«Զուարթնոց»ի կազմակերպութեամբ՝ նշուեցաւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100ամեակը
Արեւմտեան թեմի «Զուարթնոց» մշակութային վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ Չորեքշաբթի, 22 Մայիսի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, առաջնորդարանի «Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ դասախօսական երեկոյ մը, նուիրուած՝ 20րդ դարու մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100ամեակին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զուարթնոց»ի ատենապետ տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ այս ձեռնարկին յատուկ նպատակին՝ անմար պահել մեծ բանաստեղծին յիշատակը եւ գործերը: Ապա, ան հրաւիրեց վարչութեան անդամ տոքթ. Յարութ Եաղսըզեանը, որ ներկայացնէ օրուան բանախօսը:
Տոքթ. Եաղսըզեան գնահատանքով անդրադարձաւ բանախօս տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանի հրապարակային ելոյթներուն մասին, յատկապէ՛ս գրական մշակութային ոլորտներուն մէջ եւ բեմ հրաւիրեց յարգելի բանախօսը, որ ներկայացնէ մեծն Պարոյր Սեւակը:
Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան շատ հետաքրքրական եւ արհեստավարժ կերպով անդրադարձաւ Պարոյր Սեւակի կեանքի բոլոր հանգրուաններուն: Թէեւ ընդհանուր, սակայն նոյն ատեն կարեւոր մանրամասնութիւններով ներկայացուած տեղեկութիւնները ներկաներու մօտէն ծանօթացուցին Պարոյր Սեւակ մարդը եւ հայրենասէրը:
Մեծապէս գնահատելի էր տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանի ներկայացուցած նիւթը եւ օգտագործուած սահիկները եւ նկարները, որոնք գրասէր ներկաները կապեցին՝ հետեւելու բոլոր հանգրուաններուն: Իր ելոյթին վերջաւորութեան, մեծն Պարոյր Սեւակի ձայնով արտասանուած բանաստեղծութիւնը եւս շատ հաճելի էր:
Ապա, տոքթ. Եաղսըզեան բեմ հրաւիրեց մեծատաղանդ ասմունքող Նունէ Աւետիսեանը, որ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն հոյլ մը ներկայացուց եւ արժանացաւ ծափողջոյններու:
Ապա՛ բեմ հրաւիրուեցաւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Զուարթնոց»ին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկին կազմակերպութեան եւ մասնակցեցան յայտագիրին: Ան պատմեց, թէ դպրեվանքի սաներուն հետ պտոյտէ մը ետք, Էջմիածին վերադարձի ճամբուն վրայ տեսած էին Պարոյր Սեւակի մահուան պատճառ դարձած արկածէն ետք մնացած ծանրօրէն վնասուած ինքնաշարժը: Այդ երեւոյթը մեծապէս ազդած էր բոլորին վրայ: Ան յիշեց, որ այդ տարիներուն, Պարոյր Սեւակ միշտ այցելութեան կու գար Էջմիածին, եւ ան իր խօսքը աւարտեց Ամենայն Հայոց Վազգէն վեհափառի խօսքով, թէ Պարոյր Սեւակ կ՛ապրի այնքան ատեն, որ հայ ժողովուրդը պիտի ապրի:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Պահպանիչ»ով:
Վարձքը կատար կազմակերպիչներուն, օրուան բանախօսին եւ յայտագիրին մասնակցողներուն:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ