Որոնել

Special European Council in Brussels

Պորել. «Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ Պաքուին կոչ ուղղել ապահովելու Արցախի հայերուն իրաւունքները, ներառեալ՝ տունդարձը. Պորել

Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ համագործակցիլ Ատրպէյճանի հետ մարդու իրաւունքներու շուրջ կանոնաւոր երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմ կապերու ծիրին մէջ: Պաքուի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը ուշադիր կը հետեւի տեղւոյն իրավիճակին եւ սերտ կապի մէջ է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին հետ, որ կանոնաւոր հասանելիութիւն ունի հայ բանտարկեալներուն: Բացի այդ, Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ կոչ ուղղել Ատրպէյճանին՝ ապահովելու Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները, ներառեալ անոնց՝ առանց ահաբեկման եւ խտրակ
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովական հարցերու գծով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել Եւրոպական խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ Ատրպէյճանին կոչ ուղղել՝ ապահովելու Արցախի հայերուն իրաւունքները, ներառեալ՝ անոնց տուները վերադառնալու իրաւունքի իրականացումը:

Ան այս մասին խօսեցաւ՝ պատասխանելով Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու հարցումներուն:  

«Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ բոլոր չլուծուած հարցերու շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտող ջանքերուն: Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղէն ձերբակալուածներուն վիճակին, Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ պահպանելու պատշաճ իրաւական ընթացակարգը, ձերբակալուած անձերու պաշտպանութեան հիմնական սկզբունքները եւ ապահովելու թափանցիկութիւն: Եւրապական Միութիւնը համոզուած է, որ վստահութեան ամրապնդման միջոցները, ներառեալ՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալերու ազատ արձակումը եւ հայրենադարձութիւնը, կրնան օգուտ բերել ընդհանուր խաղաղութեան գործընթացին եւ ճամբայ հարթել կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման», իր գրաւոր պատասխանին մէջ կը յայտնէ Պորել՝ յիշեցնելով, որ այս վերջին կէտին վերաբերեալ Եւրոպական Միութիւնը ողջունած էր 7 Դեկտեմբեր 2023ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միացեալ յայտարարութիւնը՝ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու, որոնց կարգին բանտարկեալներու փոխանակման վերաբերեալ, եւ կը շարունակէ կոչ ուղղել՝ այդ ուղղութեամբ հետագայ քայլերու ձեռնարկելու:

«Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ համագործակցիլ Ատրպէյճանի հետ մարդու իրաւունքներու շուրջ կանոնաւոր երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմ կապերու ծիրին մէջ: Պաքուի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը ուշադիր կը հետեւի տեղւոյն իրավիճակին եւ սերտ կապի մէջ է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին հետ, որ կանոնաւոր հասանելիութիւն ունի հայ բանտարկեալներուն: Բացի այդ, Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ կոչ ուղղել Ատրպէյճանին՝ ապահովելու Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքները, ներառեալ անոնց՝ առանց ահաբեկման եւ խտրականութեան, իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքի իրացումը: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կը շարունակէ աջակցիլ Ղարաբաղի հայերուն, որոնք տեղահանուած են 2023 թուականի Սեպտեմբերին եւ անկէ առաջ, եւ այդ ժամանակէն ի վեր տրամադրած է աւելի քան 33 միլիոն եուրոյի մարդասիրական օգնութիւն՝ անոնց կարիքները բաւարարելու համար՝ ուղղակի մարդասիրական օգնութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան պիւտճէին աջակցելու միջոցով», կ՛ըսուի Պորելի գրաւոր պատասխանին մէջ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2024, 08:28