Որոնել

ITALY-VOLCANO-EARTHQUAKE

Երկրաշարժ Հայաստանի մէջ. Այն զգացուած է մայրաքաղաք Երեւանի մէջ

Մայիս 30-ին, տեղական ժամանակով ժամը 23:27-ին (Կրինիչի ժամանակով ժամը 19։27-ին) ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային  ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.07⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 44.58⁰, աշխարհագրական չափագրումներով Հայաստան՝ Երեւան քաղաքէն 14 քմ հարաւ-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 3․3 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:

Կեդրոնային գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 4-5 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Երեւան քաղաքի մէջ՝ 4 աստիճան, Կոտայքի մարզի մէջ՝ 3-4 աստիճան, Արարատի մարզի մէջ՝ 3 աստիճան ուժգնութեամբ։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2024, 08:29