Հանդիպում Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Ռայի Պատրիարքին միջեւ
Երկուշաբթի, 10 յունիս 2024-ին, Պքերքէի մարոնիներու պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Ռայի պատրիարքին եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին միջեւ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներ ու մտահոգութիւններ եւ յատկապէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը: Վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց մարոնիներու պատրիարքը, որ յաջորդ օրը` երեքշաբթի, պիտի մեկնի Վատիկան` Արեւելեան համալսարանին մէջ դասախօսութիւն մը տալու, նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ` նախագահական ընտրութեան գծով Ֆրանչիկոս պապին փոխանցուելիք տեղեկութիւններուն շուրջ:
Ապա, վեհափառ հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ Ռայի պատրիարքին:
Պքերքէէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսին հետ: Հանդիպման գլխաւոր նիւթն էր վեհափառ հայրապետին Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին եւ այլ պատասխանատուներուն հետ ունենալիք հանդիպումները:
Յայտնենք, որ այսօր առաւօտեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ երկու վեհափառ հայրապետներուն միջեւ` թէ՛ Հայաստանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ թէ՛ Ֆրանչիսկոս պապին հետ Արամ Ա. կաթողիկոսին ունենալիք հանդիպման գծով:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ