Իրանի մէջ վերջ գտաւ նախագահի թեկնածուներու դիմումներու ընդունումը
Իրանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը երէկ աւարտեց 28 յունիսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան թեկնածուներու նախնական արձանագրութիւնը:
Յանձնախումբի նախագահ Մոհամետ Էսլամիի համաձայն, նախագահական ընտրութեան թեկնածութիւն առաջադրելու համար անհրաժեշտ փաստաթուղթեր ներկայացուցած են 86 անձեր, որոնցմէ արձանագրուած են 22-ը:
Արձանագրուած թեկնածուներու շարքին են խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Քալիպաֆը, նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատը, ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մեհրտատ Պազրափաշը, հիւլէական հարցերով նախկին աւագ բանագնաց Սայետ Ժալիլին:
Իրանի օրէնսդրութեամբ թեկնածուներու վերջնական արձանագրութիւնը վերապահուած է Սահմանադրութեան պահապաններու խորհուրդին, որ ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք ստացած թեկնածուներու ցուցակը պիտի հրապարակէ 11 յունիսին:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ