Որոնել

2024.06.26 SS Aram I con il Cardinal Parolin e Cardinal Rai

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Փոթորիկի մէջ մնացած Լիբանանեան նաւը անմիջական կարիքը ունի նաւապետի»

Վեհափառ հայրապետը առիթը ունեցաւ կարտինալ Փարոլինի հետ երկար զրոյց ունենալու եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով իր տեսակէտը պարզելու. վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութեան եւ Արցախի ժողովուրդին միջազգային երաշխաւորութեամբ վերադարձի ու հայ ռազմագերիներու հարցին:
Ունկնդրէ լուրը

«Փոթորիկի մէջ մնացած Լիբանանեան նաւը անմիջական կարիքը ունի նաւապետի»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոս 25 յունիս 2024-ին, մարոնի եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքերքէի մէջ կայացած Լիբանանի քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւոր պետերու հաւաքին:

Մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքին հրաւէրով տեղի ունեցած յիշեալ հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Ռայի պատրիարք, կարտինալ Փարոլին, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Աուտէ արքեպիսկոպոս. իսկ իսլամներուն կողմէ` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Տըրիան, շէյխ Ապի Մունա եւ շէյխ Ալի Քատուր: Բոլորը շեշտեցին նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան կարեւորութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը առիթը ունեցաւ կարտինալ Փարոլինի հետ երկար զրոյց ունենալու եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով իր տեսակէտը պարզելու. վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութեան եւ Արցախի ժողովուրդին միջազգային երաշխաւորութեամբ վերադարձի ու հայ ռազմագերիներու հարցին:

Յայտնենք, որ այս հարցերուն վեհափառ հայրապետը անդրադարձած էր Վատիկանի մէջ եւս իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2024, 08:36