Որոնել

LEBANON-VATICAN-POLITICS-DIPLOMACY

Կարտինալ Փարոլին. «Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուները Պպտք է նոր Նախագահ ընտրելու իրենց պարտաւորութիւնը կատարեն

«ՖրանչիսկոսՊապը մտահոգ է Լիբանանի մէջ մինչեւ հիմա հանրապետութեան նախագահի չընտրուելուն առնչութեամբ», ըսաւ կարտինալը` աւելցնելով. «Հանրապետութեան նախագահը երկրին միասնականութիւնը կը ներկայացնէ, եւ քաղաքական պատասխանատուները պէտք է նոր նախագահ ընտրելու իրենց պարտաւորութիւնը կատարեն»:

Վատիկանի քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլին երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Կարտինալը Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Կը կարծեմ, որ նախագահի ընտրութեան տագնապի լուծումը այս նստավայրէն կը սկսի, որովհետեւ քրիստոնեաները անշուշտ պատասխանատուութիւն ունին, սակայն անոնք առանձին իշխանութեան վրայ չեն, եւ ուրիշներ եւս պէտք է իրենց պատասխանատուութեան տէր կանգնին»:

«Գոյութիւն ունին ներքին բազմաթիւ խոչընդոտներ, որոնք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան արգելք կը հանդիսանան», աւելցուց ան:

Վատիկանի Պետական Քարտուղարը ապա այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Միքաթի հանդիպումի աւարտին կարտինալին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ողջունեց անոր Լիբանան այցելութիւնը, «որ բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ կ՛ողջունուի եւ կը գնահատուի»:

Միքաթի նշեց, որ Վատիկանի հետ գոյութիւն ունին հասարակաց առաջնահերթութիւններ` կարելի եղածին չափ շուտ հանրապետութեան նախագահ ընտրելը, պետութեան վերականգնումը, ներքին կայունութեան հաստատումն ու ընկերային-տնտեսական տագնապներուն լուծում գտնելը, կարելի ամէն միջոցներով աշխատիլը, որ Լիբանանը` մեկնելով հարաւէն, երբեք զինեալ բախումներու թատերաբեմ չդառնայ, միջազգային առնչակից որոշումներու գործադրումը, որպէսզի Իսրայէլի ծաւալապաշտական ախորժակներուն վերջ տրուի, ուստի եւ Լիբանանի կայունութիւնն ու շահերը չկապել շատ բարդ տագնապներու եւ վերջ չունեցող պատերազմներու, ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ բարեկամ եւ Լիբանանի զօրակցող պետութիւններու, նախ եւ առաջ Վատիկանի հետ լաւագոյն յարաբերութիւններու նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը:

Ան այս առիթով Ֆրանչիսկոս պապը վերստին հրաւիրեց Լիբանան այցելելու:

Կարտինալ Փարոլին իր կարգին յայտնեց. «Կ՛ուզեմ ուրախութիւնս յայտնել այցելելուս համար Լիբանան, որ Ֆրանչիսկոս պապը եղբայրական համակեցութեան  երկիր կը նկատէ»:

«Ֆրանչիսկոս պապը մտահոգ է Լիբանանի մէջ մինչեւ հիմա հանրապետութեան նախագահի չընտրուելուն առնչութեամբ», ըսաւ կարտինալը` աւելցնելով. «Հանրապետութեան նախագահը երկրին միասնականութիւնը կը ներկայացնէ, եւ քաղաքական պատասխանատուները պէտք է նոր նախագահ ընտրելու իրենց պարտաւորութիւնը կատարեն»:

«Պապին պիտի փոխանցեմ Լիբանան այցելելու հրաւէրը, եւ կը յուսանք, որ ան կարենայ այդ այցելութիւնը կատարել եւ այս երկրին հաշտութիւն բերել», ըսաւ կարտինալ Փարոլին:

Շէյխ Խաթիպ. «Ռայի Պատրիարքին Քարոզը Մեզի Ստիպեց Չմասնակցիլ»

Շիիներու իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ֆապրիցիօ Մարսելիի հետ: Վերջինս ծանօթացման այցելութեան ընթացքին Պքերքէի մէջ Վատիկանի պատուիրակին հետ հանդիպումը պոյքոթի ենթարկելու վերաբերեալ մամլոյ տեղեկութիւններու մասին հարցուց:

Շէյխ Խաթիպ յայտնեց, որ Վատիկանի քարտուղարին նկատմամբ պոյքոթ չկար, եւ  Վատիկանի հետ շիիներու գերագոյն խորհուրդի յարաբերութիւնը հոյակապ, սերտ ու յարգալից է, սակայն մարոնիներու Ռայի պատրիարքին կիրակի օրուան քարոզին մէջ Դիմադրութեան նկատմամբ արտայայտած կեցուածքն է, որ «մեզի ստիպեց չմասնակցիլ: Պատրիարքութենէն բացատրութիւն կը ցանկայինք, եւ այդ բացատրութիւնը Ապտօ Ապու Քասամի կողմէ ուշացած հասաւ:

«Սակայն ատիկա շիիներու գերագոյն խորհուրդին ու Պքերքէի միջեւ պոյքոթ չի նշանակեր, մանաւանդ որ հայրենիքին վերաբերող հարցերուն մեծամասնութեան շուրջ պատրիարքութեան հետ համակարգում կը կատարենք, եւ վերջերս պատրիարքարան այցելեցինք: Եզրափակելով, Վատիկանի հետ լաւ յարաբերութիւններուն նկատմամբ մեր մնայուն նախանձախնդրութիւնը կը յայտնենք»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2024, 07:49