Որոնել

2024.06.12 Sua Santità Aram I

Արամ Ա Կաթողիկոս Վատիկանի աջակցութեան դիմեց Արցախի եւ գերիներու հարցով

Մի քանի շաբաթներ առաջ ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ Պատրիարքին ուղղած իր նամակին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը առաջարկած էր Պատրիարքին միջամտելու Ռուսիոյ նախագահին մօտ

Մի քանի օրեր առաջ, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած իր հանդիպման ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց անցնող շրջանին Արցախի հարցին գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար՝ միաժամանակ խնդրելով, որ նոյն զօրակցութիւնը շարունակուի Արցախի հայութեան միջազգային երաշխաւորութեամբ Արցախ վերադառնալու եւ Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակման գծով: Վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Կարդինալ  Կալլակերին եւ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Կուճերոթիին հետ:

Յայտնենք, որ մի քանի շաբաթներ առաջ ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ Պատրիարքին ուղղած իր նամակին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը առաջարկած էր Պատրիարքին, որուն հետ երկար տարիներու անձնական բարեկամական կապեր ունի, միջամտելու Ռուսիոյ նախագահին մօտ, իր կարգին աշխատանք տանելու Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու մշակութային հարստութեանց ու ժառանգութեանց պահպանման համար:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2024, 10:36