ՖԻՆԻՒԼ. «ՄԱԿ-ի դիրքերը թիրախաւորելը անընդունելի է»
ՖԻՆԻՒԼ-ի գրասենեակի փոխտնօրէն Քանտիս Արտել հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Հոկտեմբերէն ի վեր ականատես եղանք մեր դիրքերուն ենթարկուած շարք մը դէպքերու, մեր մեքենաները երկու կողմերէն ալ կրակոցի ենթարկուեցան: Կարգ մը պարագաներու խաղաղապահ ուժերու անդամներ վիրաւորուեցան, բարեբախտաբար վէրքերը վտանգաւոր չէին:
«Բոլոր կողմերուն շարունակաբար կը յայտնենք, որ ՄԱԿ-ի դիրքերը թիրախաւորելը կամ մեր դիրքերուն մօտիկ շրջաններ Կապոյտ գիծէն անդին յարձակում գործելու համար օգտագործելը անընդունելի է եւ թիւ 1701 որոշումի ոտնահարում մը»:
«Խաղաղապահներու անվտանգութիւնն ու անոնց պարտականութիւնը կատարելու կարողութիւնը երաշխաւորելու համար ունինք ուժեղ միջոցառումներ, որոնք կը ներառեն կարիքի համաձայն արդիականացնել մեր շէնքերը:
«Մենք շարունակաբար կը դիտարկենք կացութիւնը, եւ ըստ կարիքի զայն կը բարեփոխենք: Մեր խաղաղապահ ուժերը տակաւին կարող են գետնի վրայ իրենց առաքելութիւնը կատարելու եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը շարունակելու», աւելցուց ան։
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ