Որոնել

2024.06.26 Incontro esponenti politici e religiosi libanesi con il Cardinal Parolin

Յարանուանութիւններու եւ երեսփոխանական կարգ մը պլոքներու ղեկավարներ հանդիպում ունեցան Կարդինալ Փարոլինի հետ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարներուն կողքին, հանդիպումէն կը բացակայէր շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը: Վերջինս, ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն, հանդիպումէն կը բացակայէր Ռայի պատրիարքի կիրակի օրուան քարոզին դէմ իբրեւ բողոք:

Յարանուանութիւններու ղեկավարներ եւ երեսփոխանական կարգ մը պլոքներու ղեկավարներ երէկ մարոնիներու Ռայի պատրիարքի հրաւէրով Պքերքէի մէջ հանդիպում ունեցան Վատիկանի քարտուղար Փիեթրօ Փարոլին կարտինալին հետ:

Հանդիպումի մասնակիցներու շարքին էին Արամ Ա. կաթողիկոսը, Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը, Ալեւիական խորհուրդի նախագահ շէյխ Ալի Քատուրը, Ազգային Ազատ հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլը, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ Փիեռ Ապու Ասին եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլի ներկայացուցիչ երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարներուն կողքին, հանդիպումէն կը բացակայէր շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպը: Վերջինս, ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն, հանդիպումէն կը բացակայէր Ռայի պատրիարքի կիրակի օրուան քարոզին դէմ իբրեւ բողոք:

Ռայի պատրիարքը հանդիպումի սկիզբը խօսք մը արտասանելով նշեց, որ իրենք ներկայ են «լիբանանեան ընտանիքի ժողովին` երկխօսութիւն կատարելու, եւ որպէսզի մէկը միւսին լսէ, մանաւանդ մեր ապրած դժուար փուլի լոյսին տակ»:

Ան մաղթեց, որ Վատիկանի քարտուղարի այցելութիւնը «առիթ ըլլայ խաղաղութեան հաստատման ու պատերազմի վերջ տրուելուն»` աւելցնելով. «Վատիկանը մեզի կը պարգեւէ մեր կարիք ունեցած յոյսը»:

«Բոլոր քրիստոնեաներուն կոչ կ՛ուղղենք` յառաջիկայ շաբաթ եւ կիրակի օրը հարաւային Լիբանանի եւ Կազայի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար աղօթքի օր դարձնելու», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Նախքան այդ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտարարած էր, որ ցուցմունք տրուած է, որ յառաջիկայ ուրբաթ օրուան նամազը յատկացուած ըլլայ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ նահատակներու հոգիներուն համար Աստուծմէ ողորմութիւն, Պաղեստինի, Լիբանանի եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին անիրաւուածներուն օգնութիւն եւ պատերազմը դադրեցնել խնդրելու համար:

Կարտինալ Փարոլին իր կարգին խօսք մը արտասանելով ներկաներուն փոխանցեց ողջոյնները Ֆրանչիսկոս պապին, «որ մօտէն կը հետեւի Լիբանանի մէջ կացութեան զարգացումներուն. Լիբանանին, որ միշտ ալ Վատիկանի հետաքրքրութեան արժանացած է` նկատի ունենալով, որ անիկա առաքելութեան հայրենիքն է, որուն բոլոր բաղադրիչները միասին կ՛ապրին եւ կ՛աշխատին Լիբանանի բարիքին համար: Ընթացող տագնապներուն ու պատերազմներուն լոյսին տակ, Լիբանանը պէտք է մնայ համակեցութեան ու միասնականութեան բնորդ», ըսաւ կարտինալը` աւելցնելով, որ ինք այդտեղ կը գտնուի հանրապետութեան նախագահ ընտրելու անկարողութեամբ ներկայացուած Լիբանանի տագնապի լուծման օգնելու համար` «բոլորին պատշաճող լուծումներու հասնելու փորձի ճամբով, եւ կը մաղթեմ, որ այսօր բոլորս կարողանանք ներկայ տագնապը լուծել»:

Ան մաղթեց «Լիբանանի եւ անոր տառապող ժողովուրդին համար լուծումներու հասնիլ»:

Նախքան այդ, Ժաաֆարականներու միւֆթին կարտինալ Փարոլինին յղած էր բաց նամակ մը, որուն մէջ յայտնած էր, թէ իրենք չեն ընդունիր, որ եկեղեցին օգտագործուի արտայայտելու կեցուածքներ, որոնք սիոնական ահաբեկչութեան եւ համաշխարհային յանցագործութեան կը ծառայեն:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան` ան նամակին մէջ գրած էր.«Մենք կ՛ուզենք քրիստոնեայ նախագահ իսլամներու համար, նոյնքան եռանդուն, որքան իսլամական Դիմադրութիւնն ու անոր զոհաբերութիւնները յանուն քրիստոնեաներու եկեղեցիներուն, եւ ատիկա կարելի է ձեռք բերել միայն համախոհութեամբ, որ կ՛երաշխաւորէ իսլամներու եւ քրիստոնեաներու հայրենիքը»:

Պքերքէի հանդիպումին ներկաները Ռայի պատրիարքի ճաշի հիւրը եղան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2024, 08:43