Որոնել

2024.06.21 Raya Nazarian è stata eletta presidente del parlamento della Bulgaria

Ռայա Նազարեան ընտրուած է Պուլկարիոյ Խորհրդարանի Նախագահ

Նազարեան նշած է, որ երեսփոխանները կրնան իր վրայ յոյս դնել երկխօսութեան, արդարութեան, իրաւահաւասարութեան եւ Ազգային ժողովի կանոնադրութեան, օրէնքներուն ու կանոնագիրներուն անվերապահօրէն հետեւելու առումով:
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Հայազգի Ռայա Նազարեան 131 թեր, 66 դէմ եւ 39 ձեռնպահ քուէներով ընտրուած է Պուլկարիոյ խորհրդարանի նախագահ: Այս մասին կը հաղորդէ պուլկարական ՊԹԱ լրատու գործակալութիւնը:

Նազարեան ընտրուելէ ետք իր արտասանած խօսքին մէջ նշած է, որ խորհրդարանը` անկախ հասարակութեան վստահութեան աստիճանէն, գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու օրինականացման միակ հարթակն է:

«Այդ իսկ պատճառով մեր իւրաքանչիւր ներկայացուցիչին ընդհանուր պարտականութիւնն է ապահովել քաղաքական հոլովոյթներու կարգաւորումը եւ արդարացնել հասարակութեան ակնկալիքները` կայունութեան, անվտանգութեան եւ արդարութեան առնչուած», ըսած է ան:

Նազարեան նշած է, որ երեսփոխանները կրնան իր վրայ յոյս դնել երկխօսութեան, արդարութեան, իրաւահաւասարութեան եւ Ազգային ժողովի կանոնադրութեան, օրէնքներուն ու կանոնագիրներուն անվերապահօրէն հետեւելու առումով:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2024, 08:03