Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (25)`. Պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այսօրուան մեր հաղորդումը դարձեալ նուիրած ենք Արեւմտահայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջանի ակնառու դէմքերէն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին ու այս հաղորդումը նախավերջինն է այդ շարքին։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Յարգելի ունկնդիրներ այսօրուան մեր հաղորդումը դարձեալ նուիրած են Արեւմտահայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջանի ակնառու դէմքերէն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին ու այս հաղորդումը նախավերջինն է այդ շարքին։

Բարի ունկնդրութիւն

Մ · Պէշիկթաշլեան շատ սիրելի դէմք մըն է Զարթօնքի սերունդին մէջ, ոչ միայն իր քնարերգութեամբ որ իրական արուեստի եւ անկեղծ զգացումի առաջին բանաստեղծութիւններով պարգեւեց մեզի, այլ նաեւ իր խառնուածքով, իր ազնիւ ու վսեմ զգացումներով եւ իր ջերմ հայրենասիրութեամբ։ Թէ իր գրչով, թէ ճառերով եւ թէ գործով աշխատեցաւ հայ ժողովուրդին մէջ սէր ու միութիւն ստեղծել։

Բանաստեղծ Պէշիկթաշլեան խորապէս ոգեւորուած 1862ի Զէյթունի ապստամբութեամբ, գրեց «Հայ քաջորդին», «Մահ քաջորդւոյն», «Թաղումն քաջորդւոյն», «Հայ քաջուհին» քերթուածները, որոնք երգի ալ վերածուած են :

Ասոնցմէ ոմանք գրած է ֆրանսական կամ անգլիական գրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող բանաստեղծութիւններու նմանողութեամբ։ Սակայն իր նմանողութիւնները արուեստով ու իմաստով գերազանց են։ Ոչ թէ թարգմանած, այլ իւրացուցած եւ հայացուցած է։ Այդ իսկ պատճառով զինք կոչած են «աննման նմանողը»։ «Քաջորդւոյն թաղումը» նմանողաբար գրուած է անգլիացի Ուոլֆ անուն բանաստեղծի մէկ քերթուածին, նուիրուած Սըր Ճոն Մուր զօրավարի թաղման: «Հայ քաջորդին»՝ Վ. Հիւկոյի մէկ քերթուածին՝ «Տղան» :

Բնաւորութեամբ հեզ եւ շատ համակրելի՝ Պէշիկթաշլեան հետամուտ եղաւ տեւաբար ազգին մէջ ազնիւ գաղափարներ տարածելու։ Ինչպէս ժամանակակիցները կը վկայեն՝ ան կ'ատէր կեանքի մէջ երկու բան՝ «սուտը» եւ «ազգավնասութիւնը»։

Իր կեանքն ու գրականութիւնը եղան անհուն սէր մը Աստուծոյ, հայրենիքին, բնութեան, եղբայրութեան իտէալին եւ անմատչելի կոյսի մը հանդէպ։ Եւ արդէն իր բանաստեղծութիւններուն հիմնական նիւթն է այս սէրը։

Ա · Չօպանեան հետեւեալ ձեւով կը բնորոշէ զինք .- «Հիանալի խառնուրդ մըն է Պէշիկթաշլեան դասական եւ ռոմանթիկ տարրերու: Իսկապէս, մէկ կողմէ ռոմանթիկ բանաստեղծներէն իր մօտ կը գտնենք մելամաղձոտութիւն, երազկոտութիւն, երեւակայութեան թռիչք, եւայլն: Իսկ դասական յատկութիւններէն Պէշիկթաշլեան իւրացուցած է ներդաշնակութեան, չափաւորութեան եւ ժուժկալութեան, կարգ ու կանոնի կարողութիւնները»:

Մ. Պէշիկթաշլեան հայ բանաստեղծութիւնը քայլ մը առաջ տարաւ, որովհետեւ զգացումներու արտայայտութեան կրցաւ տալ գեղեցիկ կառուցում, այսինքն յստակ ու որոշ յատակագիծ: Իր բանաստեղծութիւնները խիտ են, ամփոփ եւ ճարտարապետական կառոյցի կանոնաւորութիւնը ունին: Իր միւս առաւելութիւնն է երաժշտական զգայնութիւնը, որուն շնորհիւ յաջողած է իր քերթուածներու տողերուն տալ ներդաշնակ հնչականութիւն:

Մ. Պէշիկթաշլեանի բանաստեղծութիւններուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն բնութեան, մանաւանդ գարնան նկարագրութիւնները։ Իր նախընտրութիւնները կ'երթան խաղաղ տեսարաններու.- ծառերուն մէջ կը սիրէ նոճին, ջուրերէն՝ հանդարտահոս վտակը, հովերէն՝ զեփիւռը, թռչուններէն՝ սոխակը : Մէկ խօսքով՝ բնութեան այն տարրերը, որոնք մեղմ են, տրտում եւ ներդաշնակ՝ իր բնաւորութեան պէս :

Հայրենասիրական բանաստեղծութիւններուն մէջ ալ չի գոհանար միայն անցեալի փառքին անդրադարձումով, այլ քայլ մը առաջ անցնելով՝ անոր նայուածքը անցեալէն կը դառնայ դէպի ապագան։ Իր ժամանակի տագնապներով կ'ապրի եւ առաջնորդողի դեր կը ստանձնէ: Անոր հայրենասիրական բանաստեղծութիւնները չեն աղարտած ժամանակի ուռուցիկ եւ հռետորական ձեւերով: Մ. Պէշիկթաշլեան ոչ միայն սէր եւ եղբայրութիւն կը քարոզէ ազգին բոլոր զաւակներուն միջեւ, այլ նաեւ անոնց կը ներշնչէ խորունկ հայրենասիրութիւն՝ Հայաստանի նոճիներուն սուգը եւ աւերակներու վրայէն անցնող տխուր հովիկը նախընտրելով օտարի շքեղանքներէն: Զէյթունցի քաջորդիներու կռիւն ու մահը նկարագրելով կը ձգտի իւրաքանչիւր հայու հոգիին մէջ արթնցնել հերոսական խոյանքի եւ ազատութեան սէրը: Այս տեսակէտով՝ Պէշիկթաշլեան մեր ազգային վերածնունդի ամենէն յառաջապահ եւ յանդուգն դէմքերէն մէկը կը հանդիսանայ :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/06/2024, 08:00