Որոնել

US President Joe Biden welcomes the Kansas City Chiefs to the White House to celebrate their championship season and victory in Super Bowl LVIII

Տոհա, Գահիրէ եւ Ուաշինկթըն Համասին եւ Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղեն` կնքելու Պայտընի ճշդած սկզբունքներուն հիմամբ համաձայնութիւն մը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ուրբաթ օր յայտարարած էր. «Իսրայէլ զինադադարի եւ բոլոր պատանդներու ազատ արձակման վերաբերեալ երեք փուլերէ բաղկացած համապարփակ նոր առաջարկ մը ներկայացուց»: Ան նաեւ նշեց. «Իսրայէլեան առաջարկը զինադադարի հաստատման ու պատանդներու ազատ արձակման ճամբու քարտէս է, եւ Քաթարի կողմէ փոխանցուեցաւ Համաս շարժումին»:

Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու ազատ արձակման համար միջնորդներ Քաթարը, Եգիպտոսն ու Միացեալ Նահանգները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Համասին եւ Իսրայէլին կոչ ուղղեցին` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի 31 մայիսին ճշդած սկզբունքները մարմնաւորող համաձայնութիւն մը կնքելու:

«Այդ սկզբունքները բոլոր կողմերուն ալ պահանջները կը միախմբեն գործարքի մը մէջ, որ բազմազան շահերուն կը ծառայէ եւ կրնայ անմիջապէս վերջ տալ Կազայի բոլոր բնակիչներուն երկարատեւ տառապանքին, ինչպէս նաեւ պատանդներուն ու անոնց հարազատներու երկարատեւ տառապանքին», յայտնեցին անոնք` նշելով. «Այս համաձայնութիւնը մնայուն զինադադարի եւ ճգնաժամին վերջ տալու ճամբու քարտէս կը ներկայացնէ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ուրբաթ օր յայտարարած էր. «Իսրայէլ զինադադարի եւ բոլոր պատանդներու ազատ արձակման վերաբերեալ երեք փուլերէ բաղկացած համապարփակ նոր առաջարկ մը ներկայացուց»: Ան նաեւ նշեց. «Իսրայէլեան առաջարկը զինադադարի հաստատման ու պատանդներու ազատ արձակման ճամբու քարտէս է, եւ Քաթարի կողմէ փոխանցուեցաւ Համաս շարժումին»:

Պայտըն Համասը յորդորեց ընդունելու երեք մասէ բաղկացած առաջարկը, որ պիտի սկսի վեցշաբաթեայ զինադուլով, որուն ընթացքին իսրայէլեան ուժերը դուրս պիտի գան Կազայի բնակուած տարածքներէն:

Համաս յայտարարեց, որ առաջարկը «դրական» կը նկատէ:

Պայտըն Սպիտակ տան մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին յայտնեց, որ առաջարկուող ծրագիրին առաջին փուլը պիտի ներառէ լիարժէք եւ ամբողջական զինադադար, բնակուած տարածքներէն իսրայէլեան զօրքերու դուրս բերում եւ իսրայէլացի գերիներու պաղեստինցի գերիներու հետ փոխանակում:

«Ասիկա իսկապէս վճռորոշ պահ է: Համասը կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզէ զինադադար հաստատել: Այս գործարքը կարելիութիւն է` ապացուցելու, թէ արդեօք անոնք իսկապէս ատիկա կ՛ուզեն: Զինադադարը պիտի արտօնէ աւելի շատ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել շրջափակուած տարածք` 600 բեռնակառքերով ամէն օր օգնութիւն տեղափոխելով Կազա», ըսաւ Պայտըն:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուց, որ 2-րդ փուլով պիտի վերադարձուին մնացեալ իսրայէլացի ողջ գերիները, ներառեալ զինուորները: Ըստ անոր, այդ ժամանակ զինադադարը պիտի վերածուի զինուորական գործողութիւններու մնայուն դադրեցման:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հաղորդակցութիւններու խորհրդատու Ճոն Քըրպի «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Կը նախատեսենք, որ եթէ Համաս առաջարկին համաձայն գտնուի, Իսրայէլ պիտի համաձայնի»:

Պայտընի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք Իսրայէլի մէջ անոր առաջարկին շուրջ բուռն վէճ յառաջացաւ: Իսրայէլի վարչապետի արտաքին քաղաքականութեան հարցով աւագ խորհրդական Օվիր Ֆոլք բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ»-ին յայտնեց, որ գոյութիւն ունին խորացման կարօտ մանրամասնութիւններ, որոնց շարքին է այն, որ մնայուն զինադադար պիտի չհաստատուի, մինչեւ որ պատերազմի նպատակները իրագործուին:

Ան Միացեալ Նահանգներու նախագահին արտասանած ճառը նկատեց «քաղաքական, անոր դրդապատճառները հասկնալի չեն թուիր»` աւելցնելով, որ Պայտընի առաջարկածը «անշահաւէտ գործարք» կը նկատուի, սակայն Իսրայէլ զայն ընդունած է, թէեւ գերիները ազատ արձակելու եւ Համասը ոչնչացնելու անոր պայմանները չեն փոխուած:

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ երէկ յայտնեց, որ Նեթանիահուի խորհրդատուին խօսքը կը փաստէ, որ Իսրայէլ իրողապէս ընդունած է առաջարկուած գործարքը` աւելցնելով, որ եթէ Իսրայէլ Պայտընի առաջարկած գործարքէն ետդարձ կատարէ, ատիկա պիտի նշանակէ «առեւանգեալները մահուան դատապարտել եւ Միացեալ Նահանգներուն ու միջնորդներուն հետ վստահութեան տագնապ պիտի ստեղծէ»:

Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ իր կարգին յայտնեց, որ Պայտընի արտասանած խօսքէն ետք, Նեթանիահուին ըսած է, որ գերիներու փոխանակման գործարքի գործադրման համար Նեթանիահուին ու անոր կառավարութեան պիտի աջակցի:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլացի գերիներու ընտանիքները յայտնած են, որ այս առիթը կարելի չէ փախցնել, եւ Նեթանիահուն պէտք է Միացեալ Նահանգներու նախագահի առաջարկին ետին կանգնի եւ անոր աջակցի: 120 հազար իսրայէլացիներ շաբաթ երեկոյեան Թել Աւիւի մէջ ցոյց կատարեցին` պահանջելով ընդունիլ Պայտընի առաջարկը:

Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ցիփի Լիվնի իր կարգին յայտնեց, որ Պայտընի առաջարկը «կատարեալ չէ, սակայն առաջարկուող ընտրանքներուն մէջ լաւագոյնն է»` աւելցնելով. «Պատանդները վերադարձնելը ազգային հարց է», եւ իսրայէլեան հասարակութիւնը պիտի չկարենայ «այդ վէրքին տոկալ, եթէ ատոր պատճառը կառավարութեան մէջ ծայրայեղականներ են»:

Իսրայէլի բնակեցման հարցերու նախարար, ծայրայեղ աջակողմեան Օրիթ Սթրոք յայտնեց, որ «Պատերազմի նպատակներուն հակասող որեւէ առաջարկ անօրինական է»` աւելցնելով, որ Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը քաղաքական որոշումներ տալու իրաւասութիւն չունի, այլ` նախարարաց քաղաքական ու անվտանգութեան հարցերու սեղմ խորհուրդը:

Ծայրայեղ աջակողմեան այլ նախարարներ` ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր եւ ելեւմուտքի նախարար Պեցելել Սմոթրիչ սպառնացին տապալել համախմբական կառավարութիւնը, եթէ Նեթանիահու առանց Համասը ոչնչացնելու պատերազմին վերջ տուող գործարք մը կնքէ:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը նշեց, որ «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնած է, որ Նեթանիահուէն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնելու առաջարկ ստացած է:

«Քանի մը օր առաջ առաջարկ ստացայ վերադառնալու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին, սակայն նոյն ծակէն երկու անգամ չենք խայթուիր», ըսաւ Լիպըրման` աւելցնելով. «Կը նախընտրեմ ընտրութիւններուն սպասել: Զուգահեռաբար իրանցիները դէպի հիւլէական ռումբ կ՛ուղղուին եւ Իսրայէլի դէմ բազմաճակատ յարձակում կը ծրագրեն, մինչ մեր կառավարութիւնը իր քաղաքական վերապրումով զբաղած է»:

Լիպըրման բազմիցս քննադատած է Նեթանիահուն ըսելով. «Իսրայէլեան կառավարութիւնը իր վախճանին հասաւ», եւ «Նեթանիահուէն ձերբազատիլը իսրայէլացիներուն վարձատրութիւն մըն է»:

Էմիրաթական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան եւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Մոհամետ Ալ Թանի երէկ քննարկած են Պայտընի առաջարկը եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնած «դէպի շրջանին մէջ մագլցումի դադրեցում եւ Կազայի բոլոր քաղաքայիններու կեանքերու պաշտպանութեան եւ անոնց տառապանքներուն դադրեցման առաջնորդող բոլոր լուրջ նախաձեռնութիւններուն ու ջանքերուն»:

Միւս կողմէ, Չիլիի նախագահ Կապրիէլ Պորիչ յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է միանալ Միջազգային արդարադատութեան դատարանին մօտ Հարաւային Ափրիկէի` Իսրայէլի դէմ ներկայացուցած դատական հայցին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2024, 08:30