Որոնել

2024.06.01 Distruzione monumenti armeni in Artsakh

Արբանեակային պատկերները կը բացայայտեն Արցախի մշակութային ժառանգութեան լայնածաւալ ոչնչացումը. «Caucasus Heritage Watch»

«COP29-ի նախապատրաստական աշխատանքները կրնան լուրջ ազդեցութիւն ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան վրայ. ենթակառուցուածքներու եւ վերակառուցման ծրագիրները կը սպառնան, կը վնասեն կամ կ՛ոչնչացնեն մշակութային վայրերը», կ՛ըսուի «Caucasus Heritage Watch»ի զեկոյցին մէջ:

«Caucasus Heritage Watch»ը (CHW) 24 Յունիսին հրապարակեց բռնագրաւուած Արցախի վտանգուած մշակութային ժառանգութեան դիտարկման 7րդ զեկոյցը:

Վերջին զեկոյցը ցոյց կու տար, որ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ թիրախ դարձած մշակութային ժառանգութեան աւերածութիւններուն թիւը 2023ի աշունէն ի վեր աւելցած է 75 տոկոսով:

 CHW-ը մշտադիտարկման սկսած էր 2021ին, եւ վերջին զեկոյցին մէջ բացայայտած է վտանգուած հայկական մշակութային վայրերու մեծագոյն քանակը` 6 նոր աւերուած վայրեր եւ գոյատեւման սպառնալիքին առջեւ կանգնած 7 վայրեր:

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Սեպտեմբեր 2023ին, Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտումներէն ետք, CHW-ը իր դիտարկման ծրագիրին մէջ աւելցուցած է առաւել քան 180 վայրեր: CHW-ի մշտադիտարկման մեկնարկէն ի վեր, անոնք 57 տեղանքներ իբրեւ աւերուած, վնասուած կամ վտանգուած նկատեցին:

Վերջին զեկոյցին մէջ ներառուած են Կանաչ ժամի եւ Շուշիի Ղազանչեցոց գերեզմանատան ամբողջական աւերումները:

Կը նշուի նաեւ, որ Քարինտակ գիւղը ամբողջութեամբ հողին հաւասարեցուած է անցեալ տարուան աշունէն այս տարուան Ապրիլ ամիսը երկարող ժամանակաշրջանին, ինչ որ, հաւանաբար, տեղ պիտի բանայ ատրպէյճանական նոր բնակելի աւանի մը համար:

Բացի այդ, խումբը վտանգուած վայրերու ցանկին վրայ աւելցուց հինգ եկեղեցիներ եւ երկու գերեզմանատուներ` 24 Դեկտեմբեր2023էն վայրերու թիւը հասցնելով Յունիս 2024ի դրութեամբ:

«Caucasus Heritage Watch» հետազօտական նախաձեռնութիւնը, որ կը ղեկավարուի «Քորնել» եւ «Փերտիու» համալսարաններու հնագէտներուն կողմէ, վերջին մէկ տարուան ընթացքին իր ցանկին վրայ աւելցուցած է հայկական ժառանգութեան 181 վայրեր: Այդ ցանկը այժմ կը ներառէ 489 վայրեր՝ ամբողջ Արցախի տարածքին:

«COP29-ի նախապատրաստական աշխատանքները կրնան լուրջ ազդեցութիւն ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան վրայ. ենթակառուցուածքներու եւ վերակառուցման ծրագիրները կը սպառնան, կը վնասեն կամ կ՛ոչնչացնեն մշակութային վայրերը», կ՛ըսուի  «Caucasus Heritage Watch»ի զեկոյցին մէջ:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2024, 07:59