Որոնել

++ Mattarella, 'aggressione Russia spinge unità Europa' ++

ԵԽԽՎ-ն Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` ազատ արձակելու Արցախի բոլոր կալանաւորուած ներկայացուցիչները

Վեհաժողովը յղում կը կատարէ «մարդասիրական կացութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» բանաձեւին եւ համանուն խորհրդատուութեան, ուր խոր ափսոսանք յայտնած է առ այն, որ շրջանի գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութիւնը` աւելի քան 100.600 անձ, ստիպուած եղած է լքել իր նախնեաց հայրենիքն ու փախչիլ Հայաստան, եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է` ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր կալանաւորուած ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները:

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) որդեգրած է «Հայաստանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններու եւ յանձնառութիւններու կատարման մասին բանաձեւը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ յայտնած է ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեան:

Ռուբինեան գրած է. «Բանաձեւը բաւական ընդգրկուն է, կը ներկայացնեմ առաւել հետաքրքրական մասերը.

«Խորհրդարանական վեհաժողովը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի շարունակական յանձնառութիւնը ժողովրդավարական զարգացման նկատմամբ` ի հեճուկս անվտանգային զգալի մարտահրաւէրներուն, եւ կը նշէ, որ միջազգային բարդ միջավայրը դիմակայելով` Հայաստանը շարունակած է բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգ հետապնդել:

«Վեհաժողովը կ՛ողջունէ Հայաստանի կողմէ «Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին» հռչակագիրին կից` «Բոլոր պարագաներուն մէջ մահապատիժի վերացման մասին» թիւ 13 արձանագրութեան, ինչպէս նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը:

«Վեհաժողովը գոհունակութեամբ կը նշէ իշխանութիւններուն կողմէ օրէնսդրական հոլովոյթին մէջ ներառականութեան եւ թափանցիկութեան ապահովումը, ինչ որ յանգեցուցած է Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխման` Վենետիկի յանձնախումբի շարք մը խորհրդատուութիւններուն համաձայն:

«Վեհաժողովը կ՛ողջունէ սեպտեմբեր 2023-ին Երեւան քաղաքի աւագանիի ընտրութիւններուն կատարումը, որ թէեւ տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութեան շուրջ ծայրայեղ լարուածութեան ժամանակաշրջանին մէջ` բայց եւ այնպէս համապատասխանած է Եւրոպական խորհուրդի տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրեսի խորհրդատուութեամբ ամրագրուած ժողովրդավարական չափանիշներուն:

Բանաձեւին մէջ կ՛արձանագրուի, որ 2023 թուականի ընտրութիւնները երրորդ անընդմէջ ընտրութիւններն էին 2018 եւ 2021 թուականներու համապետական ընտրութիւններէն ետք, որոնք միջազգային ընտանիքին կողմէ գնահատուած են իբրեւ խախտումներէ զերծ` ի տարբերութիւն նախորդ շրջանի ընտրութիւններուն:

«Հետեւաբար, վեհաժողովը կը կարծէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մեծ մասամբ հասած են հայ ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող իրապէս ժողովրդավարական ընտրութիւններ կատարելու նպատակին:

«Այնուամենայնիւ, վեհաժողովը ափսոսանք կը յայտնէ, որ ընտրական ոլորտի բարելաւումը չէ յանգեցուցած իշխող մեծամասնութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ առաւել լաւ համագործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի, կը նշէ, որ ընտրական դիտորդական առաքելութիւնները զեկուցած են քաղաքական հակառակորդներու չափէն աւելի բեւեռացուածութեան ու զիրար խարանելու մասին եւ կ՛աւելցնէ, որ փոխադարձ հանդուրժողականութիւնն ու քաղաքական հակառակորդներու օրինականութեան ճանաչումը ժողովրդավարական հասարակութիւններու անհրաժեշտ տարրերն են եւ կ՛ամրացնեն ժողովրդավարական հիմնարկներու օրինականութիւնը:

«Վեհաժողովը բարձր կը գնահատէ դատական համակարգի անկախութեան պահպանման ուղղուած բարեփոխումները եւ գոհունակութեամբ կը նշէ Հայաստանի իշխանութիւններու` Եւրոպական խորհուրդին հետ իրական երկխօսութեան պատրաստակամութիւնն ու շարունակական ջանքերը: Միեւնոյն ժամանակ, ափսոսանք կը յայտնէ, որ տակաւին կայ տարածուած ընկալում, որ դատաւորներու նկատմամբ կարգապահական ընթացակարգերը կը չարաշահուին` անոնց որոշումներուն վրայ ազդելու նպատակով: Ըստ այնմ, կ՛ողջունէ այն, որ արդարադատութեան նախարարը Վենետիկի յանձնախումբէն կարծիք խնդրած է Դատաւորներու ընդհանուր ժողովի բարոյագիտական եւ կարգապահական հարցերու յանձնախումբի բարեփոխման հայեցակարգային փաստաթուղթին վերաբերեալ, որ ցոյց կու տայ այս հարցին մէջ Եւրոպական խորհուրդի մարմիններուն հետ համագործակցելու քաղաքական կամքը:

«Վեհաժողովը դրական կը գնահատէ նաեւ համակարգային փտածութեան դէմ պայքարելու` իշխանութիւններու ցուցաբերած իրական վճռականութիւնը, ինչի վկայութիւնն է փտածութեան դէմ պայքարի երկու մասնագիտացուած մարմիններու եւ դատարաններու ստեղծումը, ոստիկանութեան բարեփոխումը, դատաւորներու, դատախազներու եւ քննչական մարմիններու մէջ ինքնավար պաշտօններ ունեցող անձերու բարեվարքութեան ստուգումներու ներդրումը:

«Վեհաժողովը կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի բռնի տեղահանումէն ետք Հայաստանի մէջ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կազմակերպած որոշ հանրահաւաքներ բռնի բնոյթ ստացած են, երբ ցուցարարները փորձած են բռնի կերպով ներխուժել կառավարական շէնքեր:

«Վեհաժողովը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ այս իրադարձութիւններուն ժամանակ ոստիկանական ուժերուն հետ բախումը չէ յանգեցուցած զոհերու` ի մեծ տարբերութիւն 1 մարտ 2008-ի դէպքերուն, երբ 10 զոհ եղաւ, ինչ որ խստիւ դատապարտուած էր վեհաժողովի 1837 բանաձեւով: Կը յիշատակուի, որ սեպտեմբեր 2023-ին ազրպէյճանական զինեալ ուժերը ներխուժած են Լեռնային Ղարաբաղի` ռուսական խաղաղապահ ուժերու պաշտպանութեան տակ գտնուող հատուած: Վախնալով հետեւանքներէն` բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը քանի մը օրերու ընթացքին փախած է Հայաստան:

«Վեհաժողովը յղում կը կատարէ «մարդասիրական կացութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» բանաձեւին եւ համանուն խորհրդատուութեան, ուր խոր ափսոսանք յայտնած է առ այն, որ շրջանի գրեթէ ամբողջ հայ բնակչութիւնը` աւելի քան 100.600 անձ, ստիպուած եղած է լքել իր նախնեաց հայրենիքն ու փախչիլ Հայաստան, եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է` ազատ արձակելու Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր կալանաւորուած ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիները:

«Վեհաժողովը կը նշէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը շարունակեն ներգրաւուած ըլլալ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններուն մէջ` միջազգային վէճերը խաղաղ ճամբով լուծելու իրենց յանձնառութեան համապատասխան:

«Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` վեհաժողովը լիակատար աջակցութիւն կը յայտնէ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման, գերիշխանութեան յարգման, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ ուժի չկիրարկման սկզբունքներուն վրայ հիմնուած խաղաղ հոլովոյթին:

«Վեհաժողովը կ՛ողջունէ նաեւ սահմաններու սահմանազատման մեկնարկը` հիմնուած Ալմա Աթայի 1991 թուականի հռչակագիրին վրայ` ակնկալելով, որ այս հոլովոյթը պիտի շարունակուի ամբողջ սահմանի երկայնքին:

«Վեհաժողովը բարձր կը գնահատէ գերիշխանութեան, ազգային իրաւասութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ ընդունուած մօտեցումը:

«Այս ծիրին մէջ վեհաժողովը կ՛ողջունէ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը, որ կրնայ նպաստել շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան»:

 

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2024, 07:59