Սպանիան, Նորվեկիան ու Իրլանտան ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը
Նորվեկիոյ վարչապետ Եոնաս Կահր Սթորէ յայտարարեց, որ Նորվեկիան Պաղեստինը պաշտօնապէս իբրեւ պետութիւն կը ճանչնայ:
«Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը անկարելի է, քանի տակաւին չկայ ճանաչում», ըսաւ ան` մանրամասնելով, որ սկանտինաւեան երկրի որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ երեքշաբթի, 28 մայիսին:
«Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը կը նշանակէ աջակցիլ չափաւորական ուժերուն, որոնց դերակատարութիւնը նահանջ արձանագրեց շարունակուող տագնապին մէջ», նշեց Նորվեկիոյ վարչապետը:
Իրլանտայի վարչապետ Սայմըն Հարիս յայտարարեց, որ իր երկիրը Պաղեստինը իբրեւ պետութիւն կը ճանչնայ: «Իրլանտան Պաղեստինի պետութիւնը կը ճանչնայ, եւ վստահ ենք, որ յաւելեալ պետութիւններ պիտի միանան մեր այս քայլին», ընդգծեց Հարիս:
Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ իր կարգին սպանական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սպանիան պաշտօնապէս կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը շարունակէ Կազան քանդել», նշեց ան` աւելցնելով. «Մենք խաղաղասէր ժողովուրդ ենք, եւ Կազայի ջարդերուն դէմ բողոքի ցոյցերուն հազարաւոր ցուցարարներու մասնակցութիւնը ատիկա ցոյց կու տայ»:
«Մենք արդար դատ կը պաշտպանենք, եւ Նեթանիահուն իշխանութեան վրայ աւելի երկար մնալու միջոց կը փնտռէ», ըսաւ Սպանիոյ վարչապետը:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իբրեւ բողոք տուն կանչեց Իրլանտայի եւ Նորվեկիոյ մէջ իր դեսպանները:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահութիւնը ողջունեց Իրլանտայի եւ Սպանիոյ կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ յայտարարեց. «Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալը արգիլուած բան մը չէ, սակայն ներկայիս պահը յարմար չէ»:
Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամ Պասեմ Նայիմ յայտնեց. «Պաղեստինցի ժողովուրդին քաջարի դիմադրութիւնը եւրոպական երեք պետութիւններ մղեց ճանչնալու պաղեստինեան պետութիւնը»: Ան աւելցուց, որ անոնք պաղեստինեան դատին նկատմամբ միջազգային կեցուածքին մէջ շրջադարձ կը ներկայացնեն:
Համաս շարժումը ողջունեց Նորվեկիոյ, Իրլանտայի եւ Սպանիոյ` Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու քայլը, զայն նկատելով «մեր հողերուն վրայ մեր իրաւունքը հաստատելու եւ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով մեր պաղեստինեան անկախ պետութիւնը հաստատելու ուղիին վրայ կարեւոր քայլ մը»:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ ողջունեց Սպանիոյ, Իրլանտայի եւ Նորվեկիոյ «քաջարի» որոշումը, եւ այլ երկիրներուն կոչ ուղղեց` անոնց օրինակին հետեւելու:
Սէուտական Արաբիան յայտնեց. «Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը կը հաստատէ պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին նկատմամբ միջազգային միաձայնութիւն»: Թագաւորութիւնը մնացեալ երկիրներուն կոչ ուղղեց` «պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու շտապելու»:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց. «Նորվեկիոյ, Սպանիոյ եւ Իրլանտայի Պաղեստինը ճանչնալու որոշումը ամօթալի է, սակայն տագնապի հետեւանք չէ, այլ` քաղաքական աննախադէպ ձախողութեան»:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց, որ Իսրայէլ Սպանիոյ, Իրլանտայի եւ Նորվեկիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու հարցը կը սերտէ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ