Որոնել

Indian PM Modi speaks to supporters at BJP headquarters, in New Delhi

Հնդկաստան. Մոտին դարձեալ յաղթական. Ան պարտաւոր է դաշինք կազմել կառավարութիւն մէջտեղ բերելու համար

Ըստ լրատուամիջոցներու՝ համընդհանուր ընտրութեան արդիւնքը լուրջ հարուած էր վարչապետին, որ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ իր համախոհներուն խոստացած էր հասնիլ 400 մանթատի՝ «սուփըր մեծամասնութեան»: Այժմ 73-ամեայ Մոտին, ըստ դիտորդներու, ստիպուած պիտի ըլլայ հաշուի նստիլ իր դաշնակցային գործընկերներու հետ, որոնք քաղաքական կշիռք կը ստանան։

Հնդկաստանի ընտրական յանձնաժողովը հաստատած է, որ Ազգային ժողովրդավարական ​​դաշինքը՝ իշխող Պհարաթիա Ճանաթա կուսակցութեան (BJP) գլխաւորութեամբ, ապահոված է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը։

Պաշտօնական տուեալներով՝ Նարենտրա Մոտին եւ անոր դաշնակիցները Ստորին պալատին մէջ պիտի ստանան 292 տեղ՝ 543-էն։

«Այսօրուան յաղթանակն աշխարհի ամենամեծ ժողովրդավարութեան յաղթանակն է»,- դիմած է Նարենտրա Մոտին իր կուսակցութեան կեդրոնակայանին մէջ հաւաքուածներուն։

Ըստ լրատուամիջոցներու՝ համընդհանուր ընտրութեան արդիւնքը լուրջ հարուած էր վարչապետին, որ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ իր համախոհներուն խոստացած էր հասնիլ 400 մանթատի՝ «սուփըր մեծամասնութեան»: Այժմ 73-ամեայ Մոտին, ըստ դիտորդներու, ստիպուած պիտի ըլլայ հաշուի նստիլ իր դաշնակցային գործընկերներու հետ, որոնք քաղաքական կշիռք կը ստանան։

Հակառակ յարաբերական ձախողման՝ Մոտին խոստացած է կատարել իր հիմնական նախընտրական խոստումը՝ Համախառն ներքին արժէքով Հնդկաստանի տնտեսութիւնը դարձնել երրորդը (Հնդկաստանը ներկայիս վարկանիշի մէջ 5-րդն է): Ան նաեւ յայտարարած է, որ պիտի զարգացնէ պաշտպանական արտադրութիւնը, պիտի ստեղծէ աշխատատեղեր երիտասարդներու համար, պիտի աւելցնէ արտահանումը եւ պիտի օգնէ ագարակատէրերուն:

Եթէ Մոտին երրորդ անգամ ստանայ վարչապետի պաշտօնը, ապա այդ պիտի ըլլայ Հնդկաստանի պատմութեան մէջ երկրորդ դէպքը. անոնցմէ առաջ այդ պաշտօնը երեք անգամ զբաղցուցած է միայն անկախ Հնդկաստանի առաջին վարչապետ Ճաուահարլալ Ներուն։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2024, 07:16