Որոնել

Արցախէն տեղահանուածներ, առողջապահական կեդրոն Արցախէն տեղահանուածներ, առողջապահական կեդրոն 

AMAA-ը Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն աջակցելու՝ Revive ծրագիրը

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղը (AMAA Armenia) Լեռնային Ղարաբաղէն 19 սեպտեմբեր, 2023-էն յետոյ բռնի տեղահանուած անձերուն եւ ընտանիքներուն կեանքը վերակառուցելու եւ անոնց միջնաժամկէտ հրատապ կարիքները հոգալու նպատակով կ'իրականացնէ Revive կեցութեան եւ կենսապահովման ծրագիրը։

Երկարաժամկէտ բաղադրիչի ծիրէն ներս AMAA կը տրամադրէ աջակցութիւն 19 սեպտեմբեր, 2023-էն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան բռնի տեղահանուած բնակչութեան՝ ներառելով Գեղարքունիքի, Շիրակի, Տաւուշի, Լոռիի, Սիւնիքի մարզերուն մէջ ապաստանածներուն, որոնք եղած են մինչեւ 19 սեպտեմբեր, 2023-ը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) Արցախի մասնաճիւղի աշխատակից կամ մասնաճիւղի կողմէ իրականացուող ծրագիրներէն մէկու շահառու, իսկ առաջին փուլի աւարտէն յետոյ շահառուները պիտի ընտրուին արդէն մշակուած եւ պետական չափորոշիչներուն հնարաւոր չափով մօտ։

Կարճաժամկէտ բաղադրիչի ծիրէն ներս՝ միանուագ աջակցութիւն միջնաժամկէտ առաջնային կարիքներու բաւարարման նպատակով, ինչպէս, օրինակ, հագուստի, սնունդի, առողջապահական կամ կենցաղային գոյքի ձեռքբերում, դեղորայքի ձեռքբերում։ Մէկ անգամուայ օգնութիւնը գլխաւորապէս ուղղուած է AMAA-ի Արցախի մասնաճիւղի աշխատակիցներուն, որոնք 19 սեպտեմբերի տեղահանումէն յետոյ կը բնակին Արարատի, Արմաւիրի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Վայոց Ձորի մարզերուն եւ Երեւանի մէջ եւ չեն ծրագրեր ծրագիրի ծիրէն ներս տեղափոխուիլ եւ ապրիլ ծրագիրի թիրախային հինգ մարզերէն մէկուն մէջ։

««Revive կեցութեան եւ կենսապահովման ծրագիրի երկարաժամկէտ բաղադրիչի շրջանակին մէջ աջակցութիւնը ընտանիքներուն կը տրամադրուի հետեւեալ կերպ՝ կեցութեան ապահովում, ներառեալ՝ վարձակալած բնակարաններու կամ տուներու վարձավճարներու փոխհատուցում, աջակցութիւն բնակարանային պայմաններու բարելաւման համար անհրաժեշտ շինանիւթի ձեռքբերման նպատակով (ինչպէս օրինակ, տանիքը փոխել, ջերմամեկուսացում, յատակի բարեկարգում, լոգարանի վերանորոգում եւ այլն)։ Աջակցութիւն առաջնային անհրաժեշտութեան կենցաղային գոյքի ձեռքբերման նպատակով, ինչպէս օրինակ, լուացքի մեքենայ, սառնարան, մահճակալ, կազօճախ եւ նմանատիպ այլ գոյք, որոնք կը լուծեն բռնի տեղահանուածներու առաջնային կարիքները եւ կը բարձրացնեն անոնց կեանքի որակը», - ըսած է Թութխալեան։

Անոր խօսքով՝ նպատակ ունին հզօրացնելու ծրագիրին մէջ ընդգրկուած ընտանիքներու տնտեսութիւնը, արտադրական հաշիւներու տրամադրմամբ՝ աշխատանքային միջոցներու կամ անոնց ձեռքբերման համար գումարի տրամադրում, ուսուցման եւ վերապատրաստման դասընթացներու կազմակերպում եւ անոնց համապատասխան աշխատանքային գործիքներու տրամադրում, աջակցութիւն՝ գիտելիքներուն եւ հմտութիւններուն համապատասխան աշխատանքի տեղաւորման հարցով եւ աշխատավարձի օժանդակութիւն, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն փոքր ձեռարկատիրութիւններուն հիմնման հարցով։ Բացի այս, ծրագիրի շահառուներուն կը տրամադրուի ընկերային-հոգեբանական աջակցութիւն, ներառեալ՝ ուղղորդում եւ խորհրդատուութիւն բնակութեան վայրին մէջ համապատասխան ծրագիրներ իրականացնող պետական կառոյցներ կամ հասարակական կազմակերպութիւններ, պետական եւ համապատասխան այլ կառոյցներ՝ հոգեբանական աջակցութեան եւ ֆիզիքական առողջութեան հարցերու կարգաւորման վերաբերեալ, աջակցութիւն ընտանիքներուն՝ հոգեբանական բարդ իրավիճակէն դուրս ելլելու նպատակով․

«Ծրագիրի երկարաժամկէտ բաղադրիչի տեւողութիւնը 12 ամիս է (2023 դեկտեմբեր 1-էն 2024 նոյեմբեր 30), եւ առաջին փուլի աւարտէն յետոյ այն պիտի երկարաձգուի։ Իսկ միանուագ ծրագիրի տեւողութիւնը մինչեւ 3 ամիս է (2024 յունուար 2-էն մարտ 31)։ Աջակցութեան չափը երկարաժամէտ բաղադրիչի պարագային ընտանիքի համար կը կազմէ 5100 ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամ, որմէ կեցութեան համար՝ 2000 ԱՄՆ տոլար, կենսապահովում՝ 3000 ԱՄՆ տոլար ընկերային-հոգեբանական (առողջապահական)՝ 100 ԱՄՆ տոլար։ Կարճաժամկէտ բաղադրիչի պարագային կը տրամադրուի նուէր քարտեր իւրաքանչիւր ընտանիքին՝ 500 (մինչեւ 5 անդամ) եւ 1000 (6 եւ աւելի անդամ) ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամի չափով»,- մանրամասնած է AMAA Armenia-ի գործերու կառավարիչ Նարեկ Թութխալեան։

Այս պահուն ծրագիրին մէջ արդէն ընդգրկուած է 80 ընտանիք, որոնց հետ կ'աշխատին կազմակերպութեան ընկերային աշխատողները, որոնք եւս Արցախէն բռնի տեղահանուածներ են։

Աղբիւրը՝ Արեւլքէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2024, 07:40