Գիտակից Հօր մը յատկանիշները (Հայրերու Օրուան Առիթով)
Յունիս ամսուան երրորդ կիրակին Հայրերու օր է: Անյիշատակ դարերէ ի վեր ընտանեկան յարկէն ներս հայրը ունի իր դերն ու պարտականութիւնը: Պարզ զուգադիպութիւն մը չէ, որ կրօնական եւ մշակութային շատ մը գաղափարներ կամ արտայայտութիւններ ծագում առած են ընտանեկան յարաբերութիւններէն: Օրինակի համար, Աստուած կոչուած է «Հայր»: Հայրութեան գաղափարը իր ազնուագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ Նոր կտակարանին մէջ:
Յիսուս հաստատեց, որ Աստուած մեր Երկնաւոր Հայրն է: Տէրունական աղօթքին մէջ սորվեցուց, որ երբ իր աշակերտները աղօթելու ըլլան, ըսելու են` «Հայր մեր, որ յերկինս ես»: Յիսուսի հանրային առաջին արտայայտութիւնը տաճարին մէջ եղաւ զինք փնտռող իր ծնողաց. «Չէի՞ք գիտեր, թէ ես իմ Հօրս տունը պէտք է ըլլամ» (Ղուկ. 2.48): Իր իսկ վերջին խօսքերէն մէկը խաչին վրայ եղաւ. «Հա՜յր, քու ձեռքերուդ մէջ կ՛աւանդեմ հոգիս» (Ղուկ. 23.46):
Ի՞նչ են գիտակից հօր մը յատկանիշները.
Առաջին. գիտակից հայրը կը հայթայթէ այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ է իր զաւակներուն պէտքերը հոգալու: Ան իր ընտանիքին խնամքն ու հոգածութիւնը ստանձնած է որպէս տան գլուխը: Ան իր ընտանիքին ուտելու, հագուելու եւ բնակարանի կարիքները հոգացող մէկն է: Մանուկներ պէտք ունին հոգատարի մը: Այն, ինչ որ կը վայելեն իրենց հօրմէն, պարգեւ մըն է իրենց: Հայր մը սիրայօժար կ՛ընէ այդ ամէնը իր զաւակներուն համար:
Երկրորդ. գիտակից հայր մը կը սիրէ իր զաւակները: Հօր մը պարտականութիւնը ոչ միայն հայթայթել է, այլ նաեւ` սիրել իր զաւակները: Սէրը լայն տարողութիւն ունի: Բարի հայր մը իր զաւակներուն հետ ժամանակ կ՛անցընէ, անոնց սրտակից կ՛ըլլայ:
Հայրեր կան, որոնք նոյն երդիքի ներքեւ կ՛ապրին, բայց` օտարականներու պէս են: Հայր եւ զաւակ անկարեկիր եւ անհաղորդ են իրարու նկատմամբ, օտար են իրարու զգացումներուն: Անոնք իրարու հետ խօսելիք նիւթ չունին, որովհետեւ հոգեկան կապ գոյութիւն չունի իրարու միջեւ: Գիտակից հայր մը իր ժամանակէն մաս մը կը յատկացնէ իր ընտանիքի ժամանցին եւ վայելքին համար:
Գիտակից հայր մը կը գնահատէ եւ կը քաջալերէ իր զաւակները, ինչպէս նաեւ երբ անոնք սխալներ գործեն, կը սաստէ եւ կը պատժէ զանոնք իրենց գործած յանցանքներուն համար: Երբ զաւակներ յաջողութիւն արձանագրեն, հայր մը կը գնահատէ զանոնք թէ՛ խօսքով եւ թէ՛ գործնական քաջալերութեամբ: Գնահատանքն ու քաջալերութիւնը ինքնավստահութիւն կը ներշնչեն մանուկներուն: Ի զուր չէ, որ Յիսուս պատուիրեց. «Ուշադիր եղէք, որ չարհամարհէք այս պզտիկներէն մէկը» (Մատթ. 18,14): Գնահատանքի եւ քաջալերանքի կողքին, տան մէջ կան նաեւ կարգապահական հարցեր: Զաւակներու կարգապահութեան վրայ հսկելը մօր մը գործը չէ միայն, այլ նաեւ` հօր: Հին օրերուն մայր մը տանտիկին էր եւ ամբողջ օրը իր տան մէջ կ՛անցընէր իր մանուկներուն հետ: Սակայն արդի ժամանակներուն մեծ թիւով մայրեր գործի աշխարհի մէջ են` նիւթապէս օժանդակելու իրենց տան ծախսերուն: Եթէ նոյնիսկ մայր մը իր զաւակներուն հետ է օրուան մեծ մասը, կարգապահութեան հարցը միայն իր պարտականութիւնը չէ, այլ նաեւ իր ամուսնոյն` զաւակներուն հօրը:
Երրորդ. գիտակից հայրը դաստիարակ մըն է: Զաւակ մը իր դաստիարակութիւնը առնելու է իր տունէն եւ ո՛չ թէ փողոցէն, իր ծնողքէն եւ ո՛չ թէ իր ընկերներէն: Եթէ տունը իրօք առաջին դպրոցն է մանուկին, ծնողք այդ դպրոցին առաջին ուսուցիչներն են: Գիտակից հայր մը իր զաւակներուն լաւ օրինակ ըլլալու է: Իր վարքով ու բարքով, իր կեանքով ու կենցաղով, իր խօսքով ու գործով կոչուած է սորվեցնելու, կրթելու եւ դաստիարակելու իր զաւակները: Իր խօսքէն աւելի` իր կեանքի օրինակը, իր ամէնօրեայ կենցաղավարութիւնը պերճախօս եւ ազդու ուսուցիչ է իր զաւակներուն:
Ըստ կարգ մը մանկավարժներու, մանուկ մը մինչեւ իր երեք տարեկանը իր կրթութեան մեծ մասը ստացած կ՛ըլլայ: Եւ այդ կրթութիւնը առաւելաբար տան մէջ տեղի կ՛ունենայ: Տան հայրը, մօր հետ գործակցաբար, դաստիարակութիւն կը ջամբէ իր մանուկին: Աստուծոյ խօսքը կը պատուիրէ, որ զաւակները կրթուին, դաստիարակուին իրենց մատղաշ տարիքին: Այսպէս կը գրէ առակագիրը. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի երբ ծերանայ, անկէ չշեղի» (Առակաց 22.6):
Ըստ Աստուածաշունչ մատեանին, հայր մը կարեւոր դեր ունի տան մէջ: Անոր պարտականութիւնն է կրօնական դաստիարակութիւն ջամբել իր զաւակներուն: Մովսէսի բերնով Աստուած այսպէս կը յայտարարէ. «Այս խօսքերը, որ այսօր քեզի պատուիրեցի, քու սրտիդ մէջ թող ըլլան. զանոնք կրկնելով` սորվեցուր որդիներուդ. անոնց մասին խօսէ, երբ տունը նստած ես եւ ճամբադ կը քալես, երբ կը պառկիս կամ կ՛ելլես» (Բ. Օրինաց 6.6-7):
Դաստիարակութեան համար երկու կարեւոր վարքագիծեր կան` քաջալերանք եւ յանդիմանութիւն: Այլ խօսքով` վարձատրութիւն եւ պատիժ: Երկուքն ալ անհրաժեշտ են: Ոմանք կը կարծեն, թէ միայն իրենց զաւակները վարձատրելով, քաջալերելով, անոնց հանդէպ ներողամիտ ըլլալով` զանոնք կը դաստիարակեն: Ասոր միւս ծայրայեղութիւնն ալ այն է, որ մարդիկ կ՛աշխատին խստութեամբ եւ ժխտական մօտեցումով դաստիարակել իրենց զաւակները: Այս երկու ներհակ միջոցները հաշտեցնելը ծնողքի մը, կամ հօր մը իմաստութեան կը կարօտի:
Գիտակից հայր մը իր ներշնչումն ու ուղղութիւնը կ՛առնէ իր Երկնաւոր Հօրմէն: Որքան որ Աստուծոյ սէրը զօրանայ իր ներսիդին, այն աստիճան կրնայ ընտիր եւ գիտակից հայր մը ըլլալ եւ կրնայ սիրելի դարձնել զԱստուած` իբրեւ Երկնաւոր Հայր:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ