Որոնել

Երուսաղեմի հայկական եկեղեցին Երուսաղեմի հայկական եկեղեցին 

Երուսաղէմի Save The ArQ-ը կը շարունակէ իրաւաբանական պայքարը

Երուսաղէմի շրջանային դատարանին մէջ կ՛ընթանայ հայ համայնքի՝ «Կովերու պարտէզ»ին վերաբերող գործը եւ ամբաստանեալներու՝ բողոքներուն պատասխանելու պայմանաժամն ալ արագօրէն կը մօտենայ։

Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ գտնուող «Կովերու պարտէզ»ի պաշտպանութեան լծուած Save the ArQ խմբաւորումը 6 Յունիսին հրապարակեց ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.

«Ինչպէս յայտարարուած էր մեր նախորդ մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ, 6 Մայիս 2024ին, Երուսաղէմի Շրջանային դատարանը ընդունեց մեր դիմումը եւ մերժեց Xana Gardens-ի (այն ընկերութիւնը, որ կը փորձէ տիրանալ «Կովերու պարտէզ»ին)՝ պաշտպանութեան ներկայացման պայմանաժամը երկարաձգելու խնդրանքը, անոր յանձնարարելով իր պաշտպանութիւնը ներկայացնել մինչեւ 26 Մայիս: 29 Մայիսին. Xana Gardens-ի փաստաբանները կրկին անգամ դիմեցին Երուսաղէմի դատարանը, պահանջելով պայմանաժամի երկարաձգում՝ իրենց պաշտպանական յայտարարութիւնը ներկայացնելու համար։ Երուսաղէմի հայ համայնքի փաստաբանները խնդրեցին դատարանէն, որ մերժէ անոնց այս պահանջը։

«4 Յունիսին, Երուսաղէմի շրջանային դատարանը մերժեց Xana Gardens-ի պահանջը եւ անոր պարտադրեց իր պաշտպանական յայտարարութիւնը ներկայացնել մինչեւ 16 Յունիս՝ որոշում տալով, որ այլեւս երկարաձգում պիտի չըլլայ: Դատարանը ընդգծեց, որ պաշտպանական յայտարարութիւնը պէտք է ներկայացուի մինչեւ 16 Յունիս։

«Այսպէս, Երուսաղէմի շրջանային դատարանին մէջ կ՛ընթանայ հայ համայնքի՝ «Կովերու պարտէզ»ին վերաբերող գործը եւ ամբաստանեալներու՝ բողոքներուն պատասխանելու պայմանաժամն ալ արագօրէն կը մօտենայ։

«Save the ArQ շարժումը կը շարունակէ ջանասիրաբար աշխատիլ իրաւական համակարգի յարաչափերու շրջանակին մէջ՝ մեր իրաւաբանական խումբի ցուցմունքներուն եւ փորձառութեան ներքոյ: Իբրեւ այդպիսին, մենք կոչ կը յղենք բոլոր կողմերուն՝ զերծ մնալու միակողմանի գործողութիւններէ, որոնք կրնան վնաս հասցնել իրաւաբանական գործընթացին կամ խոչընդոտել զայն»։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2024, 08:25