Որոնել

Իրանի մէջ ուղղաթիռի արկածէն զոհուած քաղաքական անձնաւորութիւնները Իրանի մէջ ուղղաթիռի արկածէն զոհուած քաղաքական անձնաւորութիւնները 

Պաշտօնական Երեւանը կը ցաւակցի Իրանեան նախագահական ուղղաթիռի արկածին առիթով

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը ցաւակցութիւն յայտնած է ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի զոհուելուն առնչութեամբ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը ցաւակցութիւն յայտնած է ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի զոհուելուն առնչութեամբ:

«Տեղեկանալով Իրանէն եկող սարսափելի լուրերուն մասին, որոնց շարքին իմ սիրելի գործընկերոջ եւ ընկերոջ` Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի ողբերգական մահուան մասին` իմ խորին ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ Իրանի կառավարութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան գործընկերներուն եւ բարեկամ ժողովուրդին: Կիսելով վիշտը` մենք ձեզի ուժ կը մաղթենք այս մռայլ ժամանակներուն մէջ», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` նշած է Միրզոյեանը «Էքս»-ի մէջ իր կատարած գրառումին մէջ:

Իրանեան նախագահական ուղղաթիռի ողբերգական արկածին առիթով երէկ առանձին ցաւակցագիրներ յղած էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ բազմաթիւ նախարարութիւններու ղեկավարներ: Իրանի պետութեան եւ ժողովուրդին ցաւակցած էր նաեւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2024, 07:30