Որոնել

Onu: Conte, confermo impegno Italia, primi per caschi blu

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը ընդունած է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման փռափուլ բանաձեւ մը

Այս ծրագիրը նախապէս ներկայացուցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: Բանաձեւին թեր քուէարկած են Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ը: Ռուսիան ձեռնպահ մնացած է:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրած է Միացեալ Նահանգներու` Կազայի մէջ զինադադարի փուլային հաստատման ծրագիրի բանաձեւը: Այս ծրագիրը նախապէս ներկայացուցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: Բանաձեւին թեր քուէարկած են Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներէն 14-ը: Ռուսիան ձեռնպահ մնացած է: Այս մասին հաղորդեց «Քոմերսանթ»-ը:

Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումի միջեւ զինադադարի ծրագիրը կը ներառէ երեք փուլ. առաջինը կ՛ենթադրէ երկու կողմէ անյապաղ կրակոցի դադրեցում, անքլաւի բնակեցուած շրջաններէն իսրայէլեան ուժերու դուրսբերում, Համասի զինեալներու կողմէ պատանդներու ազատ արձակում եւ Իսրայէլի մէջ ձերբակալուած պաղեստինցիներու փոխանակում:

Երկրորդ փուլը կը ներառէ մնացեալ պատանդներու ազատ արձակումը եւ իսրայէլեան ուժերու ամբողջական դուրսբերումը Կազայէն: Եթէ երկու կողմերն ալ համաձայն գտնուին, զինադադարը պիտի դառնայ մնայուն:

Երրորդ փուլին, ըստ բանաձեւին, պիտի սկսի Կազայի վերաշինութիւնը: Բանաձեւը նաեւ կը մերժէ Կազայի տարածքային կամ ժողովրդագրական որեւէ փոփոխութիւն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2024, 08:30