Ի՞նչ կ՛ակնկալուի մեր ուսեալ հայորդիներէն. Գրեց. Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Յունիս ամիսը շատ վայրերու մէջ դպրոցական շրջանաւարտութեան ամիս է: Առ հասարակ, այդ ամսուան ընթացքին դպրոցները իրենց տարեշրջանը կ՛ամբողջացնեն եւ իրենց կրթական հունձքը կ՛ունենան: Կը շնորհաւորենք մեր բոլոր շրջանաւարտները ե իրենց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ:
Համալսարանական շրջանաւարտներ գործի նոր աշխարհ մը կը դիմակալեն իր իւրայատուկ մարտահրաւէրներով: Երիտասարդներու այս նոր սերունդը յուսադրիչ երեւոյթ մըն է մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Այս սերունդն է, որ կոչուած է մեր ներկան ակօսելու եւ ապագան դարբնելու:
Յուսադրական երեւոյթ է, որ սփիւռքահայ նոր սերունդներու մէջ կան արժանաւոր հայորդիներ, որոնք իրենց ուսումը ստանալէ ետք, իրենց տաղանդն ու արժանիքները կը գործածեն իրենց գաղութներու ազգային վերելքին համար: Անոնց նիւթական եւ բարոյական ներդրումը ոչ միայն գնահատելի եւ գովելի է, այլ նաեւ սրտառուչ եւ ներշնչիչ է:
Սակայն այս սքանչելի հայորդիներէն անջատ, դժբախտաբար կան նաեւ նկատելի թիւով համալսարանաւարտ երիտասարդներ, որոնք թէեւ կարեւոր յաջողութիւններ արձանագրած են, եւ լաւ պաշտօններու ու դիրքերու տիրացած են, սակայն մեկուսացած ու ինքնամփոփ իրենց պատեաններուն մէջ, կ՛ապրին անձնակեդրոն կեանք մը: Անոնցմէ շատեր անտեղեակ կամ անտարբեր են հայրենիքի եւ Սփիւռքի մեծ ու փոքր կարիքներուն:
Այսպիսիներ ազգային իրենց պարտականութիւններէն խուսափելու իրավիճակը կ՛աշխատին չքմեղացնել իրենց չէզոք ըլլալու, կամ ազգային կազմակերպութիւններէն յուսախաբ ըլլալու պատճառաբանութեամբ: Անոնք հայ կազմակերպութիւններու գործունէութեանց չեն մասնակցիր, ազգօգուտ հանգանակութիւններէ հեռու կը մնան, հայերէն թերթ ու գիրք կարդալէ դադրած են:
Կ՛ակնկալուի որ այս անտարբեր եւ անհոգ երիտասարդները երախտամոռ չ՛ըլլան զիրենք ծնող ժողովուրդին, զիրենք դաստիարակող կրթական հաստատութեանց եւ իրենց ծնողաց հանդէպ: Կ՛ակնկալուի, որ անոնք իրենց հոգեւոր, մտաւոր եւ հայեցի դաստիարակութիւնը գէթ որոշ չափով մը գործածեն ի շահ իրենց ազգին:
Այսօր, աւելի քան որեւէ ատեն, սփիւռքահայութիւնը օրհասական պայքարի մէջ է հայապահպանումի եւ Հայ Դատի ճակատներու վրայ: Մեր ուսեալ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ իրենք, որպէս ուսեալ տարր, մաս կը կազմեն մեր մտաւորականութեան: Եւ հայ մտաւորականներ կոչում ունին ոգեւորելու մեր երիտասարդ ուժերը՝ պայքարելու համար այլասերումի եւ ուծացումի դէմ եւ պահելու մեր նախնիքներէն մեզի կտակուած աւանդն ու ժառանգութիւնը:
Մեր ուսեալ հայորդիները, երբեք մտահան ընելու չեն որ իրենք կը պատկանին ազգութեան մը որ իր արեան գնով մեզի փոխանցած է սքանչելի հոգեմտաւոր ժառանգութիւն մը. ազգ մը որ իր կրանիտեայ կամքով ճակատ տուած է պատմութեան բոլոր ամպրոպներուն եւ մրրիկներուն եւ ցոյց տուած է իր ապրելու եւ ստեղծագործելու կամքն ու արժանիքը:
Մեր ուսեալ, բայց ինքնագոհ եւ ինքնահաճ հայորդիները, որոնք լքած են հայկական կազմակերպութիւնները եւ իրենց մեկուսացման մէջ հիւսած են իրենց ոստանը, պէտք է զգաստանան թէ իրենք ամբողջին մաս կը կազմեն եւ ամբողջը իրենցմով կը լիանայ: Ոչ մէկ գիտակից հայ կ՛արդարանայ ինքզինք ազգէն անջատելով: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնը արդար եւ բնական է, որ մեր ուսեալ հայորդիները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն մեր հաւաքական կեանքին:
Հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի ակնկալելու իր ուսեալ նոր եւ եկուոր սերունդներէն պատրաստակամութիւն, որ ան իր արդար բաժինը բերէ հայ ժողովուրդի նիւթական, բարոյական եւ հոգեւոր վերելքին:
Այո՛, իրազեկ ըլլանք թէ ոչ, մենք, հայորդիներս իրարու հետ կապուած ենք եւ մէկ մեծ ընտանիքի զաւակներ ենք կեանքի ամէն պայմաններու մէջ, ուրախութեան կամ տառապանքի, յաջողութեան կամ ձախողութեան մէջ: Ուստի բոլորս ալ մեր գործօն մասնակցութիւնը բերելու ենք մեր հաւաքական կեանքի բարգաւաճումին եւ վերելքին:
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ