Որոնել

ՄԱԿ-ի կեդրոնը ՄԱԿ-ի կեդրոնը 

Փաքիստանը, Սոմալին, Փանաման, Դանիան Եւ Յունաստանը ընտրուեցան ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամներ

Նշեալ երկիրները պիտի փոխարինեն Էքուատորը, Ճափոնը, Մալթան, Մոզամպիքը եւ Զուիցերիան: Նոր անդամները պիտի միանան գործող ոչ մնայուն անդամներ Ալճերիոյ, Քանատային, Քորէայի Հանրապետութեան, Սիերա Լիոնին եւ Սլովենիոյ:

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը 6 յունիսին Դանիան, Յունաստանը, Փաքիստանը, Փանաման եւ Սոմալին ընտրած է Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամներ` երկամեայ ժամկէտով, որ պիտի սկսի յաջորդ տարուան 1 յունուարէն: Այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը:

Նշեալ երկիրները պիտի փոխարինեն Էքուատորը, Ճափոնը, Մալթան, Մոզամպիքը եւ Զուիցերիան: Նոր անդամները պիտի միանան գործող ոչ մնայուն անդամներ Ալճերիոյ, Քանատային, Քորէայի Հանրապետութեան, Սիերա Լիոնին եւ Սլովենիոյ:

Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի իրաւունք ունին միայն հինգ մնայուն անդամները` Չինաստանը, Ֆրանսան, Ռուսիան, Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները:

ՄԱԿ-ի 15 անդամներէ բաղկացած Ապահովութեան խորհուրդը առաջնային պատասխանատուութիւն կը կրէ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար, եւ բոլոր անդամ պետութիւնները պարտաւոր են ենթարկուիլ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2024, 08:57