Որոնել

Եւրոպական յանձնաժողովի գործող նախարար Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն Եւրոպական յանձնաժողովի գործող նախարար Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն  (REUTERS)

Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններէն ետք. Ֆոն Տեր Լեյեն. «Վստահ եմ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին վրայ նոր նստաշրջան ապահովելու կարողութենէս»

Եւրոպական յանձնաժողովի գործող նախարար Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտարարութիւնը

Եւրոպական յանձնաժողովի գործող նախարար Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտարարեց, որ վստահ է յանձնաժողովի իբրեւ նախագահ նոր նստաշրջան ապահովելու իր կարողութենէն:

Ըստ նախնական տուեալներու, անոր կեդրոն աջ Եւրոպական ժողովուրդի կուսակցութիւնը Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն մէջ աթոռներու մեծամասնութիւնը ապահոված է:

«Այո՛, ես վստահ եմ, սակայն անշուշտ գիտեմ, որ ինծի շատ աշխատանք կը սպասէ: Սակայն ամբողջովին վստահ եմ, ինչ կը վերաբերի երկրորդ նստաշրջանի թեկնածութեանս», աւելցուց ֆոն տեր Լեյեն:

Կեդրոն աջ Եւրոպական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, ընկերվարականները, ժողովրդավարները եւ կեդրոնամէտներէ ու ազատականներէ կազմուած «Եւրոպայի վերածնունդ»-ը միասնաբար ապահովեցին Եւրոպական խորհրդարանի աթոռներուն մեծամասնութիւնը, հակառակ ծայրայեղ աջակողմեան ուժերուն արձանագրած մեծ յառաջընթացին:

Կը նախատեսուի, որ Եւրոպական ժողովուրդի կուսակցութիւնը ապահովէ 181 աթոռ, ընկերվարականներն ու ժողովրդավարները` 135 աթոռ, իսկ «Եւրոպայի վերածնունդ»-ը` 82 աթոռ: Նշեալ կուսակցութիւնները կը կազմեն «Մեծ համախմբումը», որուն միջոցով տեղի պիտի ունենան Եւրոպական խորհրդարանին մէջ դասաւորումները` նկատի ունենալով, որ անիկա 720 աթոռներէն 398-ը ապահոված է:

Պելճիքայի Վարչապետը Հրաժարեցաւ

Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանտր Տէ Քրուն յայտարարած է, որ կը հրաժարի` իր ղեկավարած «Բաց ֆլամանական ազատականներու եւ ժողովրդավարներու» կուսակցութեան ազգային եւ Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն մէջ կրած մեծ պարտութենէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ն:

«Մենք այս ընտրութիւններուն պարտուած ենք: Ես էի քարոզարշաւի դէմքը: Ասիկա այն արդիւնքը չէ, որ մենք կ՛ակնկալէինք: Ես կը ստանձնեմ ամբողջ պատասխանատուութիւնը: Վաղը հրաժարական պիտի տամ վարչապետի պաշտօնէն, սակայն ազատականները ուժեղ են, մենք պիտի վերադառնանք», ըսած է Տէ Քրուն:

«Տի.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ վարչապետը այս յայտարարութեան ժամանակ յուզուած եւ լացած է:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2024, 07:58