Եւրոպայի Ֆութպոլի ախոյեանութիւնը՝ 14 յունիսէն 14 յուլիս
Ուրբաթ Յունիս 14ին, Գերմանիոյ մէջ կը սկսին Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու 17րդ ախոյեանութեան աւարտախաղերը։
24 խումբեր, բաժնուած 6 խմբակներու, պիտի մրցին ֆութպոլի աշխարհի երկրորդ կարեւորագոյն տիտղոսին համար։ Մրցաշարքին ներկայ են Եւրոպայի մեծագոյն երկիրները, որ կը յուշէ, թէ հետաքրքրական եւ բարձր մակարդակի մրցումներու հանդիսատես պիտի ըլլանք։
Հակիրճ պատմական մը ընելով, կը նկատենք որ նախորդ 16 մրցաշարքերուն տիրացած են 10 երկիրներ։ Սպանիա միակն է որ յաջողած է յաջորդական երկու անգամ (2008 եւ 2012) դառնալ ախոյեան։ Անիկա Գերմանիոյ հետ առաւելագոյն տիտղոսակիրն է (3 անգամ, 1964, 2008 եւ 2012), իսկ Գերմանիա (1972, 1980 եւ 1996)։ Ֆրանսա եւ Իտալիա երկուքական անգամ նուաճած են տիտղոսը՝ Ֆրանսա 1984ին եւ 2000ին, իսկ Իտալիա՝ 1968ին եւ 2020ին։ Խ. Միութիւն (1960), Չեքոսլովաքիա (1976), Հոլանտա (1988), Դանիա (1992), Յունաստան (2004) եւ Փորթուգալ (2016) մէկական անգամ դարձած են Եւրոպայի ախոյեան։ Բացի տիտղոսակիրներէն, երեք երկիրներ՝ Եուկոսլաւիա (1968), Պելճիքա (1980) եւ Անգլիա (2020) հասած են աւարտականին բայց չեն դարձած ախոյեան։ 1984ին Ֆրանսա դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան եւ Միշէլ Փլաթինի այդ մրցաշարքին նշանակեց 9 կոլ։ Ցարդ այս մրցանիշը չէ գերազանցուած։
Ա․ խմբակին մէջ, կազմակերպիչ երկիր Գերմանիա բացման մրցումը պիտի կատարէ Սկովտիոյ հետ։ Այս խմբակին եւ մրցաշարքին գլխաւոր թեկնածու Գերմանիա, տեսականօրէն դժուարութիւն պէտք չէ ունենայ երկրորդ հանգրուան անցնելու։ Խմբակին միւս անդամները՝ Սկովտիա, Հունգարիա եւ Զուիցերիա պիտի փորձեն ընկերակցիլ կազմակերպիչին։ Զուիցերիացիք վերջին տարիներու մրցաշարքերուն տպաւորիչ խաղարկութիւն կը ցուցադրեն։ Սկովտիացիք ցարդ որեւէ մրցաշարքի աչքի չեն ինկած, հակառակ որ քանիցս մասնակցած են թէ՛ աշխարհի եւ թէ Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն։ Իսկ հունգարացիք երկար բացակայութենէ ետք վերադարձած են միջազգային մրցաշարքերու, բայց դեռ հեռու են Փուշքաշի սերունդի արժանաւոր յետնորդները նկատուելէ։
Բ․ խմբակէն երկրորդ հանգրուան անցնելու երեք գլխաւոր թեկնածուները Սպանիան, Իտալիան եւ Խրուաթիան են։ Սպանացիք միշտ ալ աւելի յաջող արդիւնքներ արձանագրած են այս մրցաշարքերուն քան աշխարհի ախոյեանութեան։ Մինչդեռ հակառակը կարելի է ըսել Իտալիոյ համար։ Խրուաթները վերջին Մոնտիալին լաւ արդիւնքներ արձանագրեցին, սակայն որոշ խաղացողներ տարիքի բերմամբ լքած են ազգային խումբը։ Խմբակին ամէնէն տկար նկատուած խումբը Ալպանիան է։ Անիկա յոյսեր չունի նուաճումներ արձանագրելու, բայց կրնայ իր խմբակիցներուն հաշիւները խանգարել։
Գ․ խմբակէն ներս ուժերը հաւասար են։ Անգլիացիք ոչ միայն պիտի փորձեն անխափան շարունակել իրենց երթը, այլեւ պիտի փորձեն իրենց պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրանալ տիտղոսին։ Դանիա, Սերպիա եւ Սլովենիա հաւասար հնարաւորութիւններ ունին երկարաձգելու իրենց ներկայութիւնը Գերմանիոյ մէջ։ Դանիացիք եւս այս մրցաշարքերուն աւելի փայլուն արդիւնքներ արձանագրած են։
Դ․ խմբակը ամէնէն հաւասարակշռուած խմբակն է։ Ֆրանսացիք կը նկատուին ամէնէն մեծ թեկնածուն թէ՛ այս խմբակին եւ թէ մրցաշարքին տիրանալու։ Հոլանտացիք եւս ունին խոստմնալից կազմ եւ պիտի չուզեն կանուխ հրաժեշտ տալ մրցաշարքին։ Լեհաստան եւ Աւստրիա պիտի փորձեն ամէն գնով առաջին երեք դիրքերէն մէկը գրաւել, որպէսզի յաջողին խմբակային խաղերով չբաւարարուիլ։ Լեհերը աւելի կազմակերպուած կը թուին քան աւստրիացիները։
Ե․ խմբակին մաս կազմող չորս խումբերուն հնարաւորութիւնները հաւասար են։ Ճիշդ է որ անոնք նախապէս մասնակցած են այս մրցաշարքին, սակայն բացի Պելճիքայէն, որ 1980ին հասած է աւարտականին, ոչ մէկ նուաճում արձանագրած են։ Պելճիքացիք վերջին Մոնտիալին ներքին խնդիրներ ունենալու պատճառով չկրցան լաւ խաղարկութիւն ցուցաբերել։ Ռումանացիք միշտ ալ անակնկալներ ստեղծող կազմ են։ Ուքրանացիք, հակառակ անոր որ իրենց երկիրը կը գտնուի արիւնալի պատերազմի մէջ, պիտի փորձեն պատուաբեր արդիւնքներով վերադառնալ հայրենիք։ Սլովաքիա տոկուն եւ յամառօրէն պայքարող խումբ ըլլալով կրնայ երկրորդ հանգրուանի տոմսը ապահովել։
Զ․ խմբակին երկու հաւանական թեկնածուները Չեխիան եւ Փորթուգալն են։ Անոնք փայլուն անցեալ ունին եւրոպայի ախոյեանութիւններուն եւ բաւական կազմակերպուած խումբով կը ներկայանան այս մրցաշարքին։ Փորթուգալցիք աւելի քան 15 տարի է ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին առանց Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի, որ տարիքի բերումով հրաժեշտ տուաւ ազգային խումբին։ Թուրքիա պիտի փորձէ անակնկալներ ստեղծել եւ երկրորդ հանգրուան անցնիլ, թէեւ թրքական ֆութպոլը չունի 20ամեակ մը առաջ ունեցած իր մակարդակը։ Այս մրցաշարքի մեծագոյն անակնկալն ու նորութիւնը անկասկած Վրաստանն է, որ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի նման ախոյեանութեան մը։ Ինչ արդիւնք ալ արձանագրեն վրացիք, գոհ պիտի վերադառնան տուն, որովհետեւ անոնք ոչ փորձառութիւն ունին, ոչ ալ մեծերուն հետ «չափուելու» կարելիութիւն։
Այս մրցաշարքը կրնայ ֆութպոլի նոր «աստղերու» բացայայտումը կատարել։ Ամբողջ 15 տարի, Մեսսի եւ Ռոնալտօ «իշխած» էին եւրոպական ֆութպոլի գահին վրայ։ Անոնք արդէն մեկնած են եւ նորերը պիտի մրցին արժանաւորները ըլլալու այդ մեծերուն։
Յուլիս 14ին, Պերլինի մէջ պիտի որոշուի Եւրոպայի նոր ախոյեանին անունը։ Բայց մինչ այդ, աշխարհի չորս ծագին միլիոնաւորներ ամէնօրեայ դրութեամբ պիտի հետեւին այդ խաղերուն․ շատեր պիտի ուրախանան, ուրիշներ տխրին, գրաւի գրասենեակներ միլիոններ պիտի շահին, հեռատեսիլի կայանները անդադար պիտի գովազդեն խաղերը, քննարկումներ եւ վիճաբանութիւններ պիտի կատարուին եւ ի վերջոյ իրաւարարի սուլիչով պիտի աւարտի ամէն ինչ։
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ