Որոնել

2024.06.19 erimonia di chiusura anno scolastico scuola Suore Armene USA

Տեղի ունեցաւ Հայ Քոյրերու վարժարանի ամավերջի հանդէսը

Եղէք Հայ Քոյրերու վարժարանին հաւատարիմ առաքեալները եւ անոր դեսպանները եւ ներկայացուցիչները ձեր նոր միջավայրին մէջ: Ունեցէք մեծ երազանքներ, հետաքրքրասէր եղէք եւ մի դադրիք երազելէ, ինքնավստահ եղէք միշտ եւ պատրաստ՝ յաջորդ քայլին

Կիրակի, 9 Յունիսին, տեղի ունեցաւ Հայ Քոյրերու վարժարանի 8րդ կարգի ամավերջի հանդէսը, որ սկիզբ առաւ շրջանաւարտ աշակերտներուն՝ Տէրունական աղօթքի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումով:

Վարժարանիս փոխտնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց եւ նշեց, որ վկայականաց հանդէսը ուրախութեան եւ հպարտութեան օր է, ամբողջ տարուան մը բերքահաւաքի օրն է, երբ կը քաղենք կրթական տարեշրջանի ընթացքին տնօրէնութիւն-ուսուցչական կազմ-ծնողք-աշակերտներ հաւաքական աշխատանքին հունձքը:

Վարժարանիս տնօրէն դոկտ. Խուլիօ Թէյէզ աշակերտները նմանցուց մետաղներու, որոնք կ՛ենթարկուին բարձր տաքութեան եւ բարձր ճնշումի, նման այն ճնշումին, որ ուսուցիչները կը դնեն աշակերտներուն վրայ դասապահներուն եւ քննութեան ընթացքին, որպէսզի վերջիններս լաւ սորվին: Ուսուցիչներուն մօտեցումը այն կրակն է, որ աշակերտները պիտի յղկէ ու վերածէ լաւ անհատներու: «Այժմ դուք պիտի ուղղուիք բարձրագոյն վարժարան մը, ապա՝ համալսարան մը, եւ տաքութիւնը եւ ճնշումի պիտի սաստկանան, տարբեր տեսակի «հարուածներու» պիտի ենթարկուիք, որոնցմով պիտի զօրանայ ձեր դիմադրողականութիւնը, համբերութիւնը եւ դիմացկունութիւնը: Ձեր՝ այստեղ սորվածները, ձեր ծնողքին խորհուրդները ձեզի պիտի օգնեն աւելի ամուր կանգնելու կեանքի մարտահրաւէրներուն դէմ: Յառաջացէք, հաւատացէք ձեր յաղթանակներուն եւ իրականացուցէք ձեր երազանքները», ըսաւ ան: 

Այնուհետեւ, հայերէնով սրտի խօսք փոխանցեց փոխտնօրէնուհի Պոյաճեան` ըսելով. « Հայ Քոյրերու վարժարանը իր դռները բացած էր ընդունելու եւ իր հովանիին տակ առնելու այսօր շրջանաւարտ եղող մեր այս աշակերտները, որոնցմէ շատերը այս դպրոցը սկսած են յաճախել փոքր տարիքէն: Այսօր, դարձեալ մեր վարժարանը դուռը կը բանայ անոնց առջեւ, բայց այս անգամ իրենց բարի երթ մաղթելու: Տարիներ այս աշակերտները դաստիարակելով, ուսում փոխանցելով, հայրենասիրութիւն, հաւատք եւ աստուածասիրութիւն սերմանելով անոնց մէջ, այսօր դուրս գալու դուռը կը բանանք անոնց դիմաց՝ հաւատալով, որ անոնք պիտի կարենան բարձրէն թռչիլ, Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ իրենց ստացած թեւերով»: Ան խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով՝ ըսաւ. «Կեանքը լեցուն է մարտահրաւէրներով, խոչընդոտներով, վերիվայրումներով, կեանքը «ռոլըր քոսթըր»ի նման է: Կրնաք օր մը շատ բարձրանալ, օր մը նահանջել, կրնաք օր յաջողիլ, օր մը ձախողիլ, բայց եթէ դուք Հայ Քոյրերու վարժարանէն ձեր ստացած մարդկային, կրօնական, ազգային բոլոր արժէքները իբրեւ զրահ գործածէք, անպայման կը յաղթահարէք բոլոր դժուարութիւնները»:

8րդ դասարանի դաստիարակ Ռայէն Ճոնզ խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ երբ տասը ամիս առաջ ժամանեց Հայ Քոյրերու վարժարանը՝ գիտէր, որ շատ իւրայատուկ վայրի մը մէջ է, եւ գիտէ, որ պիտի կարօտնայ շրջանաւարտ եղող աշակերտները: «Որովհետեւ «իրենցմէ շատ բան սորվեցայ իմ սահմաններուս մասին: Ես իմացայ, որ այս հասուն երիտասարդները չեն բաւարարուիր կիսատ-պռատ բաներով, եւ որ անոնց օգնելու համար, ես նոյնպէս պէտք է աւելի լաւը դառնամ», ըսաւ Ճոնզ:

8րդ դասարանի ուղերձները փոխանցեցին Թալին Մկրտիչեան՝ անգլերէնով եւ Շանթ Ետկարեան՝ հայերէնով: Անոնք երկուքը իրենց երախտագիտական խօսքերը փոխանցեցին թէ՛ իրենց ուսուցիչներուն եւ թէ իրենց ծնողներուն: Ուղերձներուն մէջ շեշտուեցաւ նաեւ Հայ Քոյրերու վարժարանին դերը իրենց կազմաւորման մէջ:

Յայտագիրին գեղարուեստական բաժինով, շրջանաւարտ աշակերտները ներկայացուցին Եղիշէ Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, իսկ անգլերէնով՝ Forever Young:  Թալին Մկրտիչեան եւ Շանթ Ետկարեան դաշնամուրի նուագով կատարեցին հատուած մը «Անուշ» օփերայէն:

Օրուան հիւր բանախօսն էր վարժարանիս 2014ի շրջանաւարտ Ալէն Շանթ Եուսէֆ, որ մտաբերեց Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ իր առաջին օրը, երբ քոյրերը եւ ուսուցիչները զինք գուրգուրանքով եւ ջերմութեամբ դիմաւորեցին: «Այս վարժարանին մէջ ես սորվեցայ գիտելիքներ եւ կրթութիւն, որոնք հիմը դրին իմ ապագայի մասնագիտութեան եւ որոնց համար շատ երախտապարտ եմ», նշեց բժշկութիւն ուսանող Ալէն Շանթ Եուսէֆ: 

Վարժարանիս ընդհանուր պատասխանատու քոյր Լուիզա Գասարճեան, շրջանաւարտները համարելով Հայ Քոյերու վարժարանին պատիւը եւ հրճուանքը՝ իր սրտի խօսքը արտայայտելով՝ ըսաւ. «12 պատանիներ, իւրաքանչիւրը ինքնուրոյն յատկութիւններով, կարողութիւններով եւ անհատականութեամբ կը սաւառնին արծիւի նման բարձր՝ երթալու համար նոր միջավայր մը եւ որոնց դիմաց պիտի բացուին անծայրածիր հորիզոններ եւ նոր փորձառութիւններ»: Քոյրը ըսաւ, որ աշակերտները մեր վարժարանին մէջ թրծուեցան Աստուծոյ սիրով եւ խոր հաւատքով, կերտուեցան ճշմարիտ հայու գաղափարով եւ մշակեցին իրենց մէջ գիտակցութիւնը լաւին եւ բարիին: Իր խօսքի աւարտին, ան կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն՝ ըլլալու տիպար հայ եւ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի խօսքերով յորդորեց անոնց բարձրանալ եւ իրենց հետ բարձրացնել ուրիշներ մինչեւ գագաթը արփաշող:

Տեղի ունեցաւ գերազանց աշակերտներու պարգեւատրումը, ինչպէս նաեւ Քարին Փիլաւեան փոխանցեց «Փիլաւեան» հիմնադրամի նուէրը՝ մանկամսուրէն մինչեւ 8րդ դասարան ՀՔՎ յաճախած աշակերտին, իսկ Անթուան Պեզճեան տարուան օրինակելի աշակերտին նուիրեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նահատակ Ճեսիքա Պեզճեանի անուան յիշատակի նուէրը:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ վկայականներու բաշխումը 12 շրջանաւարտներուն:

Աւարտին, հայր Արմենակ Պետրոսեան խօսքը շրջանաւարտներու ուղղելով՝ ըսաւ, որ ամէնէն մեծ եւ մնայուն հարստութիւնը գիտելիքն է, ուրեմն՝ «եղէք գիտելիքներով հզօր»: «Ինչ ճանապարհ ալ ընտրէք եղէք միշտ ուսումնասէր, հայրենասէր, աստուածասէր եւ աստուածավախ: Եղէք Հայ Քոյրերու վարժարանին հաւատարիմ առաքեալները եւ անոր դեսպանները եւ ներկայացուցիչները ձեր նոր միջավայրին մէջ: Ունեցէք մեծ երազանքներ, հետաքրքրասէր եղէք եւ մի դադրիք երազելէ, ինքնավստահ եղէք միշտ եւ պատրաստ՝ յաջորդ քայլին», եզրափակեց վարդապետը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2024, 08:32