Կազ լեցնելու կայարանի պայթումէն 7 տուժածներէն 6-ը այրուածքաբանութեան կեդրոնին մէջ են` 2-ի վիճակը ծայրայեղ ծանր
Երեւան-Սեւան ճանապարհին վրայ ուժգին պայթում մը որոտացած էր:
Նախանցեալ օր Հայաստանի մէջ 37-թոննոց կազի սիթեռնի պայթումէն 7 քաղաքացի տուժած է: Անոնցմէ մէկը` թեթեւ այրուածքներով, արդէն տուն գացած է, 6-ը Այրուածքաբանութեան ազգային կեդրոնին մէջ են` 2-ի վիճակը ծայրայեղ ծանր:
Երեւան-Սեւան ճանապարհին վրայ ուժգին պայթում մը որոտացած էր: Ինչպէս ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած էր յունիսի 6-ին` ժամը 23:14-ին, Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը ահազանգ ստացած, որ կազ լեցնելու կայարանի մը մէջ տեղի ունեցած է պայթում` հրդեհի բռնկումով:
Աղբիւրը՝ Ազդկա
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
08/06/2024, 08:36