատայի, որ մենք` որպէս մարդ, պարտաւորութիւն ունէինք ուսումնասիրելու բնական աշխարհը եւ բացայայտելու անոր մասին բաներ, յատկապէս` բժշկական հետազօտութիւններու համար: Երբ ես մեծցայ, որոշեցի, որ կարելի չէ պատառիկներ առնել. կա՛մ պէտք է ընդունիս ամբողջ գիտութիւնը, կա՛մ ոչ մէկը»: Այս ձեւով Լին յարմարեցուց իր կրօնական համոզումները` համապատասխանեցնելով անոնք գիտական ապացոյցներուն:
«Ապացոյցները, որոնք ես տեսայ, բաւական համոզիչ էին: Երբ մենք դպրոցին մէջ կ՛ուսումնասիրէինք եղափոխութիւնը, այդ իմ ուղեղիս մէջ բան մը շարժեց: Այդ պարզապէս իմաստ չունի: Գեղեցիկ է: Վայելուչ է: Այդ ինծի համար բեկումնային կէտն էր»: Լին կրկին ուսումնասիրեց պահպանողական համոզումներէն շատերը, որոնց մասին իրեն սորվեցուցած էին, երբ կը մեծնար: 2018-ին համալսարանական ուսումի համար Բրիտանիա տեղափոխուելէն ետք ան միացաւ աւելի ազատական Միացեալ Բարեկարգուած եկեղեցւոյ, որուն կ՛անդամակցին, ըստ անոր, բազմաթիւ գիտնականներ:
Կլիմայագէտ Բ. Կրանտի իր աշխատավայրին մէջ կարողացած է զրոյցներ ունենալ
իր կրօնական հաւատքի մասին` շնորհիւ բաց աշխատավայրի մշակոյթին:
Սինկափուր բնակող քրիստոնեայ կլիմայագէտ Բ. Կրանտի ըսաւ. «Իմ աստուածաբանութիւնս կ՛օգնէ ինծի` գնահատելու գիտութեան աշխատանքի արժէքը, քանի որ ես կը հաւատամ Աստուծոյ, որ ստեղծած է կատարեալ տիեզերք, եւ որ Ան մեզի` որպէս մարդկութեան, այդ տիեզերքի մասին շատ բան հասկնալու կարողութիւն տուած է: Օրինակ` ուսողութիւնը (մաթեմաթիք), որ մարդկային կառոյց է, շատ լաւ կը տրամադրէ գործիքներ` նկարագրելու ֆիզիքական երեւոյթները մեր միտքէն դուրս աշխարհի մէջ»:
Ենթադրուած անաստուածութիւն
Ընկերաբան Քրիսթոֆըր Շէյթըլ հարցում ուղղած է աւելի քան 1300 ուսանողներու` անոնց փորձառութիւններու եւ կրօնի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքի մասին: Ան պարզած է, որ բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք գիտական ճիւղ մը կ՛ուսանին, կը պայքարին իրենց հաւատքի մասին բաց ըլլալու համար` հաղորդելով «ենթադրեալ անաստուածութեան» մշակոյթի մասին, որ յաճախ կը ստիպէ անոնց ծածուկ պահել իրենց կրօնը` վախնալով խտրականութեան ենթարկուելէ: «Կը յիշեմ, որ քանի մը զրոյց ունեցած եմ ուսանողներու հետ, որոնք կը մտածէին չբացայայտել իրենց հաւատացեալ ըլլալու փաստը, կ՛ըսէ Շէյթըլ, որ կ՛աշխատի Մորկընթաունի համալսարանին մէջ: – Մէկը ըսաւ, որ ինք միտումնաւոր կը խուսափէր բացայայտելէ իր կրօնական համոզումները, քանի դեռ չէր հաստատուած որպէս գիտնական: Անոր մտավախութիւնը այն էր, որ եթէ մարդիկ սկիզբէն գիտնային, ինք անմիջապէս կը պիտակաւորէր որպէս ոչ լուրջ գիտնական»:
Անոնց մտավախութիւնները հասկնալի էին, քանի որ ենթադրեալ անաստուածութեան մշակոյթը կը նշանակէր, թէ միւս ուսանողներն ու դասախօսները կը զգային, որ կրնան արհամարհանքով խօսիլ կրօնի մասին: «Աւելի կրօնասէր ուսանողներու շրջանակին մէջ բաւական տարածուած փորձառութիւն է, երբ անոնք կը լսեն անսպասելի բացասական կամ կարծրատիպային մեկնաբանութիւններ կրօնի կամ հաւատացեալ մարդոց մասին», կ՛աւելցնէ ան:
Շէյթըլ կը նշէ, որ երբ մարդիկ կը ծածկեն իրենց ինքնութեան մէկ մասը, այդ կրնայ զիրենք մեկուսացնել: «Հետազօտութիւնը պարզած է, որ այդ ծածկելը ինքնին յաճախ վնասակար է իրենց հոգեբանական բարեկեցութեան եւ ուրիշներու հետ կապի զգացողութեան համար», կը գրէ ան:
Համալսարանի աւարտական դասարանի որոշ ուսանողներ, որոնց հետ խօսած է Շէյթըլ, հիմնած են իրենց սեփական համայնքները, որոնք կը հաւաքուին աղօթքի եւ հաւատքի վերաբերեալ քննարկումներու համար: Անոնք, որոնք բաց էին իրենց հաւատքի մասին, խոստովանեցան, որ անյարմար ձեւով հաղորդակցած են իրենց ոչ կրօնական տարեկիցներու հետ: «Կրնաք ըսել, որ որոշ գործընկերներ անյարմար կը զգան, եւ անոնք կը փոխեն բնաբանը,- կ՛ըսէ քիմիագիտութեան ուսանող մը: – Այդ զիս չի խանգարեր ըլլալ այնպիսին, ինչպիսին կամ, բայց ես կ՛ատեմ ապիկար միջանկեալ գործողութիւնները, փոխազդեցութիւնները»:
Սիւզան Քալկան բաց է իր հոգեգալստական հաւատքի մասին եւ աշխատած է կազմակերպութիւններու հետ, որոնք կը խթանեն գիտութեան եւ կրօնի միջեւ ներդաշնակութիւնը` որպէս գիտութեան ուսուցիչի իր դերը Մանչեսթըրի համալսարանին մէջ: Այդ կազմակերպութիւններէն մէկը God and the Big Bang-ն է, որ կը ղեկավարէ դպրոցական սեմինարներ` խրախուսելու ուսանողները` քննարկելու գիտութեան եւ հաւատքի յարմարութիւնը: Սակայն Քալկա կ՛ըսէ, որ գիտութեան ուսուցիչի իր ասպարէզին սկիզբը ինքն իրեն աւելի նուազ ազատ կը զգար իր կրօնը քննարկելու համար: Ան հիմնականին մէջ կը դասաւանդէր աշխարհիկ դպրոցներու մէջ եւ կը զգար իրեն ապացուցելու կարիք` որոշելով վտանգի տակ չդնել իր դերը` առանձնացնելով ինքզինք իր կրօնական համոզումներով: «Դժուար է, քանի որ դուն կ՛ապրիս երկու կեանքով. չես ուզեր վտանգի ենթարկել քու գիտական հեղինակութիւնդ` ըլլալով բացայայտ հաւատացեալ: Ես ոչ մէկ կրօնական համոզումի արտաքին նշաններ կը կրեմ: Ես կ՛ապրէի շատ առանձնացած կեանքով: Ես կ՛ուզէի զիս տեսնել որպէս գիտութեան շատ հեղինակաւոր ուսուցիչ»:
Ուսուցչական ասպարէզի աւարտին Քալկան որոշեց, որ կ՛ուզէ աւելի անկեղծ ըլլալ իր հաւատքի մասին: Ան դեր ստանձնեց Անգլիոյ եկեղեցւոյ դպրոցին մէջ եւ զգաց, որ կրնար աւելի բաց ըլլալ: «Բայց նոյնիսկ այնտեղ գիտութեան ուսուցիչներու փոքրամասնութիւնն էր, որ ընդհանրապէս կրօնական ոչ մէկ համոզում ունէր, եւ այդ երբեք չէ քննարկուած»:
Քական կը խորհի, որ գիտութեան ուսուցիչները, որոնք հաւատացեալ են, դեռ կը դժուարանան բաց ըլլալ իրենց համոզումներու մասին: Անոր խորհուրդն է անոնց առաջարկել յայտնի գիտնականներու օրինակներ, որոնք համատեղած են հաւատքի կեանքը իրենց գիտական նուաճումներու հետ: Ան կը վկայակոչէ տուեալներ, որոնք ցոյց կու տան, որ 1901-2000 թուականներուն Նոպելեան մրցանակ ստացած գիտնականներուն 75 առ հարիւրը քրիստոնեայ է:
Ընդունող մշակոյթ
Ֆաատիել Էսոփ կ՛ըսէ, որ Հարաւային Ափրիկէի խտրականութեան մթնոլորտին մէջ մեծնալը ստիպած է իրեն աւելի լայն մտածել իրերու մասին: 1990-ականներուն անոր երկիրը մերժեց կառավարութեան կողմէ թոյլատրուած ցեղային տարանջատման պատմութիւնը, եւ ան կը կարծէ, որ այդ յանգեցուցած է աւելի զգայուն, հանդուրժող հասարակութեան, ուր ան կը զգայ, որ կրնայ արտայայտել իր իսլամ հաւատքն ու ինքնութիւնը: «Քեզի համար շատ տեղ կայ հասարակութեան մէջ ընդհանրապէս արտայայտուելու համար», կ՛ըսէ ան:
Հարաւային Ափրիկէի Քէյփթաունի Ստելենպոշ համալսարանի բժշկական բաժանմունքի տնօրէն Էսոփ կ՛ըսէ, որ կայ ընդունման ուժեղ մշակոյթ եւ կրօնական ուղղութիւններու համար յարմարեցումներ ստեղծելու պատրաստակամութիւն Ափրիկէի մէջ: Էսոփ յաճախ կը ճամբորդէ Ափրիկէի մէջ` գիտական հանդիպումներու համար, եւ կ՛ըսէ, որ տեսած է, թէ ինչպէ՛ս իսլամները եւ քրիստոնեաները բաւական հանգիստ արտայայտուած են իրենց կրօնին մասին:
Ֆաատիել Էսոփ կ՛ըսէ, որ Հարաւային Ափրիկէի մէջ հաւատքի քննարկումներու բաց մշակոյթ կայ:
Տան աւելի մօտ, անոր համալսարանի գործընկերները վստահ են, որ անոր հալալ սնունդ կը տրամադրեն (որոնք կը թոյլատրուին իսլամական օրէնքով) հանդիպումներու կամ ձեռնարկներու ժամանակ, իսկ դասաւանդութեան ժամանակացոյցին մէջ ուրբաթ օրերուն դադարներ կան աղօթքի համար: Այս տարի Էսոփի բաժանմունքի ղեկավարը եկած էր անոր հետ խօսելու իսլամական սուրբ Ռամատան ամիսէն առաջ` քննարկելու ամէնօրեայ ծոմերը, որոնց ան պիտի ձեռնարկէր: «Կայ այդ համակրական հասկացողութիւնը: Այդ անհրաժեշտ չէ, բայց այդ հաճելի է եւ ցոյց կու տայ, որ ան հետաքրքրուած է, եւ ես կրնամ բացատրել, թէ ի՛նչ կ՛ընեմ»:
Բաց աշխատավայրի մշակոյթը նաեւ օգնած է Կրանտիին` յարմարաւէտ քննարկելու իր հաւատքը աշխատավայրին մէջ: Ան մեծնալով եւ Բրիտանիոյ մէջ ուսումը աւարտելէն ետք տեղափոխուած է Սինկափուր: Ան պարզած է, որ գրասենեկային միջավայրերը, որոնք մշակութային առումով բազմազան են, ուր մարդիկ բաց են իրենց անձնական կեանքը քննարկելու համար, նոյնպէս տեղ կը ձգեն հաւատքի մասին խօսակցութիւններու:
Կրօնը բացառելու վտանգները
Էսոփ, յատկապէս այն վայրերուն` Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ուր ապրած եւ աշխատած է, կը տեսնէ գիտութեան եւ կրօնի միջեւ յաճախ խիստ անջրպետը` որպէս գաղափարներու ազատ հետազօտման խոչընդոտ: Եղափոխութեան եւ կեանքի ծագման մասին քննարկումը, օրինակ, նման միջավայրերու մէջ կրնայ յանգեցնել անբնական խօսակցութեան:
«Հոս է, որ կրօնը ձեւով մը մէկ կողմ դրուած է, քանի որ երկուքը` աշխատանքը եւ կրօնը, կը դիտուին որպէս առանձին տիրոյթներ: Անձամբ ես կը կարծեմ, որ անոնք միասնական ամբողջութիւն են», կ՛ըսէ ան:
Էքլունթ կը խորհի, որ կրօնի գոյութեան ընդունումը գիտական ծիրին մէջ կրնայ օգնել` խրախուսելու բազմազանութիւնը:
Ընկերաբան Է. Հավըրտ Էքլունթ կ՛ուսումնասիրէ գիտնականներու վերաբերմունքը կրօնի նկատմամբ
Աւելի հաւանական է, որ կիներ եւ գունաւոր մարդիկ (խումբեր, որոնք գիտական հանրութիւնը կը ձգտին գրաւել եւ պահպանել) ճանչցուին որպէս հաւատացեալ:
«Հաւատացեալ մարդոց նկատմամբ կասկածներ յառաջացնելով, մենք` որպէս գիտնականներ, կրնանք ակամայ զրկել ցեղային փոքրամասնութիւնները եւ կիները գիտութենէն», կ՛ըսէ ան:
«Մենք պէտք է հետապնդենք աւելի ամբողջական վերապատրաստում նաեւ այլ համակարգերու մէջ, ինչպիսին է բնաշխարհիկ գիտելիքը, որ ոգեշնչած է հետաքրքրութեան զարթօնք ամբողջ աշխարհի մէջ», կը հաստատէ Էսոփ:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ