Որոնել

Famiglie ostaggi, 'trionfo dell'Idf, ora liberarli tutti'

Իսրայէլ 4 գերիներ ազատագրելու համար 274 Պաղեստինցի քաղաքայիններ սպաննեց

Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ շաբաթ օր Նուսէյրաթ գաղթակայանին մէջ պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի գործած ջարդի զոհերուն թիւը 274 է, իսկ վիրաւորներունը` 698:

Իսրայէլեան բանակը շաբաթ օր Կազայի կեդրոնը գտնուող պաղեստինեան Նուսէյրաթ գաղթակայանին մէջ իսրայէլացի 4 պատանդ ազատագրելու համար առնուազն 274 պաղեստինցի քաղաքայիններ սպաննեց:

Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ շաբաթ օր Նուսէյրաթ գաղթակայանին մէջ պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի գործած ջարդի զոհերուն թիւը 274 է, իսկ վիրաւորներունը` 698:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ողջունեց իսրայէլեան բանակին կողմէ 4 գերիներու ազատագրումը: Ան իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուել Մաքրոնի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ աշխատանք տանիլ բոլոր գերիներու տունդարձին եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար` շեշտելով. «Ատոր իրագործումը շատ կարեւոր է»:

Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ ինք կ՛ողջունէ իսրայէլացի 4 գերիներու իրենց ընտանիքներուն վերադարձը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն իր կարգին նշեց, որ «Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին գերիներու ընթացող բանակցութիւններով կամ այլ միջոցներով վերադարձուելուն»` աւելցնելով, որ պէտք է Կազայի մէջ արգելափակուածները հիմա ազատ արձակել:

Սալիվըն երէկ «Սի.Էն.Էն.»-ի յայտնեց. «Իսրայէլին Կազայի մէջ գերիներու գտնուած վայրի ճշդման աջակցութիւն տրամադրեցինք, սակայն գետնի վրայ գործողութեան չմասնակցեցանք»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց իսրայէլացի 4 գերիներու ազատ արձակումը` նշելով. «Միացեալ Նահանգներ պիտի չհանգչին, մինչեւ որ բոլոր գերիները իրենց հայրենիք վերադառնան»:

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկը փրկարար պիտի ըլլայ Կազայի բոլոր բնակիչներուն, մնացեալ գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար` նշելով. «Զինադադարը կրնայ Կազայի վերաշինման եւ պատերազմի մնայուն աւարտին յանգեցնել»:

«Միակ կողմը, որ զինադադարի հաստատման խոչընդոտ է, Համասն է, որ պէտք է համաձայնութիւնը ընդունի», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Թել Աւիւ պիտի չդադրի, մինչեւ որ իր առաքելութիւնը ամբողջացնէ եւ բոլոր գերիները իրենց տուները վերադարձնէ` նշելով, որ իսրայէլեան բանակի գործողութիւնը «պատմութեան գիրքերուն մէջ պիտի արձանագրուի», աւելցնելով, որ ատիկա առանց գինի չեղաւ:

Նեթանիահու ըսաւ, որ Իսրայէլ բոլոր գերիները «այս ձեւով կամ որեւէ այլ ձեւով» պիտի վերադարձնէ: «Բանակը կրնայ Կազայի մէջ որեւէ տեղ հասնիլ», պնդեց ան:

Իսրայէլեան բանակը շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Նուսէյրաթի մէջ չորս իսրայէլացի գերիներ ազատագրած է: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնեց, որ գերիները ազատ արձակուած են բանակի, Շապաքի եւ իսրայէլեան ոստիկանութեան միացեալ գործողութեան ճամբով` նշելով, որ գործողութիւնը շղթայազերծուած է հիմնուելով Շապաքի հետախուզական տեղեկութեան վրայ: Գործողութեան ընթացքին իսրայէլացի զինուոր մը ծանրօրէն վիրաւորուած է:

Համաս շարժումէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իսրայէլի 9 ամիս ետք 4 գերիներու վերատիրանալը ձախողութեան ցուցանիշ է եւ ոչ թէ ձեռքբերում»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց արտակարգ նիստ գումարել եւ քննարկել Նուսէյրաթ գաղթակայանին մէջ իսրայէլեան բանակի գործած ջարդը: Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է անմիջապէս միջամտէ` դադրեցնելու համար Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ, ներառեալ արեւելեան Երուսաղէմը, պաղեստինցի ժողովուրդի տառապանքը, որովհետեւ Իսրայէլ միջազգային լռութիւնն ու ամերիկեան աջակցութիւնը կ՛օգտագործէ շարունակելու համար իր ոճիրները, որոնք միջազգային բոլոր որոշումներն ու միջազգային օրէնքը կ՛ոտնահարեն:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ Նուսէյրաթի մէջ քաղաքայիններուն դէմ իսրայէլեան բանակին գործած ջարդին մասին տեղեկագիրները ահաւոր են: Ան կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու Կազայի մէջ արիւնահեղութիւնը` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի անցեալ շաբաթ ներկայացուցած առաջարկը դէպի մնայուն զինադադար եւ կռիւներու դադրեցում տանող միակ ուղին է:

Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէ յայտնեց. «Թշնամին կը շարունակէ մեր ժողովուրդին, մանուկներուն եւ կիներուն դէմ ջարդերը, որոնք այժմ կ՛ընթանան Նուսէյրաթի եւ Տէյր Պալահի մէջ»:

«Աշխարհը բռնագրաւումը իբրեւ մանուկներ սպաննող որակեց, սակայն անկարող է վերջ տալ ցեղասպանական պատերազմին, որուն կ՛ենթարկուի մեր ժողովուրդը», ըսաւ Հանիէ:

«Մեր ժողովուրդը անձնատուր պիտի չըլլայ, եւ դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ մեր իրաւունքները պաշտպանել ընդդէմ այս ոճրագործ թշամիին», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Եթէ բռնագրաւումը կը կարծէ, որ իր ընտրանքները ուժով մեզի պիտի պարտադրէ, ապա կը սխալի»:

«Շարժումը պիտի չընդունի որեւէ համաձայնութիւն, որ առաջին հերթին եւ ամէն բանէ առաջ մեր ժողովուրդին անվտանգութիւնը պիտի չապահովէ», յայտնեց Համաս շարժումի ղեկավարը` նշելով. «Բռնագրաւումը զինուորական գետնի վրայ ձախողեցաւ, քաղաքական գետնի վրայ տապալեցաւ, եւ բարոյապէս ինկած է, եւ աշխարհը պէտք է գործի լծուի»:

Պաղեստինեան նախագահութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա յայտնեց. «Մենք ամերիկեան վարչակազմը ամբողջովին պատասխանատու կը նկատենք իսրայէլեան բռնագրաւման իշխանութիւններուն կողմէ գործուող ջարդերուն համար, եւ անկէ կը պահանջենք դադրեցնել այս պատերազմը, որ ամէն ինչ կը քանդէ եւ հարցերը կը մղէ դէպի վտանգաւոր փուլ, որ ոչ ոքի համար անվտանգութիւն կամ խաղաղութիւն պիտի ապահովէ»:Ան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` անմիջապէս միջամտելու եւ դադրեցնելու ընթացող արիւնալի ջարդերը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2024, 08:00