Նախայարձակումի զոհ անմեղ երեխաներու միջազգային օր
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Չորս Յունիսին կը յիշատակուի նախայարձակումի զոհ անմեղ երեխաներու միջազգային օրը որ հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 1982 թուականի օգոստոսի 19-ին։
Օրուան ոգեկոչումի հաստատումը տեղի ունեցաւ Պաղեստինեան հարցի շուրջ յատուկ մէկ նիստի ժամանակ որուն ընթացքին ողբերգական ապացոյցներով ի յայտ եկաւ պատերազմի բռնութիւններու զոհ անմեղ մանուկներու բարձր թիւը։
Օրը արդարեւ կը նշուի ի յիշատակ իսրայէլական օդուժի Լիբանանի՝ Պէյրութի բնակելի տարածքներու վրայ յարձակման, որ տեղի է ունեցած էր 1982 թուականի յունիսի 4-ին, որուն արդիւնքով զոհուած են խաղաղ բնակիչներ, որոնց մէջ բազմաթիւ երեխաներ։
Այսօր եւս աշխարհի մէջ երկու մանուկներէն մին, այսինքն գրեթէ մէկ միլիառ մանուկ զոհ է ֆիզիկական, զգացմունքային և սեռական բռնութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ