Բռնագրաւուած Արցախէն ռուս խաղաղապահներու դուրսբերման հոլովոյթը ամբողջութեամբ աւարտած է
Ռուս խաղաղապահ զօրակազմը վերջնականապէս հեռացաւ բռնագրաւուած Արցախէն: Համապատասխան յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` ընդգծելով, որ խաղաղապահները դուրս բերելու գործընթացը աւարտեցաւ 12 Յունիսին: Այս մասին կը գրէ kommersant.ru-ը:
«Ատրպէյճանի տարածքին մէջ ժամանակաւորապէս տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը դուրս բերելու գործընթացը ամբողջութեամբ աւարտեցաւ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
2020էն ի վեր, բռնագրաւուած Արցախի մէջ 1960 զինուորներէ բաղկացած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին տեղակայումը կատարուեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ եռակողմ պայմանաւորուածութեան հիման վրայ: Սկզբունքով անոնք հոն պիտի մնային մինչեւ 2025, սակայն, Արցախի բռնագրաւումով եւ հայաթափումով՝ կացութիւնը փոխուեցաւ։ Այս տարուան 17 Ապրիլին, Ռուսիա սկսաւ խաղաղապահները դուրս բերել տարածաշրջանէն:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ