Պայտըն-Թրամփ առաջին պատկերասփռուած բանավէճը
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտընի եւ հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի միջեւ առաջին պատկերասփռուած բանավէճը, որ կազմակերպուած էր «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ:
Բանավէճի թէժ քննարկման նիւթերէն էր Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումը: Թրամփ քանի մը անգամ կրկնած է, որ եթէ ինք նախագահ ըլլար, Ռուսիան Ուքրանիա չէր ներխուժեր: Ան ըսած է, թէ ԱՖղանիստանէն ամերիկեան բանակի «ամօթալի» դուրսբերումը Փութինին Ուքրանիոյ դէմ պատերազմ սկսելու վճռականութիւն տուած է: Անոր համաձայն, Հիւսիսային Քորէայի, Չինաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահները Պայտընի նկատմամբ որեւէ յարգանք չունին եւ անկէ չեն վախնար, եւ Պայտընի քաղաքականութիւնը դէպի Համաշխարհային Գ. պատերազմ կը տանի:
«Ան մեր երկրին պատմութեան մէջ յոռեգոյն նախագահն է», ըսած է Թրամփ:
«Իսրայէլ միակ կողմն է, որ պատերազմի շարունակութիւնը կ՛ուզէ», յայտնեց Թրամփ` պատասխանելով Պայտընի այն պնդումին, թէ Համաս միակն է, որ պատերազմի շարունակութիւնը կ՛ուզէ:
«Պայտըն պէտք է Իսրայէլին ձգէ, որ իր առաքելութիւնը շարունակէ, սակայն ան չ՛ուզեր ատիկա ընել», յայտնեց Թրամփ` աւելցնելով. «(Պայտըն) պաղեստիցիի նման դարձաւ, սակայն զինք չեն սիրեր, որովհետեւ շատ վատ պաղեստիցի է, ան տկար է»:
90 վայրկեաննոց բանավէճը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով առանց հանդիսատեսներու եւ լրագրողներու ներկայութեան եղած է: Թրամփ եւ Պայտըն չեն ձեռնուած:
Բանավէճէն ետք, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» «Թրամփ կը ջախջախէ Պայտընը բանավէճի ժամանակ» խորագիրով յօդուած հրապարակեց: «Նիւ Եորք Թայմզ»-ն ալ գրեց Պայտընի «ամօթալի բանավէճ»-ին եւ Դեմոկրատական կուսակցութեան մէջ «խուճապի» մասին: «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» հաղորդեց. «Կարգ մը դեմոկրատականներ Պայտընին կոչ կ՛ուղղեն` 2024-ի ընտրութենէն հեռանալու»: «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց. «Դեմոկրատական կուսակցութեան շրջանակները կը քննարկեն փոխան Պայտընի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան Կաւըն Նիուսըմի թեկնածութեան առաջադրման հարցը»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս պաշտպանեց Պայտընը` նշելով. «Դանդաղ սկիզբ էր, ատիկա բոլորին յստակ է: Այդ կէտին շուրջ պիտի չվիճիմ»` աւելցնելով, որ Պայտըն, սակայն, բանավէճը «ուժեղ կերպով աւարտեց»:
«Սի.Էն.Էն.»-ի կատարած հարցախոյզի մասնակիցներուն 67 առ հարիւրին կարծիքով` Թրամփ գերազանցած է Պայտընը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ