Որոնել

Կազայի մէջ մանուկներ Կազայի մէջ մանուկներ  (ANSA)

ՄԱԿ-ը Իսրայէլեան բանակը ներառեց տագնապի գօտիներու մէջ մանուկներու դէմ ոտնձգութիւններ գործողներու ցուցակին վրայ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մեզ «մանուկներու դէմ ոտնձգութիւններու» ցուցակին վրայ ներառելէն ետք, ՄԱԿ-ի հետ մեր յարաբերութիւնները պիտի ազդուին»:

ՄԱԿ-ը իսրայէլեան բանակը ներառեց տագնապի գօտիներու մէջ մանուկներու դէմ ոտնձգութիւններ գործողներու ցուցակին վրայ: Նշենք, որ նոյն ցուցակին վրայ են ՏԱՀԵՇ-ը, Քայիտան եւ Պոքօ Հարամը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի պատուիրակութեան փոխանցած է նշեալ որոշումը:

ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպանը յայտնեց. «Կութիերես մեզ կ՛ատէ, եւ պէտք է զինք «սեւ ցուցակ»-ին վրայ առնել»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց. «ՄԱԿ-ը ինքզինք պատմութեան սեւ ցուցակին վրայ մտցուց, երբ Համաս շարժումի մարդասպաններուն համակիրներուն միացաւ»` աւելցնելով. «Իսրայէլեան բանակը աշխարհի վրայ ամէնէն բարոյական բանակն է»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մեզ «մանուկներու դէմ ոտնձգութիւններու» ցուցակին վրայ ներառելէն ետք, ՄԱԿ-ի հետ մեր յարաբերութիւնները պիտի ազդուին»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումը տակաւին չէ պատասխանած միջնորդներու զինադադարի վերջին առաջարկին եւ տակաւին զայն կը սերտէ:

«Քաթարական, եգիպտական եւ ամերիկեան միջնորդական ջանքերը տակաւին կը շարունակուին», աւելցուց ան:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց. «Քաթարցի պաշտօնատարներ քննադատեցին Համասը հանդարտեցման գործարքի հարցով, եւ իրենց յուսախաբութիւնը արտայայտեցին շարժումին վարմունքին նկատմամբ»:

Պատկերասփիւռի կայանը նաեւ աւելցուց. «Քաթարցիները Համասի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելուն մօտ են, եւ մեծ ճնշումներ կը բանեցնեն անոր ղեկավարութեան վրայ, որպէսզի ընդունի հանդարտեցման ամերիկեան առաջարկը, թէկուզ առնուազն անոր առաջին փուլին»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց. «Ուաշինկթըն Քաթարը յորդորեց, որ Համասի ղեկավարները Քաթարէն վտարէ, եթէ շարժումը առաջարկուող գործարքը չընդունի»:

Համասի ղեկավարներէն Ուսամա Համտան հինգշաբթի օր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկած Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը պարզապէս Պայտընի կողմէ արտասանուած «խօսքեր են», եւ շարժումը զինադադարի վերաբերեալ գրաւոր որեւէ յանձնառութիւն չստացաւ:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի պատուիրակը իր ամերիկացի պաշտօնակիցին յայտնեց, որ Թել Աւիւ կը մերժէ գերիներու փոխանակման եւ Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ ամերիկեան նախագիծը»:

Յիշեցնենք, որ ամերիկեան իշխանութիւնները 4 յունիսին յայտարարած էին, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած են բանաձեւ մը, որ կը զօրակցի Պայտընի առաջարկին: ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս Կրինֆիլտ յայտնած էր. «Շարք մը ղեկավարներ եւ կառավարութիւններ, ներառեալ շրջանէն պատասխանատուներ, զօրակցեցան այս ծրագիրին»:

Բանաձեւը կ՛ողջունէ 31 մայիսին յայտարարուած նոր համաձայնութիւնը եւ Համասին կոչ կ՛ուղղէ` «զայն ամբողջովին ընդունելու եւ անոր պայմանները առանց ուշացումի կամ նախապայմաններու գործադրելու»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ սկսան անդրադառնալ Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանցի խորհուրդէն հրաժարելու լուրջ հաւանականութեան` նշելով, որ «ամերիկացիները կը փորձեն կանխարգիլել Պենի Կանցի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդէն հրաժարիլը, որ նախատեսուած է շաբաթ երեկոյեան»` աւելցնելով, որ Կանց իր գրասենակէն պահանջած է շաբաթ օրուան համար մամլոյ ասուլիս կազմակերպել:

Լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ կը նախատեսուի, որ Նեթանիահու Կանցի հրաժարականէն ետք Կիտէոն Սահերէն խնդրէ նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդին մէջ Կանցը փոխարինել, իսկ եթէ Սահեր այդ առաջարկը մերժէ, Նեթանիահու կը սերտէ խորհուրդը ամբողջովին լուծարելու կարելիութիւնը:

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ կը նախատեսուի, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը այցելէ Իսրայէլ: «Արապիա» հաղորդեց, որ Պլինքըն երկուշաբթի օր պիտի այցելէ Իսրայէլ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2024, 08:30